-
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւններ սկսիլԹագաւորութեան ծառայութիւն (2006) | Յունուար
-
-
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւններ սկսիլ
Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատել, որպէսզի զայն վարելով ուրախանանք։ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ խորագրով նոր գիրքը կրնայ մեզի օգնել։ Էջ 3-7–ի վրայ գտնուող յառաջաբանին միջոցով կրնանք տանտիրոջ հետ աստուածաշնչական խօսակցութիւն ունենալ։ Նոյնիսկ ծառայութեան մէջ սահմանափակ փորձառութիւն ունեցողները զայն դիւրաւ պիտի գործածեն՝ ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։
◼ Էջ 3–ը գործածելով՝ կրնաս սա մօտեցումը փորձել.
Թաղամասիդ մէջ գտնուող մարդոց միտքը զբաղեցնող լուր մը կամ խնդիր մը նշելէ ետք, տանտիրոջ ուշադրութեան յանձնէ 3–րդ էջի սեւատիպ հարցումները, եւ խնդրէ որ մեկնաբանէ։ Ապա բաց 4-5–րդ էջերը։
◼ Կամ թերեւս նախընտրես սկսիլ՝ 4-5–րդ էջերը ուշագրաւ դարձնելով.
Կրնաս ըսել. «Հոյակապ չէ՞ր ըլլար եթէ այս նկարագրուած փոփոխութիւնները իրապէս տեղի ունենային»։ Կամ՝ թերեւս հարցնես. «Այս խոստումներէն ո՞ր մէկը կը փափաքիս որ կատարուի»։ Ուշի–ուշով անոր պատասխանը մտիկ ըրէ։
Եթէ տանտէրը յատկապէս հետաքրքրուի համարով մը, անոր ցոյց տուր թէ Աստուածաշունչը այդ նիւթին մասին ի՛նչ կը սորվեցնէ, նկատի առնելով գիրքին այն պարբերութիւնները որ համարը կը քննարկեն։ (Տես այս էջին շրջանակը։) Նիւթը նկատի առ ճիշդ ինչպէս պիտի ընէիր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ընթացքին։ Ասիկա կարելի է ընել դրան առջեւ՝ առաջին հանդիպումին, 5-10 վայրկեան տրամադրելով։
◼ Ուրիշ մօտեցում մըն է՝ 6–րդ էջը գործածելով անհատին կարծիքը առնել.
Տանտիրոջ ուշադրութիւնը հրաւիրէ էջին վարը գտնուող հարցումներուն վրայ եւ հարցուր. «Բնաւ մտածա՞ծ ես այս հարցումներէն մէկուն մասին»։ Եթէ ան որոշ հարցումով հետաքրքրուի, բաց գիրքին այն պարբերութիւնները որ հարցումին կը պատասխանեն։ (Տես այս էջին շրջանակը։) Մինչ միասնաբար տեղեկութիւնները նկատի կ’առնէք, արդէն սկսած ես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։
◼ Էջ 7–ն գործածելով կրնաս ճամբան հարթել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ցուցադրութեան.
Կարդա՛ էջին առաջին երեք նախադասութիւնները, ապա 3–րդ գլուխը բաց եւ ուսումնասիրութիւնը ցուցադրէ, գործածելով 1-3–րդ պարբերութիւնները։ Կարգադրէ վերադառնալ, 3–րդ պարբերութեան հարցումներուն պատասխանները նկատի առնելու համար։
◼ Ի՛նչպէս վերայցելելը կարգադրել.
Երբ առաջին ուսումնասիրութիւնը պիտի եզրափակես, կարգադրէ որ քննարկումը շարունակես։ Պարզապէս կրնաս ըսել. «Միայն քանի մը վայրկեան յատկացնելով, տեղեկացանք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ կարեւոր նիւթի մը շուրջ։ Յաջորդ անգամ, կրնանք նկատի առնել [նշէ հարցում մը]։ Կրնա՞մ յառաջիկայ շաբաթ նոյն ժամուն այցելել»։
Մինչ Եհովայի որոշած ժամանակին աւելի կը մօտենանք, ան կը շարունակէ մեզ զինել կատարուելիք գործին համար։ (Մատթ. 28։19, 20. Բ. Տիմ. 3։17) Թող այս սքանչելի նոր գործիքը ազդուօրէն գործածենք՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։
-
-
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ի՛նչպէս ներկայացնելԹագաւորութեան ծառայութիւն (2006) | Յունուար
-
-
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ի՛նչպէս ներկայացնել
Այս յաւելուածականը կը բովանդակէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնելու զանազան թելադրութիւններ։ Ազդու ըլլալու համար, զանոնք բառերովդ ըսէ, մօտեցումդ յարմարցուր թաղամասիդ մէջ գտնուող մարդոց, եւ գիրքին բովանդակած խօսակցական կէտերուն քաջածանօթ եղիր։ Կրնաս նաեւ գործածել թաղամասիդ գործնական եղող այլ ներկայացումներ։—Տես Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը, էջ 8։
Աղօթք
◼ «Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ Աստուած ի՛նչպէս կը պատասխանէ աղօթքներուն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Ա. Յովհաննու 5։14, 15 եւ էջ 170-172–ի վրայ՝ պարբերութիւն 16-18։] Այս գլուխը նաեւ կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ պէտք է աղօթենք եւ ի՛նչ պէտք է ընենք՝ որպէսզի մեզի լսէ»։
Աստուածաշունչ
◼ «Յաճախ մարդիկ Աստուածաշունչին կ’ակնարկեն որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ մարդոց կողմէ գրուած գիրք մը ի՛նչպէս կրնայ իրաւացիօրէն Աստուծոյ Խօսքը կոչուիլ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։21 եւ էջ 19-20–ի վրայ՝ պարբերութիւն 5։] Այս գիրքը Աստուածաշունչին պատասխանները կու տայ սա հարցումներուն»։ Էջ 6–ի վրայ գտնուող հարցումները ցոյց տուր։
◼ «Ներկայիս, որեւէ ժամանակէ աւելի, շատ տեղեկութիւններ մատչելի են մարդոց։ Քու կարծիքով, ո՞ւր կրնանք ողջամիտ խրատներ գտնել, որոնք կրնան մեզի օգնել երջանիկ ու յաջող կեանք վարելու։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17 եւ էջ 23–ի վրայ՝ պարբերութիւն 12։] Այս գիրքը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Աստուած հաճեցնող եւ մեզի օգտակար եղող կենցաղ մը վարել»։ Ցոյց տուր էջ 122-123–ի վրայ գտնուող ցուցակն ու պատկերը։
Արմագեդոն
◼ «Շատ մը մարդիկ երբ ‘Արմագեդոն’ բառը կը լսեն, զանգուածային կործանումի մասին կը խորհին։ Արդեօք քեզի համար անակնկա՞լ մըն է գիտնալ թէ Արմագեդոնը բան մըն է, որուն անձկագին կը սպասենք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յայտնութիւն 16։14, 16–ը։] Նկատէ թէ Արմագեդոնէն ետք կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլայ»։ Բաց էջ 82-84, եւ կարդա՛ պարբերութիւն 21։
Բնակարան
◼ «Շատ մը երկիրներու մէջ, դիւրամատչելի ու պատշաճ բնակարան մը գտնելը շատ դժուար դարձած է։ Կը խորհի՞ս թէ օրին մէկը իւրաքանչիւր անհատի համար յարմար բնակարան պիտի ըլլայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եսայեայ 65։21, 22 եւ էջ 34–ի վրայ՝ պարբերութիւն 20։] Այս գիրքը կը բացատրէ թէ Աստուծոյ այս խոստումը ի՛նչպէս պիտի կատարուի»։
Եհովա Աստուած
◼ «Աստուծոյ հաւատք ընծայողներէն շատեր կը փափաքին իրեն աւելի մօտենալ։ Գիտէի՞ր թէ Աստուածաշունչը մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն մօտենանք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յակոբու 4։8ա եւ էջ 16–ի վրայ՝ պարբերութիւն 20։] Այս գիրքը պատրաստուած է մարդոց օգնելու որ Աստուծոյ մասին աւելին սորվին, գործածելով իրենց Աստուածաշունչը»։ Էջ 8–ի վրայ գտնուող բացման հարցումները ցոյց տուր։
◼ «Շատեր կ’աղօթեն որ Աստուծոյ անունը սրբացուի։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ ի՛նչ է Աստուծոյ անունը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Սաղմոս 83։18 եւ էջ 195–ի վրայ՝ պարբերութիւն 2-3։] Այս գիրքը կը բացատրէ թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովա Աստուծոյ եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին»։
Ընտանիք
◼ «Բոլորս հետաքրքրուած ենք ընտանեկան երջանիկ կեանք ունենալով։ Չե՞ս համաձայնիր։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը նշէ թէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ կրնայ բան մը ընել, ընտանեկան ուրախութեան նպաստելու համար,– Աստուած ընդօրինակելով սէր ցոյց տալ»։ Կարդա՛ Եփեսացիս 5։1, 2 եւ էջ 135–ի վրայ՝ պարբերութիւն 4։
Կրօնք
◼ «Շատեր սկսած են աշխարհի կրօնքները նկատել մարդկութեան խնդիրներուն մէկ պատճառը, քան՝ լուծումը։ Կը խորհի՞ս թէ կրօնքը շիտակ ուղղութեամբ մարդիկը կ’առաջնորդէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Մատթէոս 7։13, 14 եւ էջ 145-146–ի վրայ՝ պարբերութիւն 5։] Այս գլուխը կը ներկայացնէ վեց յատկանշական երեսակներ, որոնք մեզի կ’օգնեն Աստուծոյ հաճած պաշտամունքը բնորոշելու»։ Էջ 147–ի վրայ գտնուող ցանկը ցոյց տուր։
Մահ/Յարութիւն
◼ «Շատեր հարց կու տան թէ մահուան ատեն ի՛նչ կը պատահի։ Կը խորհի՞ս թէ կարելի է ասոր պատասխանը գիտնալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Ժողովողի 9։5 եւ էջ 58-59–ի վրայ՝ պարբերութիւն 5-6։] Այս գիրքը նաեւ կը բացատրէ թէ յարութեան մասին Աստուածաշունչի խոստումը ի՛նչպէս պիտի օգտէ ննջեցեալներուն»։ Էջ 75–ի պատկերը ցոյց տուր։
◼ «Երբ սիրելի մը մահանայ, բնական է որ ուզենք զինք դարձեալ տեսնել։ Չե՞ս համաձայնիր։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Յարութեան մասին Աստուածաշունչի խոստումը շատերը մխիթարած է։ [Կարդա՛ Յովհաննու 5։28, 29 եւ էջ 71-72–ի վրայ՝ պարբերութիւն 16-17։] Այս գլուխը նաեւ կը պատասխանէ սա հարցումներուն»։ Էջ 66–ի վրայ գտնուող բացման հարցումները ցոյց տուր։
Յաւիտենական կեանք
◼ «Շատեր կը փափաքին լաւ առողջութիւն եւ երկար կեանք ունենալ։ Բայց եթէ կարելի ըլլար, պիտի ուզէի՞ր յաւիտեան ապրիլ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4 եւ էջ 54–ի վրայ՝ պարբերութիւն 17։] Այս գիրքը նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել, եւ կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլայ երբ այս խոստումը իրականանայ»։
Յիսուս Քրիստոս
◼ «Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ Յիսուս Քրիստոսի մասին լսած են։ Ոմանք կ’ըսեն թէ ան պարզապէս ուշագրաւ մարդ մըն էր։ Իսկ ուրիշներ զինք կը պաշտեն որպէս Ամենակալ Աստուած։ Կը խորհի՞ս որ կարեւոր է թէ Յիսուս Քրիստոսի մասին ի՛նչ կը հաւատանք»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յովհաննու 17։3 եւ էջ 37-38–ի վրայ՝ պարբերութիւն 3։ Ուշադրութեան յանձնէ գլուխին խորագրին ներքեւ գտնուող բացման հարցումները։
Ողբերգութիւն/Տառապանք
◼ «Երբ ողբերգութիւն մը տեղի ունենայ, շատեր հարց կու տան թէ Աստուած իրապէս մարդիկը կը հոգա՞յ եւ անոնց տառապանքը կը տեսնէ՞։ Բնաւ ասոր մասին հարց տուա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։7 եւ էջ 11–ի վրայ՝ պարբերութիւն 11։] Այս գիրքը կը բացատրէ թէ Աստուած մարդկութեան տառապանքը ի՛նչպէս բոլորովին պիտի չքացնէ»։ Էջ 106–ի վրայ գտնուող բացման հարցումները ցոյց տուր։
Պատերազմ/Խաղաղութիւն
◼ «Մարդիկ ամէնուրեք խաղաղութեան կը տենչան։ Կը խորհի՞ս թէ երկրի վրայ խաղաղութիւն տիրելը լոկ երազ մըն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Սաղմոս 46։8, 9–ը։] Այս գիրքը նկատի կ’առնէ թէ Աստուած ի՛նչպէս իր նպատակը պիտի կատարէ եւ աշխարհածաւալ խաղաղութիւն պիտի բերէ»։ Էջ 35–ի պատկերը ցոյց տուր եւ նկատի առ էջ 33-34, պարբերութիւն 17-21։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Նուիրատուութեան կարգադրութիւնը նշելու կերպեր
«Եթէ կը փափաքիս մեր համաշխարհային գործին ի նպաստ հիմա փոքր նուիրատուութիւն մը ընել, սիրով կ’ընդունիմ զայն»։
«Թէեւ մեր հրատարակութիւնները ձրիօրէն կը ներկայացնենք, սակայն մեր համաշխարհային գործին համար համեստ նուիրատուութիւններ կ’ընդունինք»։
«Թերեւս հարց տաս թէ այս գործունէութեան ծախսերը ի՛նչպէս կը ծածկուին։ Մեր համաշխարհային գործը կամաւոր նուիրատուութիւններով կ’ընթանայ։ Եթէ կը փափաքիս հիմա փոքր նուիրատուութիւն մը ընել, սիրով կ’ընդունիմ զայն»։
-
-
(1) Հարցում, (2) համար, եւ (3) գլուխԹագաւորութեան ծառայութիւն (2006) | Յունուար
-
-
(1) Հարցում, (2) համար, եւ (3) գլուխ
Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնելու պարզ կերպ մըն է՝ (1) տեսակէտը արտայայտելու մղող հարցում մը ուղղէ, (2) յարմար համար մը կարդա՛, եւ (3) ուշադրութեան յանձնէ նիւթը նկատի առնող գլուխը, կարդալով խորագրին ներքեւ գտնուող բացման հարցումները։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, կրնաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ցուցադրել, գործածելով այդ գլուխին բացման պարբերութիւնները։ Այս մօտեցումը կրնայ գործածուիլ ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար՝ առաջին հանդիպումին կամ վերայցելութեան ընթացքին։
◼ «Կը խորհի՞ս թէ մարդոց համար կարելի է ամենակալ Ստեղծիչը ճանչնալ, ինչպէս Աստուածաշունչը կը նշէ»։ Կարդա՛ Գործք Առաքելոց 17։26, 27–ն եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ առաջին գլուխը։
◼ «Մեր դիմագրաւած խնդիրներուն ի տես, կը խորհի՞ս թէ կարելի է հոս նկարագրուած մխիթարութիւնն ու յոյսը գտնել»։ Կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։4–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 2–րդ գլուխը։
◼ «Եթէ հարկ եղած կարողութիւնը ունենայիր, հետեւեալ փոփոխութիւնները յառաջ կը բերէի՞ր»։ Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։4–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 3–րդ գլուխը։
◼ «Կը խորհի՞ս թէ մեր զաւակները օրին մէկը պիտի կարենան այս հին երգեցողութեան մէջ նկարագրուած վիճակները վայելել»։ Կարդա՛ Սաղմոս 37։10, 11–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 3–րդ գլուխը։
◼ «Կը խորհի՞ս թէ պիտի գայ օր մը, երբ սա խօսքը պիտի իրականանայ»։ Կարդա՛ Եսայեայ 33։24–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 3–րդ գլուխը։
◼ «Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ արդեօք մեռելները գիտե՞ն թէ ողջերը ինչ կ’ընեն»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Ժողովողի 9։5–ը եւ ուշադրութեան յանձնէ 6–րդ գլուխը։
◼ «Կը խորհի՞ս թէ կարելի է որ օրին մէկը մեր սիրելի ննջեցեալները դարձեալ տեսնենք, ինչպէս Յիսուս այս համարներուն մէջ նշեց»։ Կարդա՛ Յովհաննու 5։28, 29–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 7–րդ գլուխը։
◼ «Քու կարծիքով, ի՞նչ կը պահանջուի որպէսզի Աստուծոյ կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ, ինչպէս այս հանրածանօթ աղօթքը կը նշէ»։ Կարդա՛ Մատթէոս 6։9, 10–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 8–րդ գլուխը։
◼ «Կը խորհի՞ս թէ այս մարգարէութեան նկարագրած ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք»։ Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-4–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 9–րդ գլուխը։
◼ «Շատեր հարց կու տան թէ մարդկութեան խնդիրները ինչո՞ւ կը վատթարանան։ Բնաւ խորհա՞ծ ես հետեւեալ կարելիութեան մասին»։ Կարդա՛ Յայտնութիւն 12։9–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 10–րդ գլուխը։
◼ «Բնաւ ուզա՞ծ ես ասոր նման հարցումի մը պատասխանը գիտնալ»։ Կարդա՛ Յոբայ 21։7–ն եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 11–րդ գլուխը։
◼ «Կը խորհի՞ս թէ Աստուածաշունչի սա խրատը կիրարկելը մարդոց պիտի օգնէ երջանիկ ընտանեկան կեանք մը վայելելու»։ Կարդա՛ Եփեսացիս 5։33–ը եւ թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ 14–րդ գլուխը։
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կարելի է տեղեկագրել, եթէ ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ցուցադրելէ ետք երկու անգամ վարուի ու թուի թէ պիտի շարունակուի։
-