Աստուած այսպէ՞ս նպատակադրած էր
ԵՐԲ որեւէ լրագիր կարդանք, հեռատեսիլ դիտենք կամ ձայնասփիւռ ունկնդրենք, կը հանդիպինք ոճիրի, պատերազմի ու ահաբեկչութեան շուրջ բազմաթիւ լուրերու։ Իսկ պահ մը խորհէ խնդիրներուդ մասին։ Թերեւս հիւանդութիւն մը կամ սիրելիի մը մահը խոր վիշտ կը պատճառէ քեզի։ Հաւանաբար զգաս բարի մարդուն՝ Յոբի նման, որ ըսաւ թէ ինք «թշուառութեան» մէջ ընկղմած էր (Յոբ 10։15)։
Դուն քեզի հարց տուր.
Աստուած այսպէ՞ս նպատակադրած էր ինծի ու մնացեալ մարդկութեան համար։
Խնդիրներուս հետ գլուխ ելլելու համար, ո՞ւր կրնամ օգնութիւն գտնել։
Երբեք յոյս կա՞յ որ օրին մէկը երկրի վրայ խաղաղութիւն վայելենք։
Աստուածաշունչը այս հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ կը հայթայթէ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ։
«Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։4)
«Կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ» (Եսայի 35։6)
«Կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին» (Եսայի 35։5)
«Բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները. . . դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29)
«Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24)
«Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ» (Սաղմոս 72։16)
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾ ԲԱՆԵՐԷՆ ՕԳՏՈՒԷ՛
Նախորդ էջերուն մէջ ներկայացուած խոստումները արագօրէն մի՛ մերժեր որպէս անիրապաշտ բաներ։ Աստուած խոստացած է զանոնք իրականացնել, եւ Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ ան ինչպէ՛ս պիտի ընէ ասիկա։
Սակայն Աստուածաշունչը ասկէ աւելին կ’ընէ։ Անիկա հիմա իսկ իրապէս գոհացուցիչ կեանք մը վայելելու միջոցը կը հայթայթէ։ Պահ մը մտածէ քո՛ւ մտահոգութիւններուդ ու խնդիրներուդ մասին։ Թերեւս ունիս դրամական նեղութիւն, ընտանեկան խնդիրներ, վատ առողջութիւն, կամ՝ մահը սիրելիներէդ մէկը խլած է։ Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել ներկայ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլելու, նաեւ քեզ հանգստացնել՝ պատասխանելով հետեւեալին նման հարցումներու.
Ինչո՞ւ կը տառապինք։
Ինչպէ՞ս կրնանք կեանքի հոգերուն հետ գլուխ ելլել։
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ընտանեկան կեանքը աւելի ուրախ դարձնել։
Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։
Մեր մահացած սիրելիները դարձեալ պիտի տեսնե՞նք արդեօք։
Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած ապագայի նկատմամբ իր խոստումները պիտի կատարէ։
Այս գիրքը կարդալով դուն ցոյց կու տաս որ կ’ուզես գիտնալ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Այս գիրքը վստահաբար պիտի օգնէ քեզի։ Նկատէ թէ պարբերութիւնները իրենց համապատասխան հարցումները ունին էջին վարը։ Միլիոնաւոր անհատներ, Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու ընթացքին, հարց–պատասխան մեթոտը գործածելը հաճելի գտած են։ Կը յուսանք որ դուն ալ զայն հաճելի գտնես։ Թող որ Աստուած քեզ օրհնէ, մինչ Աստուածաշունչի իրապէս սորվեցուցած բաները գիտնալու ոգեւորիչ ու գոհացուցիչ փորձառութիւնը կը վայելես։