‘Այս աւետարանը պիտի քարոզուի’
1. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ ոչինչ կրնայ քարոզչութիւնը կասեցնել։
1 Ոչինչ կրնայ Եհովան ետ պահել իր կամքը կատարելէ (Եսա. 14։24)։ Գեդէօն դատաւորին եւ իր 300 մարդոց դժուար թուեցաւ 135,000 մադիանացիներէ բաղկացած բանակին յաղթելը, բայց Եհովա Գեդէօնի ըսաւ. «Իսրայէլը Մադիանացիներուն ձեռքէն [պիտի] ազատես։ Չէ՞ որ ես քեզ ղրկեցի» (Դատ. 6։14)։ Ներկայիս ո՞ր գործը Եհովայի զօրակցութիւնը կը վայելէ։ Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատ. 24։14)։ Ո՛չ ոք պիտի կարենայ այս գործը կասեցնել։
2. Ինչո՞ւ կրնանք Եհովայէ ակնկալել, որ մեզի անհատապէս օգնէ ծառայութեան մէջ։
2 Եհովա մեզի անհատապէս կ’օգնէ։ Մինչ կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա իր Վկաներուն խմբովին յաջողութիւն պիտի տայ, կրնա՞նք ակնկալել որ մեզի անհատապէս օգնէ։ Նեղութեան ժամանակ, Պօղոս առաքեալ Եհովայի անհատական աջակցութիւնը զգաց, Իր Որդիին՝ Յիսուսի միջոցաւ (Բ. Տիմ. 4։17)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովա նոյնպէս իր կամքը կատարելու մեր անհատական ջանքերը պիտի օրհնէ (Ա. Յովհ. 5։14)։
3. Եհովա ի՞նչ պարագաներու մէջ մեզի կ’օգնէ։
3 Կեանքի առօրեայ հոգերը պատճառ կ’ըլլա՞ն, որ ծառայութեան կորովդ նուազի։ «Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը» (Եսա. 40։29-31)։ Հալածանք կամ հակառակութիւն կը դիմագրաւե՞ս։ «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ» (Սաղ. 55։22)։ Երբեմն ինքնավստահութեան պակաս կը զգա՞ս։ «Գնա՛ հիմա ու ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ» (Ել. 4։11, 12)։ Առողջապահական խնդիրներ ունի՞ս, որոնք ծառայութեան մէջ մասնակցութիւնդ կը սահմանափակեն։ Եհովա բոլորանուէր ջանքերդ կ’արժեւորէ եւ կրնայ զանոնք գործածել, ո՛րքան ալ փոքր ըլլան (Ա. Կոր. 3։6, 9)։
4. Եհովայի հանդէպ վստահութիւն ունենալը ինչպէ՞ս մեզի պիտի ազդէ։
4 Եհովայի ձեռքը «երկնցած է, ո՞վ կրնայ զանիկա ետ դարձնել» (Եսա. 14։27)։ Վստահ ըլլալով որ Եհովայի օրհնութիւնը մեր ծառայութեան վրայ է, առանց դանդաղելու շարունակենք ‘համարձակ քարոզել Տէրոջմով’ (Գործք 14։3)։