Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/10 էջ 1
  • Զայն ամէն առիթով գործածէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զայն ամէն առիթով գործածէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ուսումնասիրութիւններ Սկսելու Համար Նոր Գործիք մը Ունինք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Ներկայացումի նմոյշներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Մեր կայքը ծանուցանող նոր թերթիկը գործածէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Թերթիկի մասնայատուկ արշաւ՝ հոկտեմբեր 20–նոյեմբեր 16
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 12/10 էջ 1

Զայն ամէն առիթով գործածէ

1. Ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը օգտակար է ի՞նչ ընելու։

1 Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը ծրագրուած է մեզի օգնելու, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսինք։ Սակայն անիկա նաեւ ազդու գործիք մըն է, զոր կրնանք գործածել ճշմարտութեան սերմերը ցրուելու համար (Ժող. 11։6)։ Ահաւասիկ կարգ մը թելադրութիւններ մեզի օգնելու, որ զայն լաւ կերպով գործածենք։

2. Ինչպէ՞ս կրնանք թերթիկը գործածել՝ խօսակցութիւն մը սկսելու համար։

2 Խօսակցութիւն մը սկսելու համար։ Կրնաս թերթիկը տանտիրոջ տալ, կողքին վրայ գտնուող վեց հարցումները մատնանշել եւ հարցնել. «Այս հարցումներէն ո՞ր մէկը քու մտքէդ անցած է»։ Իր պատասխանը լսելէ ետք, թերթիկէն նկատի առ Աստուածաշունչի պատասխանը տանտիրոջ հարցումներէն մէկուն, եւ նշուած համար մը կարդա՛։ Ետեւի էջը կարդա՛ կամ ամփոփէ, եւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը առաջարկէ։ Նոյնիսկ եթէ գիրքը չընդունի, ան արդէն ստացած է թերթիկը, որ կրնայ կարելի դարձնել, որ ճշմարտութիւնը անոր սրտին մէջ արմատ նետէ (Մատ. 13։23)։

3. Եթէ տանտէրը զբաղած է, ի՞նչ կրնանք ընել։

3 Եթէ տանտէրը զբաղած է։ Կրնաս ըսել. «Որովհետեւ ժամանակը անյարմար է, թոյլ տուր որ քեզի այս թերթիկը տամ։ Ասիկա մեր մեծամասնութեան կողմէ յարուցուած վեց հիմնական հարցումներ կը նշէ, եւ իւրաքանչիւրին ուղղակի կը պատասխանէ Աստուածաշունչէն։ Երբ դարձեալ քեզ տեսնեմ, կ’ուզեմ կարծիքդ առնել»։

4. Ի՞նչ կրնանք ըսել, երբ փողոցի քարոզչութեան ընթացքին թերթիկը կ’առաջարկենք։

4 Երբ փողոցի քարոզչութեան կը մասնակցինք։ Կրնաս ըսել. «Բարեւ։ Երբեք այս հարցումներէն մէկը ուղղա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ գտնուող յստակ ու գոհացուցիչ պատասխանները ցոյց կու տայ»։ Եթէ անհատը չ’աճապարեր, թերեւս կարենաս թերթիկին պատասխաններէն մէկը քննարկել, եւ նոյնիսկ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը առաջարկել։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք թերթիկը ատեն–ատեն գործածել տունը չեղողներուն համար։

5 Տունը չեղողներուն համար։ Կարգ մը թաղամասերու մէջ, հրատարակիչներ տունը չեղողներուն սովորաբար հրատարակութիւններ կը ձգեն, աչքի չզարնող տեղ մը դնելով։ Եթէ ժողովքիդ մէջ ասիկա ընելը սովորական է, ինչո՞ւ ատեն–ատեն Ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը չձգես։ Երբ վերադառնաս, կրնաս ըսել. «Երբ նախապէս քեզի այցելեցինք, տունը չէիր. ուստի դրանդ առջեւ այս թերթիկը ձգեցինք։ Այս հարցումներէն ո՞ր մէկուն պատասխանը կ’ուզես ստանալ»։

6. Ի՞նչ բան Ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը քարոզչութեան ազդու գործիք մը կը դարձնէ։

6 Ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը պարզ եւ ուղղակի կերպով կը ներկայացնէ ճշմարտութիւնը։ Անիկա ամէն կրօնքի եւ մշակոյթի պատկանողներուն գրաւիչ է։ Զայն ներկայացնելը դիւրին է. նոյնիսկ դեռատի եւ նորեկ հրատարակիչները կրնան զայն տեղաւորել։ Զայն ամէն յարմար առիթով կը գործածե՞ս։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել