Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/12 էջ 1
  • Իմաստութեամբ կռփահարէ՛

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իմաստութեամբ կռփահարէ՛
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կրնա՞ս օգտուիլ անձնական թաղամաս ունենալէն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Անձնական թաղամաս ունի՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ձեր Ծառայութեան Մէջ Ազդու Եղէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Պատրա՞ստ ես մարդոց որսորդ ըլլալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
թծ 1/12 էջ 1

Իմաստութեամբ կռփահարէ՛

1. Ա. Կորնթացիս 9։26–ը ծառայութեան մէջ ինչպէ՞ս կը կիրարկուի։

1 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով» (Ա. Կոր. 9։26)։ Ան Եհովային աւելի լաւ կերպով ծառայելու նպատակակէտեր հետապնդելու իր կեդրոնացումին կ’ակնարկէր։ Բայց սկզբունքով, այս խօսքերը կարելի է ծառայութեան ալ կիրարկել։ Կ’ուզենք իմաստութեամբ կռփահարել կամ ջանքեր թափել, որպէսզի մեծագոյն բարիքը իրագործենք։ Ինչպէ՞ս։

2. Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսը եւ առաջին դարու աւետարանիչները ընդօրինակել, երբ կ’որոշենք ե՛րբ եւ ո՛ւր քարոզել։

2 Գնա՛ հո՛ն ուր մարդիկ կան։ Պօղոս եւ առաջին դարու ուրիշ աւետարանիչներ քարոզեցին հո՛ն, ուր ակնկալեցին մարդիկ գտնել (Գործք 5։42. 16։13. 17։17)։ Ուստի, եթէ մեր թաղամասերուն մէջ եղող անհատներէն շատեր իրիկունը իրենց տուները կ’ըլլան, այդ պահը կրնայ տունէ–տուն ծառայելու լաւագոյն ժամանակը ըլլալ։ Առտու կանուխ եւ ուշ կէսօրէ ետք, տեղական փոխադրամիջոցներու կայարանը մարդոցմով խճողուա՞ծ է, մինչ անոնք գործի կ’երթան կամ տուն կը վերադառնան։ Թաղամասին մէջ առեւտրական շրջանները ե՞րբ մարդոցմով կը վխտան։ Փողոցի վկայութիւնը այդ ժամերուն կրնայ շա՜տ արդիւնաբեր ըլլալ։

3. Մեր թաղամասը ծածկելու նկատմամբ, ինչպէ՞ս կրնանք իմաստութեամբ կռփահարել։

3 Թաղամասը իմաստութեամբ ծածկէ։ Իմաստութեամբ կռփահարելու համար, նաեւ պէտք է ուշադիր ըլլանք թէ ի՛նչ կերպով մեր թաղամասը կը ծածկենք։ Օրինակ, փոխանակ հսկայ խումբ մը նոյն շրջանը ուղղելու, ուր զայն կազմակերպուած եւ զբաղած պահելու համար շատ ժամանակ եւ ջանք պիտի պահանջուի, աւելի լաւ կրնայ ըլլալ խումբը բաժնել։ Նմանապէս, երբ գիւղական թաղամասի մէջ կ’աշխատինք, աւելի արագ կերպով զայն պիտի ծածկենք եւ խօսելու աւելի պատեհութիւններ պիտի ունենանք, եթէ ինքնաշարժի խումբերը շատ մեծ չեն։ Կրնա՞նք մեր տան մօտ թաղամաս մը առնել, ինչ որ երթեւեկի ժամանակը պիտի նուազեցնէ։

4. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ըլլանք յաջողակ «որսորդ»ներ։

4 Յիսուս աւետարանիչները «մարդոց որսորդ»ի նմանցուց (Մար. 1։17)։ Ձկնորսին նպատակը կ’ըլլայ ոչ թէ պարզապէս ուռկանը ջուրը նետել, այլ՝ ձուկ որսալ։ Հետեւաբար, յաջողակ ձկնորսներ յարմար ժամանակին կ’երթան այն շրջանները, ուր կ’ակնկալեն ձուկ գտնել եւ անյապաղ ձկնորսութեան կը սկսին։ Արդարեւ, անոնք իրենց ջանքերը իմաստութեամբ կ’ուղղեն։ Թող որ ծառայութեան մէջ համանման ջանասիրութիւն ցոյց տանք (Եբ. 6։11)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել