-
Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքըՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը
Աստուած կ’ուզէ որ դրախտային երկրի վրայ խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ յաւիտեա՛ն ապրինք։
Սակայն, թերեւս խորհիս. ‘Արդեօք կարելի՞ է որ այսպիսի բան մը պատահի’։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս մէկը կարելի պիտի դարձնէ, եւ Աստուծոյ կամքն է որ ամէն մարդ այդ Թագաւորութեան մասին եւ մարդկութեան վերաբերեալ Իր նպատակին մասին սորվի (Սաղմոս 37։11, 29. Եսայի 9։7)։
Աստուած կ’ուզէ որ մեր անձին օգուտ բերենք։
Ճիշդ ինչպէս որ բարի հայր մը իր զաւակներուն համար լաւագոյնը կը մաղթէ, մեր երկնաւոր Հայրը կը փափաքի որ յաւերժական երջանկութիւն վայելենք (Եսայի 48։17, 18)։ Ան խոստացած է, թէ «ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհաննէս 2։17)։
Աստուած կ’ուզէ որ իր ճամբաներուն մէջ քալենք։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ մեր Ստեղծիչը կ’ուզէ ‘իր ճամբաները մեզի սորվեցնել’, որպէսզի իր «շաւիղներուն մէջ քալենք» (Եսայի 2։2, 3)։ Ան ‘իր անուանը համար ժողովուրդ մը’ կազմակերպած է, որպէսզի համայն աշխարհի մէջ իր կամքը գիտցնէ (Գործք 15։14)։
Աստուած կ’ուզէ որ իր պաշտամունքին մէջ միանանք։
Եհովայի մաքուր պաշտամունքը ոչ թէ մարդիկը կը բաժնէ, այլ՝ հարազատ սիրով կը միացնէ (Յովհաննէս 13։35)։ Որո՞նք ներկայիս ամէն տեղ տղամարդոց եւ կիներուն կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս միութեամբ Աստուծոյ ծառայել։ Կը հրաւիրենք քեզ որ այս գրքոյկին միջոցաւ պատասխանը գտնես։
-
-
Ինչպիսի՞ մարդիկ են Եհովայի վկաներըՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 1
Ինչպիսի՞ մարդիկ են Եհովայի վկաները
Դանիա
Թայուան
Վենեզուելլա
Հնդկաստան
Քանի՞ Եհովայի վկայ կը ճանչնաս։ Մեզմէ ոմանք՝ թերեւս ըլլան դրացիներդ, պաշտօնակիցներդ կամ դասընկերներդ։ Կամ՝ թերեւս քեզի հետ Աստուածաշունչի քննարկութիւններ ունեցած ենք։ Իրապէս ո՞վ ենք մենք, եւ ինչո՞ւ մեր հաւատալիքները հրապարակաւ կը բաժնենք։
Սովորական մարդիկ ենք։ Մենք այլազան ենթահողերէ եւ ընկերային խաւերէ կու գանք։ Մեզմէ ոմանք՝ նախապէս տարբեր կրօնքի կը պատկանէին, իսկ ուրիշներ Աստուծոյ չէին հաւատար։ Վկաներ ըլլալէ առաջ սակայն, բոլորս ժամանակ տրամադրեցինք Աստուածաշունչի ուսուցումները ուշադրութեամբ քննելու համար (Գործք 17։11)։ Մեր սորվածները ընդունեցինք եւ ապա Եհովան պաշտելու անձնական որոշում կայացուցինք։
Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով կ’օգտուինք։ Ուրիշներու նման, խնդիրներու եւ անձնական տկարութիւններու հետ պէտք է գլուխ ելլենք։ Սակայն ջանալով մեր առօրեայ կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկել, մեր կեանքի որակը աչքառու կերպով բարեփոխուած է (Սաղմոս 128։1, 2)։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ ուրիշներու հետ կը բաժնենք այն լաւ բաները, որոնք Աստուածաշունչէն սորված ենք։
Աստուածային արժանիքներու համաձայն կ’ապրինք։ Աստուածաշունչի արժանիքները յառաջ կը մղեն մեր բարօրութիւնը եւ ուրիշներուն հանդէպ յարգանքը, ինչպէս նաեւ՝ պարկեշտութեան եւ ազնուութեան նման յատկութիւններ։ Այդ արժանիքները ընկերութեան առողջ ու արդիւնաբեր անդամներ մէջտեղ գալուն կը նպաստեն, եւ բարոյականութիւնն ու ընտանեկան միութիւնը կը քաջալերեն։ Համոզուած ըլլալով թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ», մենք կը պատկանինք միջազգային հոգեւոր եղբայրութեան մը, որ ցեղային ու քաղաքական խոչընդոտներէ զերծ է։ Թէեւ սովորական մարդիկ ենք, սակայն իւրայատուկ ժողովուրդ կը կազմենք (Գործք 4։13. 10։34, 35)։
Եհովայի վկաները ուրիշ մարդոց հետ հասարակաց ի՞նչ բաներ ունին։
Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, Վկաները ի՞նչ արժանիքներ սորված են։
-
-
Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ կոչուած ենքՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 2
Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ կոչուած ենք
Նոյ
Աբրահամ եւ Սառա
Մովսէս
Յիսուս Քրիստոս
Շատեր կը խորհին թէ Եհովայի վկաներ անունը նոր կրօնքի մը անունն է։ Սակայն, աւելի քան 2700 տարի առաջ, միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառաները նկարագրուեցան որպէս իր «վկաներ»ը (Եսայի 43։10-12)։ Մինչեւ 1931, ճանչցուած էինք որպէս Աստուածաշունչի Աշակերտներ։ Ուստի, ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ անունը որդեգրեցինք։
Ատիկա մեր Աստուածը կը բնորոշէ։ Ըստ հին ձեռագիրներու, Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, Աստուածաշունչին մէջ հազարաւոր անգամներ կը նշուի։ Բազմաթիւ թարգմանութիւններու մէջ, այս անունը փոխարինուած է Տէր կամ Աստուած տիտղոսով։ Բայց ճշմարիտ Աստուածը ինքզինք Մովսէսի յայտնած էր իր անձնական անունով՝ Եհովա, ըսելով. «Իմ անունս յաւիտեան այս է» (Ելից 3։15)։ Այս կերպով, ան ինքզինք բոլոր չաստուածներէն զատորոշեց։ Մենք Աստուծոյ սուրբ անունը կրելով կը պարծենանք։
Ատիկա մեր առաքելութիւնը կը նկարագրէ։ Վաղեմի ժամանակներուն բազմաթիւ անհատներ, սկսելով արդար Աբէլէն, Եհովայի հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին մասին վկայեցին։ Դարերու ընթացքին, Նոյ, Աբրահամ, Սառա, Մովսէս, Դաւիթ եւ ուրիշներ միացան այս «վկաներու բազմութեան» (Եբրայեցիս 11։4–12։1)։ Ճիշդ ինչպէս որ անհատ մը կրնայ դատարանին մէջ անմեղ մարդու մը ի նպաստ վկայել, մենք վճռած ենք մեր Աստուծոյն մասին ճշմարտութիւնը յայտնել։
Մենք Յիսուսը կ’ընդօրինակենք։ Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» (Յայտնութիւն 3։14)։ Յիսուս ի՛նք ըսաւ թէ ‘Աստուծոյ անունը ճանչցուց’ եւ Աստուծոյ վերաբերեալ ‘ճշմարտութեան համար վկայեց’ (Յովհաննէս 17։26. 18։37)։ Ուստի, Քրիստոսի հարազատ հետեւորդները Եհովայի անունը պէտք է կրեն եւ զայն ճանչցնեն։ Ճիշդ ասիկա է որ Եհովայի վկաները կը ջանան ընել։
Աստուածաշունչի Աշակերտները ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ անունը որդեգրեցին։
Որքա՞ն ժամանակէ ի վեր Եհովան երկրագունդին վրայ վկաներ ունեցած է։
Եհովայի մեծագոյն Վկան ո՞վ է։
-