Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մեր քրիստոնէական ժողովներուն մէջ ի՞նչ պիտի վայելես
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
    • Դաս 5

      Մեր քրիստոնէական ժողովներուն մէջ ի՞նչ պիտի վայելես

      Եհովայի վկաներ Թագաւորութեան սրահին մէջ, Արժանթին

      Արժանթին

      Եհովայի վկաներու ժողով մը Սիերա Լէոնէի մէջ

      Սիերա Լէոնէ

      Եհովայի վկաներու ժողով մը Պելճիքայի մէջ

      Պելճիքա

      Եհովայի վկաներու ժողով մը Մալէզիայի մէջ

      Մալէզիա

      Շատեր կրօնական ծառայութիւններու ներկայ գտնուելէ դադրած են, քանի որ հոգեւոր առաջնորդութիւն կամ մխիթարութիւն չեն գտներ։ Ուստի, ինչո՞ւ պէտք է ներկայ գտնուիս այն քրիստոնէական ժողովներուն, որոնք Եհովայի վկաները կը կազմակերպեն։ Հոն ի՞նչ պիտի գտնես։

      Սիրառատ եւ հոգատար մարդոց մէջ ըլլալու ուրախութիւնը։ Առաջին դարուն, քրիստոնեաները ժողովքներ կազմակերպեցին եւ ժողովներ գումարեցին Աստուած պաշտելու, Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու եւ մէկզմէկ քաջալերելու համար (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Սիրալիր մթնոլորտի մէջ մէկտեղ հաւաքուելով, անոնք զգացին թէ շրջապատուած էին իսկական բարեկամներով,– իրենց հոգեւոր եղբայրները (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։3. Գ. Յովհաննէս 14, 15)։ Մենք անոնց օրինակին կը հետեւինք եւ համանման ուրախութիւն կը վայելենք։

      Աստուածաշունչի սկզբունքները ինչպէ՛ս կիրարկել սորվելու օգուտը։ Ինչպէս որ էր պարագան Աստուածաշունչի ժամանակներուն, տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ մէկտեղ կը հաւաքուին։ Որակեալ ուսուցիչներ Աստուածաշունչը կը գործածեն մեզի օգնելու, որ սորվինք ինչպէ՛ս ատոր սկզբունքները մեր առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկել (Բ. Օրինաց 31։12. Նէեմիա 8։8)։ Բոլո՛րը կրնան քննարկութիւններուն եւ երգեցողութեան մասնակցիլ, եւ այսպէս կրնանք մեր քրիստոնէական յոյսը արտայայտել (Եբրայեցիս 10։23)։

      Աստուծոյ հանդէպ հաւատքդ զօրացնելու օրհնութիւնը։ Պօղոս առաքեալ իր օրուան ժողովքներէն մէկուն գրեց. «Կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որ. . . ձեզի հետ ես ալ մխիթարուիմ իմ ու ձեր փոխադարձ հաւատքին միջոցով» (Հռովմայեցիս 1։11, 12)։ Ժողովներու մէջ, կանոնաւորապէս մեր հաւատակիցներուն հետ հաղորդակցիլը կը զօրացնէ մեր հաւատքը եւ քրիստոնէավայել կեանք վարելու մեր վճռականութիւնը։

      Ինչո՞ւ չընդունիս մեր յաջորդ ժողովքային հանդիպումին ներկայ գտնուելու հրաւէրը, եւ հոս նշուած բաները անձամբ վայելես։ Դուն ջերմօրէն պիտի ընդունուիս։ Մուտքը ազատ է,– որեւէ հանգանակութիւն չի կատարուիր։

      • Մեր ժողովքային հանդիպումները ո՞ր օրինակին կը հետեւին։

      • Քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ։

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

      Եթէ կը փափաքիս տեղական Թագաւորութեան սրահը ներսէն տեսնել, նախքան ժողովի մը ներկայ գտնուիլը, Եհովայի վկայէ մը խնդրէ որ քեզ հոն տանի եւ ցոյց տայ վայրը։

  • Մեր հաւատակիցներուն հետ ընկերակցիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
    • Դաս 6

      Մեր հաւատակիցներուն հետ ընկերակցիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ

      Եհովայի վկաներ կ’ընկերակցին հաւատակիցներու հետ

      Մատակասքար

      Եհովայի վկայ մը հաւատակիցի մը կ’օգնէ

      Նորվեկիա

      Քրիստոնեայ երէցներ հաւատակիցի մը կ’այցելեն

      Լիբանան

      Եհովայի վկաներ իրարու հետ կ’ընկերակցին

      Իտալիա

      Նոյնիսկ եթէ ստիպուած ենք խիտ անտառի մը մէջէն քալել կամ օդը աննպաստ է, կանոնաւորապէս մեր ժողովներուն ներկայ կը գտնուինք։ Հակառակ կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ աշխատանքի յոգնութեան, Եհովայի վկաները ինչո՞ւ այսպիսի ջանք կը թափեն իրենց հաւատակիցներուն հետ ընկերակցելու համար։

      Մեր բարօրութեան համար լաւ է։ Խօսելով անոնց մասին՝ որոնց հետ ժողովքէն ներս կ’ընկերակցինք, Պօղոս առաքեալ գրեց. ‘Իրարու հոգ տարէք’ (Եբրայեցիս 10։24)։ Այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ «ուշադրութեամբ մտածել», այսինքն՝ զիրար ճանչնալ։ Ուստի, առաքեալին խօսքերը մեզ կը քաջալերեն, որ ուրիշներով հետաքրքրուինք։ Ուրիշ քրիստոնէական ընտանիքներ ճանչնալով, կը նկատենք թէ ոմանք մեր դիմագրաւած համանման մարտահրաւէրներու հետ գլուխ ելած են եւ կրնան մեզի օգնել որ մենք ալ յաջողինք։

      Մնայուն բարեկամութիւններ կը հաստատէ։ Մեր ժողովներուն մէջ, մէկտեղ կը հաւաքուինք ոչ թէ ծանօթներու հետ, այլ՝ սերտ բարեկամներու խումբի մը հետ։ Ուրիշ առիթներով, միասնաբար թարմացուցիչ զբօսանք կը վայելենք։ Այսպիսի ընկերակցութիւններ ի՞նչ օգտակար ազդեցութիւն ունին։ Կը սորվինք մէկզմէկ աւելի գնահատել, ինչ որ մեր սիրոյ կապերը կ’ամրացնէ։ Ապա, երբ մեր եղբայրներն ու քոյրերը խնդիրներ դիմագրաւեն, յօժարութեամբ անոնց կ’օգնենք, քանի որ զօրաւոր բարեկամութիւններ հաստատուած են (Առակաց 17։17)։ Մեր ժողովքի բոլո՛ր անդամներուն հետ ընկերակցելով, ցոյց կու տանք թէ ‘միեւնոյն խնամքը ունինք իրարու վրայ’ (Ա. Կորնթացիս 12։25, 26)։

      Կը քաջալերենք քեզ որ որպէս բարեկամ ընտրես Աստուծոյ կամքը ընողները։ Այսպիսի բարեկամներ Եհովայի վկաներուն մէջ պիտի գտնես։ Թոյլ մի՛ տար որեւէ բանի որ քեզ ետ պահէ մեզի հետ ընկերակցելէ։

      • Ինչո՞ւ մեզի օգտակար է ժողովներուն մէջ իրարու հետ ընկերակցիլ։

      • Ե՞րբ կը փափաքիս մեր ժողովքին ծանօթանալ։

  • Մեր ժողովները ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենան
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
    • Դաս 7

      Մեր ժողովները ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենան

      Եհովայի վկաներու ժողով մը Նոր Զելանտայի մէջ

      Նոր Զելանտա

      Եհովայի վկաներու ժողով մը Ճափոնի մէջ

      Ճափոն

      Պատանի Վկայ մը Աստուածաշունչը կը կարդայ Ուկանտայի մէջ

      Ուկանտա

      Երկու Վկաներ Աստուածաշունչի քննարկութիւն մը կը ցուցադրեն Լիթվանիայի մէջ

      Լիթվանիա

      Նախկին քրիստոնէական ժողովներուն գլխաւորաբար մաս կը կազմէին երգեցողութիւնները, աղօթքները եւ Սուրբ Գրութիւնները կարդալն ու քննարկելը,– առանց որեւէ ծէսի (Ա. Կորնթացիս 14։26)։ Շատ նման բան մը կրնաս ակնկալել մեր ժողովներուն մէջ։

      Ցուցմունքները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են եւ գործնական են։ Շաբաթավերջին, իւրաքանչիւր ժողովք կը հաւաքուի ունկնդրելու համար 30 վայրկեան տեւող աստուածաշնչական դասախօսութիւն մը, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գրութիւնները կապ ունին մեր կեանքին եւ մեր ապրած ժամանակներուն հետ։ Բոլորիս քաջալերութիւն կը տրուի, որ մեր անձնական Աստուածաշունչը բանանք ու հետեւինք։ Դասախօսութենէն ետք, ունինք մէկ ժամ տեւող «Դիտարան»–⁠ի ուսումնասիրութիւն, ուր ներկաները Դիտարան–⁠ի ուսումնասիրական հրատարակութեան մէկ յօդուածին քննարկութեան կը մասնակցին։ Այս քննարկութիւնը մեզի կ’օգնէ Աստուածաշունչի ուղղութիւնը կիրարկելու մեր կեանքին մէջ։ Աշխարհի տարածքին աւելի քան 110,000 ժողովքներէն իւրաքանչիւրը նոյն նիւթը կ’ուսումնասիրէ։

      Օգնութիւն կը ստանանք մեր սորվեցնելու հմտութիւնները բարելաւելու։ Նաեւ, միջշաբաթային երեկոյ մը մէկտեղ կը հաւաքուինք, վայելելու համար երեք մասերէ բաղկացած յայտագիր մը՝ Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը, որ հիմնուած է՝ այդ անունով ամէն ամիս լոյս տեսնող ժողովի տետր–ին նիւթերուն վրայ։ Այս ժողովին առաջին մասը՝ Աստուծոյ Խօսքէն գանձեր, մեզի կ’օգնէ որ ընտելանանք Աստուածաշունչի հատուածի մը, որ ժողովքը կանխաւ կարդացած կ’ըլլայ։ Յետոյ, Դաշտի ծառայութեան մէջ ժրաջան եղիր մասը կը պարփակէ ցուցադրութիւններ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներուն հետ Աստուածաշունչէն խօսիլ։ Խրատատու մը դիտողութիւններ կու տայ, որպէսզի կարդալու եւ խօսելու մեր հմտութիւնները զարգացնենք (Ա. Տիմոթէոս 4։13)։ Իսկ վերջին մասին՝ Քրիստոնէավայել ապրելակերպ–ին մէջ, կը սորվինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք աստուածաշնչական սկզբունքները մեր առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկել։ Ասիկա կը պարփակէ հարց–պատասխանով քննարկութիւններ, որոնք Աստուածաշունչի մեր հասկացողութիւնը կը խորացնեն։

      Երբ մեր ժողովներուն ներկայ գտնուիս, տրուած աստուածաշնչական դաստիարակութեան որակով անկասկած պիտի տպաւորուիս (Եսայի 54։13)։

      • Եհովայի վկաներու ժողովներուն մէջ ի՞նչ կրնաս ակնկալել լսել։

      • Մեր ո՞ր ժողովին կը փափաքիս ներկայ գտնուիլ։

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

      Աչքէ անցուր յաջորդ ժողովներուն քննարկուելիք կարգ մը նիւթերը։ Նկատէ թէ Աստուածաշունչէն ի՛նչ բաներ պիտի կարենաս սորվիլ, որոնք կրնան առօրեայ կեանքիդ մէջ գործնական ըլլալ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել