-
Մեր ժողովներուն համար ինչո՞ւ վայելչազգեստ կ’ըլլանքՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 8
Մեր ժողովներուն համար ինչո՞ւ վայելչազգեստ կ’ըլլանք
Իսլանտա
Մեքսիքա
Կուինիա–Պիսաու
Ֆիլիփիններ
Այս գրքոյկին նկարներուն մէջ նշմարեցի՞ր թէ ինչպէ՛ս Եհովայի վկաները իրենց ժողովքային հանդիպումներուն համար պատշաճօրէն հագուած են։ Ինչո՞ւ մեր հագուելակերպին եւ յարդարանքին այսպիսի ուշադրութիւն կ’ընծայենք։
Որպէսզի մեր Աստուծոյն հանդէպ յարգանք ցուցաբերենք։ Ճիշդ է որ Աստուած մեր արտաքին երեւոյթէն անդին կը նայի (Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Բայց երբ կը հաւաքուինք զինք պաշտելու համար, մեր սրտագին փափաքն է՝ թէ՛ իրեն եւ թէ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։ Եթէ դատարանի մէջ դատախազի մը առջեւ պիտի կայնէինք, հաւանաբար պիտի ուզէինք մեր երեւոյթին ուշադրութիւն ընծայել՝ առ ի յարգանք անոր դիրքին։ Նմանապէս, ժողովներուն մէջ մեր դրսերեւոյթը ցոյց կու տայ մեր յարգանքը «բոլոր երկրի Դատաւոր»ին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ եւ այն վայրին, որուն մէջ զինք կը պաշտենք (Ծննդոց 18։25)։
Որպէսզի արտացոլենք այն արժանիքները՝ որոնց համաձայն կ’ապրինք։ Աստուածաշունչը կը քաջալերէ քրիստոնեաները, որ «ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ» հագուին (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10)։ «Ամօթխածութեամբ» հագուիլ կը նշանակէ խուսափիլ այն հագուստներէն, որոնք ցուցամոլական, գրգռիչ կամ մարմինը ցուցադրող ըլլալով՝ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն մեր վրայ։ Նաեւ, «պարկեշտութիւն»ը մեզի կ’օգնէ ընտրելու գրաւիչ հագուստներ, որոնք ո՛չ թափթփած են, ոչ ալ ծայրայեղ են։ Այս սկզբունքները տակաւին տեղ կը ձգեն անհատական բազմաթիւ ընտրութիւններու։ Առանց բառ մը արտասանելու, մեր գրաւիչ եւ ճաշակաւոր դրսերեւոյթը կրնայ ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը զարդարել’ ե՛ւ ‘Աստուած փառաւորել’ (Տիտոս 2։10. Ա. Պետրոս 2։12)։ Այսպէս ժողովներուն մէջ վայելչազգեստ ըլլալով՝ կ’ազդենք մարդոց տեսակէտին, թէ ինչպէ՛ս կը նկատեն Եհովայի պաշտամունքը։
Նոյնիսկ եթէ պաշտօնական հագուստ չունիս, կրնա՛ս Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Կրնանք պատշաճ, մաքուր ու ներկայանալի հագուստներ հագուիլ, առանց սուղ կամ նորաձեւ հագուստներ ունենալու։
Որքա՞ն կարեւոր է մեր հագուելակերպը, երբ Աստուած կը պաշտենք։
Ո՞ր սկզբունքներուն համաձայն կ’ընտրենք մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը։
-
-
Ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյնս պատրաստուիլ ժողովներուն համարՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 9
Ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյնս պատրաստուիլ ժողովներուն համար
Քամպոտիա
Ուքրանիա
Եթէ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրես Եհովայի վկայի մը հետ, հաւանաբար կը ջանաս ուսումնասիրուելիք նիւթը նախապէս աչքէ անցընել։ Մեծագոյն օգուտը քաղելու համար, լաւ է որ նոյնը ընես ժողովի մը ներկայ գտնուելէ առաջ։ Լաւագոյն արդիւնքը ձեռք կը ձգենք, երբ լաւ սովորամոլութիւն հաստատենք։
Որոշէ ե՛րբ եւ ո՛ւր ուսումնասիրել։ Ե՞րբ կրնաս մեծապէս կեդրոնանալ։ Արդեօք առաւօտո՞ւն՝ օրուան աշխատանքը սկսելէ առաջ, թէ ոչ գիշերը՝ զաւակները քնանալէ ետք։ Նոյնիսկ եթէ չես կրնար երկա՜ր ատեն ուսումնասիրել, որոշէ որքա՛ն ժամանակ կրնաս տրամադրել, եւ փորձէ թոյլ չտալ որեւէ բանի որ յայտագիրդ խանգարէ։ Հանդարտ վայր մը ընտրէ եւ շեղում պատճառող բոլոր բաները հեռացուր, մարելով՝ ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը եւ հեռախօսիկը։ Ուսումնասիրելէ առաջ աղօթելը քեզի պիտի օգնէ, որ օրուան մտահոգութիւնները մէկ կողմ դնելով՝ Աստուծոյ Խօսքին վրայ կարենաս կեդրոնանալ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։
Ընդգծէ նիւթին գլխաւոր գաղափարները եւ պատրաստէ մեկնաբանութիւններ։ Նախ՝ նիւթին մասին ընդհանուր գաղափար մը առ։ Յօդուածին կամ գլուխին խորագրին մասին մտածէ՛, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր ենթավերնագիր կապ ունի այդ բնաբանին հետ, աչքէ անցուր նկարները եւ վերաքաղի հարցումները, որոնք գլխաւոր կէտերը կը շեշտեն։ Ապա, իւրաքանչիւր պարբերութիւն կարդա՛ եւ անոր հարցումին պատասխանը փնտռէ։ Նշուած համարները բաց ու կարդա՛, եւ մտածէ թէ անոնք ինչպէ՛ս նիւթին կ’աջակցին (Գործք 17։11)։ Երբ հարցումին պատասխանը գտնես, ընդգծէ՛ պարբերութեան բանալի բառերը կամ նախադասութիւնները, որոնք քեզի պիտի օգնեն պատասխանը յիշելու ժողովին ընթացքին։ Ետքը, ժողովին մէջ կրնաս ձեռքդ բարձրացնել,– եթէ կը փափաքիս,– եւ հակիրճ կերպով քու բառերովդ մեկնաբանել։
Սերտելով տարբեր նիւթեր՝ որոնք իւրաքանչիւր շաբաթ ժողովներուն կը քննարկուին, Աստուածաշունչի գիտութեան «գանձ»իդ մէջ նոր գաղափարներ պիտի դիզես (Մատթէոս 13։51, 52)։
Ժողովներուն նախապատրաստուելու համար, ի՞նչ սովորամոլութիւն կրնաս հաստատել։
Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ, ժողովին մէջ մեկնաբանութիւն մը ներկայացնելու համար։
-
-
Ի՞նչ է ընտանեկան պաշտամունքըՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 10
Ի՞նչ է ընտանեկան պաշտամունքը
Հարաւային Քորէա
Պրազիլ
Աւստրալիա
Կուինիա
Վաղեմի ժամանակներէն ի վեր, Եհովան ուզած է որ իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամներ միասին ժամանակ անցընեն, իրենց հոգեւորութիւնը ամրացնելու եւ իրենց փոխյարաբերութիւնը զօրացնելու համար (Բ. Օրինաց 6։6, 7)։ Անոր համար է որ Եհովայի վկաները ամէն շաբաթ ժամանակ կը տրամադրեն, որպէսզի ընտանիքի անդամները միասնաբար պաշտամունք մատուցանեն,– հանդարտ միջավայրի մէջ քննարկելով իրենց կարիքներուն յարմար եղող հոգեւոր նիւթեր։ Նոյնիսկ եթէ առանձին կ’ապրիս, կրնաս լաւ ժամանակ անցընել Աստուծոյ հետ, ընտրելով ուսումնասիրել աստուածաշնչական նիւթ մը՝ որ քեզ կը հետաքրքրէ։
Անիկա Եհովային աւելի՛ մօտենալու ժամանակ է։ «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։ Եհովան աւելի լաւ կը ճանչնանք, երբ իր գրաւոր Խօսքին ընդմէջէն՝ իր անձնաւորութեան եւ արարքներուն մասին մանրամասնութիւններ կը սորվինք։ Ընտանեկան պաշտամունքը սկսելու դիւրին կերպ մըն է՝ ժամանակին մէկ մասը տրամադրել Աստուածաշունչը միասնաբար բարձրաձայն կարդալու,– թերեւս հետեւելով «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովին յայտագրին։ Ընթերցանութենէն մաս մը կրնայ նշանակուիլ իւրաքանչիւր անդամի, եւ ապա բոլորը կրնան քննարկել թէ Սուրբ Գրութիւններէն ի՛նչ սորվեցան։
Անիկա իրարու աւելի՛ մօտենալու ժամանակ է։ Ամուսիններ եւ կիներ, ինչպէս նաեւ ծնողներ եւ զաւակներ, իրենց կապերը կ’ամրացնեն, երբ Աստուածաշունչը ընտանեօք կ’ուսումնասիրեն։ Անիկա պէտք է ուրախ եւ խաղաղ ժամանակ մը ըլլայ, որուն ընտանիքի անդամները ամէն շաբաթ անձկագին կը սպասեն։ Իրենց զաւակներուն տարիքին համաձայն, ծնողներ կրնան քննարկուելիք գործնական նիւթեր ընտրել, թերեւս գործածելով յօդուածներ Դիտարան–էն եւ Զարթի՛ր–էն կամ մեր կայքէն՝ jw.org։ Կրնաս խօսիլ խնդրի մը մասին, որ զաւակներդ դպրոցին մէջ դիմագրաւեցին, եւ բացատրել ատոր լուծումը։ Կրնաս JW Հեռատեսիլի կայանէն (tv.jw.org) դիտել յայտագիր մը եւ ապա զայն միասնաբար քննարկել։ Ժողովներուն մէջ երգեցուելիք երգերը կրնաք փորձ ընել, իսկ ընտանեկան պաշտամունքէն ետք կրնաք զանազան կերպերով թարմանալ։
Իւրաքանչիւր շաբաթ Եհովան միասնաբար պաշտելու տրամադրուած այս մասնայատուկ ժամանակը, ընտանիքի բոլոր անդամներուն պիտի օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքէն հաճոյք առնեն, եւ ան առատապէս ձեր ջանքերը պիտի օրհնէ (Սաղմոս 1։1-3)։
Ինչո՞ւ ժամանակ կը տրամադրենք ընտանեկան պաշտամունքի համար։
Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան այս առիթը հաճոյալի դարձնել ընտանիքի բոլոր անդամներուն։
-