-
Ռահվիրաներուն ի՞նչ մարզում կը տրուիՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 14
Ռահվիրաներուն ի՞նչ մարզում կը տրուի
Միացեալ Նահանգներ
Գաղաադի դպրոց, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք
Բանամա
Աստուածպետական կրթութիւնը Եհովայի վկաներու առանձնայատկութիւնը եղած է։ Մասնայատուկ մարզում կը տրուի անոնց՝ որոնք Թագաւորութեան մասին լիաժամ կը քարոզեն, որպէսզի կարենան լիովին իրենց ‘պաշտօնը կատարել’ (Բ. Տիմոթէոս 4։5)։
Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոց։ Այս դպրոցը 6 օր կը տեւէ, եւ մօտակայ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ կրնայ կայացուիլ։ Կանոնաւոր ռահվիրան անոր կը մասնակցի, երբ լիաժամ ծառայութեան իր առաջին տարին կ’ամբողջացնէ։ Դպրոցին նպատակն է՝ ռահվիրային օգնել որ Եհովային աւելի մօտենայ, ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ աւելի հմուտ ըլլայ եւ շարունակէ հաւատարմութեամբ ծառայել։
Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց։ Այս երկամսեայ դպրոցը կը մարզէ փորձառու ռահվիրաներ, որոնք յօժար են մեկնելու որեւէ տեղ, ուր իրենց կարիք կայ։ Իրականութեան մէջ, անոնք կ’ըսեն՝ «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ», ընդօրինակելով երկրի վրայ ծառայած մեծագոյն Աւետարանիչը՝ Յիսուս Քրիստոս (Եսայի 6։8. Յովհաննէս 7։29)։ Օտար շրջան փոխադրուիլը կրնայ պահանջել համեստ կենսամակարդակի յարմարիլ։ Մշակոյթը, կլիման եւ ուտելիքը կրնան բոլորովին տարբեր ըլլալ։ Նաեւ, թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ նոր լեզու մը սորվիլ։ Այս դպրոցը կ’օգնէ ամուրի եղբայրներու եւ քոյրերու ու ամոլներու,– 23-65 տարեկան,– որ մշակեն հոգեւոր յատկութիւններ, որոնց պէտք պիտի ունենան իրենց նշանակումին մէջ, եւ հմտութիւններ, որոնց շնորհիւ կրնան Եհովայի ու իր կազմակերպութեան կողմէ լիովին գործածուիլ։
Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոց։ Եբրայերէնով «Գաղաադ» կը նշանակէ՝ «վկայութեան դէզ»։ 1943–ին Գաղաադի դպրոցը հաստատուելէ ի վեր, աւելի քան 8000 շրջանաւարտներ որպէս միսիոնար ղրկուած են վկայութիւն տալու «մինչեւ երկրին ծայրերը», եւ անոնք մեծ յաջողութիւն արձանագրած են (Գործք 13։47)։ Առաջին անգամ երբ շրջանաւարտներ հասան Փերու, հոն ո՛չ մէկ ժողովք կար. բայց այժմ աւելի քան 1000 ժողովքներ կան։ Երբ մեր միսիոնարները սկսան Ճափոնի մէջ ծառայել, Վկաներուն թիւը 10–էն պակաս էր. այժմ աւելի քան 200,000 Վկաներ կան։ Գաղաադի հինգ ամսուան դասընթացքը կը պարփակէ՝ Աստուծոյ Խօսքը մանրամասն ուսումնասիրել։ Դպրոցը կը յաճախեն անոնք, որոնք կը ծառայեն որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ, միսիոնարներ, բեթէլականներ կամ շրջանային տեսուչներ։ Անոնք խտացուած մարզում կը ստանան, որպէսզի օգնեն համաշխարհային գործը կայունացնելու եւ զօրացնելու։
Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցի նպատակը ի՞նչ է։
Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը որո՞նց համար պատրաստուած է։
-
-
Երէցները ինչպէ՞ս ժողովքին կը ծառայենՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 15
Երէցները ինչպէ՞ս ժողովքին կը ծառայեն
Ֆինլանտա
Ուսուցանել
Հովուել
Վկայել
Մեր կազմակերպութեան մէջ աշխատավարձ ստացող կղեր չունինք։ Փոխարէն, ինչպէս որ էր պարագան երբ քրիստոնէական ժողովքը սկսաւ, որակեալ տեսուչներ կը նշանակուին «Աստուծոյ ժողովքը հովուելու համար» (Գործք 20։28, ՆԱ)։ Այս երէցները հոգեւորապէս հասուն տղամարդիկ են, որոնք առաջնորդութիւն կ’առնեն ժողովքին մէջ եւ զայն կը հովուեն «ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ» (Ա. Պետրոս 5։1-3)։ Անոնք մեզի ի նպաստ ի՞նչ աշխատանք կը կատարեն։
Մեզ կը հոգան եւ մեր վրայ կը վերահսկեն։ Երէցները ժողովքը կ’առաջնորդեն եւ հոգեւորապէս կը պաշտպանեն։ Գիտակցելով թէ Աստուած այս կարեւոր դերը իրենց վստահած է, երէցները իր ժողովուրդին չեն տիրեր, այլ՝ մեր բարօրութեան եւ ուրախութեան կը նպաստեն (Բ. Կորնթացիս 1։23)։ Ճիշդ ինչպէս որ հովիւ մը ժրաջանօրէն իւրաքանչիւր ոչխարին հոգ կը տանի, երէցները կը ջանան ժողովքի բոլոր անդամները անհատապէս ճանչնալ (Առակաց 27։23)։
Մեզի կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս Աստուծոյ կամքը կատարել։ Ամէն շաբաթ, երէցները ժողովները կը վարեն, որպէսզի մեր հաւատքը ամրացնեն (Գործք 15։32)։ Այս նուիրեալ տղամարդիկը նաեւ աւետարանչութեան մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն, մեզի հետ աշխատելով եւ մեզ մարզելով ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ։
Մեզի անձնական քաջալերութիւն կու տան։ Մեր անձնական հոգեւոր պէտքերը հոգալու համար, երէցները կրնան մեր տուները այցելել կամ Թագաւորութեան սրահին մէջ մեզի հետ խօսակցիլ, Սուրբ Գրութիւններէն օգնութիւն ու մխիթարութիւն մատակարարելու համար (Յակոբոս 5։14, 15)։
Ժողովքին մէջ իրենց աշխատանքին կողքին, երէցներուն մեծամասնութիւնը նաեւ ունի աշխարհիկ գործեր եւ ընտանեկան պատասխանատուութիւններ, որոնք ժամանակ եւ ուշադրութիւն կը պահանջեն։ Այս ջանասէր եղբայրները մեր յարգանքին արժանի են (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13)։
Ժողովքի երէցներուն դերը ի՞նչ է։
Երէցները ի՞նչ կերպերով մեզի հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։
-
-
Օգնական ծառաներուն դերը ի՞նչ էՆերկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
-
-
Դաս 16
Օգնական ծառաներուն դերը ի՞նչ է
Միանմար
Ելոյթ
Ծառայութեան խումբ
Թագաւորութեան սրահի մաքրութիւն
Աստուածաշունչը կը նկարագրէ քրիստոնեայ տղամարդոց երկու խումբեր, որոնք ժողովքային պատասխանատուութիւններուն հոգ կը տանին,– «վերակացուներ եւ օգնական ծառաներ» (Փիլիպպեցիս 1։1, ՆԱ)։ Ընդհանրապէս, իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ քանի մը երէցներ եւ օգնական ծառաներ կան։ Օգնական ծառաները մեր օգտին համար ի՞նչ աշխատանք կը կատարեն։
Երէցներու մարմինին կ’աջակցին։ Օգնական ծառաները հոգեւոր մտայնութիւն ունին, վստահելի եւ խղճամիտ տղամարդիկ են. ոմանք՝ երիտասարդ, ուրիշներ՝ տարեց։ Անոնք հոգ կը տանին կարեւոր, բայց յաճախ կազմակերպչական ու ֆիզիքական աշխատանքներու, որոնք ժողովքէն ներս պէտք է ձեռք առնուին։ Ասիկա թոյլ կու տայ երէցներուն, որ ուսուցանելու եւ հովուելու պատասխանատուութիւններուն վրայ կեդրոնանան։
Գործնական ծառայութիւններ կը մատուցանեն։ Օգնական ծառաներէն ոմանք կը նշանակուին որպէս հիւրընկալներ, որպէսզի բարի գալուստ մաղթեն բոլոր անոնց՝ որոնք ժողովի կու գան։ Ուրիշներուն պատասխանատուութիւնն է՝ ձայնային սարքերու հոգ տանիլ, հրատարակութիւններ բաշխել, ժողովքին հաշիւները ընել եւ ժողովքի անդամներուն նշանակել քարոզելու թաղամասեր։ Անոնք նաեւ կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահը լաւ վիճակի մէջ պահելու։ Երէցները կրնան անոնցմէ խնդրել, որ տարեցներուն օգնութիւն մատակարարեն։ Օգնական ծառաները յօժարութեամբ կը կատարեն որեւէ պատասխանատուութիւն որ իրենց կը տրուի, եւ ժողովքը իրենց ժրաջանութիւնը կը գնահատէ (Ա. Տիմոթէոս 3։13)։
Որպէս քրիստոնեայ տղամարդիկ լաւ օրինակ կը հանդիսանան։ Օգնական ծառաները իրենց ընտիր հոգեւոր յատկութիւններուն համար կ’ընտրուին։ Երբ ժողովներուն մէջ նիւթեր կը ներկայացնեն, անոնք մեր հաւատքը կ’ամրացնեն։ Քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելով, մեզի կ’օգնեն աւելի՛ նախանձախնդիր ըլլալու։ Իրենց համագործակցական հոգիին շնորհիւ, ուրախութիւն եւ միութիւն յառաջ կը մղեն (Եփեսացիս 4։16)։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք կրնան որակեալ ըլլալ որպէս երէցներ ծառայելու։
Օգնական ծառաները ինչպիսի՞ տղամարդիկ են։
Այս ծառաները ինչպէ՞ս կ’օգնեն ժողովքին որ ատակօրէն գործէ։
-