Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Հարցում 13. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ աշխատանքի մասին
    Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ
    • ՀԱՐՑՈՒՄ 13

      Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ աշխատանքի մասին

      «Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ, բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ»։

      Առակաց 22։29

      Մարդ մը ժրաջանօրէն ատաղձագործութեամբ կը զբաղի

      «Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէս զի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին»։

      Եփեսացիս 4։28

      «Ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է»։

      Ժողովող 3։13

  • Հարցում 14. Նիւթականդ ինչպէ՞ս կրնաս գործածել
    Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ
    • ՀԱՐՑՈՒՄ 14

      Նիւթականդ ինչպէ՞ս կրնաս գործածել

      «Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ’իյնայ, գինին ու իւղը սիրողը չի հարստանար»։

      Առակաց 21։17

      «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ»։

      Առակաց 22։7

      «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զինք ծաղրել եւ ըսել թէ ‘Այս մարդը սկսաւ շինել ու չկրցաւ լմնցնել’»։

      Ղուկաս 14։28-30

      «Երբ կշտացան, ըսաւ իր աշակերտներուն. ‘Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի’»։

      Յովհաննէս 6։12

  • Հարցում 15. Ինչպէ՞ս կրնաս ուրախ ըլլալ
    Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ
    • ՀԱՐՑՈՒՄ 15

      Ինչպէ՞ս կրնաս ուրախ ըլլալ

      Աղջնակ մը իր հօր կը բերէ նկար մը, որ իրեն համար գծած է

      «Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով»։

      Առակաց 15։17

      «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։

      Եսայի 48։17

      «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։

      Մատթէոս 4։4

      «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։

      Մատթէոս 22։39

      «Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։

      Ղուկաս 6։31

      «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։

      Ղուկաս 11։28

      «Մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։

      Ղուկաս 12։15

      «Կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։

      Ա. Տիմոթէոս 6։8

      «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։

      Գործք 20։35

  • Հարցում 16. Ինչպէ՞ս կրնաս մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել
    Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ
    • ՀԱՐՑՈՒՄ 16

      Ինչպէ՞ս կրնաս մտահոգութեան հետ գլուխ ելլել

      «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։

      Սաղմոս 55։22

      «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ»։

      Առակաց 21։5

      «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ»։

      Եսայի 41։10

      «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել»։

      Մատթէոս 6։27

      «Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը»։

      Մատթէոս 6։34

      «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք»։

      Եփեսացիս 5։15, 16

      Ճաշելէ առաջ, մայր մը եւ իր աղջնակը կ’աղօթեն

      «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։

      Փիլիպպեցիս 4։6, 7

  • Հարցում 17. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ընտանիքիդ օգնել
    Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ
    • ՀԱՐՑՈՒՄ 17

      Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ ընտանիքիդ օգնել

      ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐ

      «Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա. . . Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը»։

      Եփեսացիս 5։28, 29, 33

      «Հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։

      Եփեսացիս 6։4

      ԿԻՆԵՐ

      «Կինը իր այրէն ակնածի»։

      Եփեսացիս 5։33

      «Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով»։

      Կողոսացիս 3։18

      ԶԱՒԱԿՆԵՐ

      «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,) որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։

      Եփեսացիս 6։1-3

      «Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի»։

      Կողոսացիս 3։20

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել