ՄԱՍ 12
Աստուածային իմաստութիւն՝ կեանքի մէջ առաջնորդուելու համար
Առակաց գիրքը ներշնչուած խրատներու հաւաքածոյ մըն է, որ կրնայ առաջնորդել մեր առօրեայ կեանքը։ Առակներուն մեծ մասը Սողոմոն թագաւոր գրած է։
ԱՐԴԵՕՔ Եհովան իմաստո՞ւն Կառավարիչ մըն է։ Այս հարցումին պատասխանը ստանալու համար, լաւ կ’ըլլայ որ անոր տուած խրատները նկատի առնենք։ Անոնք գործնակա՞ն խրատներ են։ Զանոնք կիրարկելը կեանքը աւելի լաւ եւ իմաստալից կը դարձնէ՞։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր գրեց հարիւրաւոր առակներ, որոնք կեանքի գրեթէ բոլոր երեսակներուն կ’անդրադառնան։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։
Աստուծոյ վստահիլ։ Վստահութիւնը Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութեան բանալին է։ Սողոմոն գրեց. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առակաց 3։5, 6)։ Երբ Աստուծոյ կը վստահինք, իր ուղղութիւնը փնտռելով եւ իրեն հնազանդելով, մեր կեանքը իրապէս իմաստալից կը դառնայ։ Այս ընթացքը մեզ կարող կը դարձնէ, որ Աստուծոյ սիրտը ուրախացնենք. իսկ Եհովային առիթ կու տայ, որ Իր թշնամիին՝ Սատանային յարուցած հարցերուն պատասխան տայ (Առակաց 27։11)։
Ուրիշներու հետ իմաստութեամբ վարուիլ։ Ամուսիններու, կիներու եւ երեխաներու վերաբերեալ Աստուծոյ տուած խրատները, յատկապէս այսօ՛ր ժամանակայարմար են։ Աստուած ամուսինին այս խրատը կու տայ. «Քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր», որ կը նշանակէ թէ ան պէտք է իր կնոջ հաւատարիմ մնայ (Առակաց 5։18-20)։ Կիները Առակաց գիրքին մէջ կրնան գտնել աչքառու նկարագրութիւն մը առաքինի կնոջ մասին, որ իր ամուսինին եւ զաւակներուն յարգանքին կ’արժանանայ (Առակաց, գլուխ 31)։ Իսկ երեխաներուն ուղղութիւն կը տրուի որ իրենց ծնողներուն հնազանդին (Առակաց 6։20)։ Այս գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ թէ բարեկամներ ունենալը կարեւոր է, որովհետեւ մեկուսանալը կը մղէ անհատը անձնասէր դառնալու (Առակաց 18։1)։ Բարեկամները կրնան դրական կամ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ. ուստի պէտք է զանոնք իմաստութեա՛մբ ընտրենք (Առակաց 13։20. 17։17)։
Անձիդ հետ իմաստութեամբ վարուիլ։ Առակաց գիրքը կը պարունակէ անգին խրատներ՝ ալքոլի չարաշահումէն խուսափելու, լաւ զգացումներ զարգացնելու եւ կործանիչ զգացումներու դէմ պայքարելու համար, ինչպէս նաեւ աշխատասէր ըլլալու առնչութեամբ (Առակաց 6։6. 14։30. 20։1)։ Այս գիրքը մեզ կը զգուշացնէ, որ եթէ վստահինք մարդկային այն դատողութիւններուն, որոնք կը հակասեն Աստուծոյ խրատները, աղէտի պիտի հանդիպինք (Առակաց 14։12)։ Անիկա մեզ կը յորդորէ որ մեր սիրտը՝ ներքին անձը, պաշտպանենք ապականիչ ազգեցութիւններէ, մեզի յիշեցնելով թէ «կեանքի աղբիւրները [սրտէն] են» (Առակաց 4։23)։
Աշխարհի չորս կողմը միլիոնաւորներ նկատած են, թէ այսպիսի խրատներու համաձայն ապրիլը կեանքը կը բարելաւէ։ Որպէս արդիւնք, անոնք շատ պատճառներ ունին Եհովան որպէս իրենց Կառավարիչը ընդունելու։
Աղբիւրը՝ Առակաց գիրքը։