Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յիսուս հրաշքներ կը գործէ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
    • Յիսուս կոյրի մը աչքերուն կը դպչի եւ կը բուժէ զինք

      ՄԱՍ 18

      Յիսուս հրաշքներ կը գործէ

      Յիսուս իր հրաշքներով ցոյց կու տայ, թէ իր իշխանութիւնը ինչպէ՛ս պիտի գործածէ որպէս Թագաւոր։

      ԱՍՏՈՒԱԾ Յիսուսը լիազօրեց ընելու այնպիսի բաներ, որոնք ուրիշ մարդիկ կարող չեն ընելու։ Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ գործեց, յաճախ բազմութիւններու առջեւ։ Այդ հրաշքները ցոյց տուին, թէ Յիսուս իշխանութիւն ունի այն թշնամիներուն եւ խոչընդոտներուն վրայ, որոնք անկատար մարդիկ բնաւ չեն կրցած վերջնականապէս յաղթահարել։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

      Անօթութիւն։ Յիսուսի առաջին հրաշքն էր՝ ջուրը ընտիր գինիի վերածել։ Ուրիշ երկու առիթներով, միայն քանի մը նկանակ հացով եւ ձուկով ան հազարաւորներ կերակրեց։ Երկու պարագաներուն ալ, բոլորին համար բաւարար ուտելիք եղաւ եւ նոյնիսկ աւելցաւ։

      Հիւանդութիւն։ Յիսուս մարդոց «ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը» բժշկեց (Մատթէոս 4։23)։ Ան բուժեց կոյրերը, խուլերը, բորոտները, լուսնոտները, ինչպէս նաեւ կաղերը, հաշմանդամները եւ անկարողները։ Չկար հիւանդութիւն մը որ անբուժելի էր իրեն համար։

      Վտանգաւոր կլիմայ։ Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Գալիլիոյ ծովը կը կտրէին, մեծ փոթորիկ մը ելաւ, որմէ աշակերտները սարսափեցան։ Յիսուս պարզապէս փոթորիկին նայելով ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Այդ խօսքին վրայ, կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց (Մարկոս 4։37-39)։ Ուրիշ առիթով, ան փոթորկալից ծովուն վրայէն քալեց (Մատթէոս 14։24-33)։

      Չար ոգիներ։ Չար ոգիները շա՜տ աւելի զօրաւոր են քան մարդիկը։ Շատեր չեն կրցած ձերբազատուիլ Աստուծոյ այս վայրագ թշնամիներուն ճիրաններէն։ Սակայն Յիսուս բազմիցս ազատեց դիւահարները, սաստելով չար ոգիները որ դուրս ելլեն անոնցմէ։ Ինք այդ ոգիներէն չէր վախնար։ Ճիշդ հակառակը, անո՛նք իրմէ կը վախնային՝ ճանչնալով իր իշխանութիւնը։

      Մահ։ Մահը ոսոխ մըն է, որուն ոեւէ մէկը չի կրնար յաղթել, անոր համար անիկա «վերջին թշնամին» կը կոչուի (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Սակայն Յիսուս մեռելներ յարուցանեց։ Ան այրիացած կնոջ մը երիտասարդ զաւակը եւ սգաւոր ծնողքի մը աղջնակը կենդանացուց։ Իսկ ամէնէն աչքառու դէպքը եղաւ, երբ Յիսուս սգաւորներու բազմութեան առջեւ իր սիրելի բարեկամը՝ Ղազարոսը յարուցանեց, հակառակ որ անոր մահուան վրայ գրեթէ չորս օր անցեր էր։ Նոյնիսկ Յիսուսի մեծագոյն թշնամիները ընդունեցին թէ ան այս հրաշքը գործած էր (Յովհաննէս 11։38-48. 12։9-11)։

      Յիսուս ինչո՞ւ այս բոլոր հրաշքները գործեց։ Իր հրաշքներէն օգտուող բոլոր մարդիկը ի վերջոյ չմահացա՞ն։ Այո՛ մահացան, բայց իր հրաշքները մնայուն օգուտներ բերին։ Ատոնք փաստեցին, թէ Մեսիական Թագաւորին իշխանութեան մասին տրուած բոլոր ուրախալի մարգարէութիւնները, իրականութեան մէջ, հիմ մը ունէին։ Հարկ չկայ կասկածելու, թէ Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը պիտի կարենայ վերացնել՝ անօթութիւնը, հիւանդութիւնը, վտանգաւոր կլիման, չար ոգիները եւ մինչեւ իսկ մահը։ Յիսուս արդէն իսկ ցոյց տուած է, թէ Աստուած իրեն զօրութիւնը տուած է այդ բոլոր բաները ընելու։

      Աղբիւրը՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս Աւետարանները։

      • Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ զօրութիւնը ունէր վերջ դնելու՝ անօթութեան, հիւանդութեան, վտանգաւոր կլիմային, չար ոգիներուն եւ մահուան։

      • Յիսուսի հրաշքները ի՞նչ բան կը յայտնեն երկրի վրայ իր ապագայ իշխանութեան մասին։

  • Յիսուս ապագայի մասին մարգարէութիւն մը կու տայ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
    • Յիսուս Ձիթենեաց լերան վրայ կը խօսի իր առաքեալներէն ոմանց հետ

      ՄԱՍ 19

      Յիսուս ապագայի մասին մարգարէութիւն մը կու տայ

      Յիսուս կ’ընդգծէ երեսակներ, որոնք պիտի մատնանշեն թագաւորական իշխանութեամբ իր ներկայութիւնը եւ այս աշխարհին վերջը։

      ԵՐԲ Յիսուս առանձին նստեր էր ձիթենեաց լեռը, ուրկէ յստակօրէն կ’երեւէր Երուսաղէմն ու անոր տաճարը, իր առաքեալներէն չորսը իր քով գացին եւ իր կարգ մը ըսածներուն մասին հարցումներ ուղղեցին։ Յիսուս դեռ նոր ըսած էր թէ Երուսաղէմի տաճարը պիտի կործանուէր։ Իսկ ատկէ առաջ, ան իրենց խօսած էր «աշխարհիս վերջ»ի մասին (Մատթէոս 13։40, 49)։ Ուստի առաքեալները հարց տուին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։

      Յիսուս ըսաւ այն ինչ որ պիտի պատահէր Երուսաղէմի կործանումէն առաջ։ Բայց իր խօսքերը շատ աւելի մեծ տարողութիւն ունէին։ Իր տուած մարգարէութիւնը յետագային աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենար, աշխարհածաւալ գետնի վրայ։ Յիսուս մարգարէացաւ շարք մը դէպքերու եւ աշխարհի վիճակներու մասին, որոնք միասնաբար պիտի կազմէին նշան մը։ Այդ նշանը տեսնելով՝ մարդիկ պիտի գիտնային, թէ Յիսուսի ‘ներկայութիւնը’ որպէս երկնային Թագաւոր, սկսած էր։ Ուրիշ խօսքով, նշանը ցոյց պիտի տար, թէ Եհովա Աստուած Յիսուսը դարձուցած էր երկար ատենէ խոստացուած Մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը։ Նշանը պիտի նշանակէր, թէ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի վերցնէր չարութիւնը եւ իսկական խաղաղութիւն բերէր մարդկութեան վրայ։ Արդ, Յիսուսի կանխագուշակած բաները պիտի մատնանշէին այս աշխարհին,– այժմու կրօնական, քաղաքական եւ ընկերային տարրերու,– վերջին օրերը, եւ նոր աշխարհի մը սկիզբը։

      Յիսուս բացատրեց թէ այն ժամանակաշրջանին, երբ ինք որպէս Թագաւոր ներկայ ըլլար երկնքի մէջ, երկրի վրայ պիտի ըլլային միջազգային պատերազմներ, ուտելիքի պակաս, մեծ երկրաշարժներ եւ լայնատարած հիւանդութիւններ։ Անօրէնութիւնը պիտի շատնար։ Յիսուսի իսկական աշակերտները Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի քարոզէին համայն աշխարհի վրայ։ Այս բոլորը իրենց գագաթնակէտին պիտի հասնէին ‘մեծ նեղութեան’, որուն նմանը բնաւ չէր եղած (Մատթէոս 24։21)։

      Յիսուսի հետեւորդները ինչպէ՞ս պիտի գիտնային որ այդ նեղութիւնը կը մօտենար։ «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք», ըսաւ Յիսուս (Մատթէոս 24։32)։ Թզենիի ճիւղերուն վրայ տերեւներ տեսնելը, աչքառու նշան մըն է թէ ամառը մօտ է։ Նմանապէս, Յիսուսի նախագուշակած բոլոր բաներուն միաժամանակ կատարուիլը տեսնելը, յստակ նշան մըն է թէ վերջը մօտ է։ Սակայն Հօրմէն զատ մէկը պիտի չգիտնար մեծ նեղութիւնը սկսելուն ճշգրիտ օրն ու ժամը։ Հետեւաբար, Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց, ըսելով. «Արթո՛ւն մնացէք. . . վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է» (Մարկոս 13։33)։

      Աղբիւրը՝ Մատթէոս, գլուխ 24–էն 25. Մարկոս, գլուխ 13. Ղուկաս, գլուխ 21։

      • Յիսուսի առաքեալները ի՞նչ բանի մասին կ’ուզէին աւելին գիտնալ։

      • Յիսուսի տուած նշանին իմաստը ի՞նչ է եւ այս նշանին երեսակները ի՞նչ պիտի ըլլային։

      • Յիսուս ի՞նչ յորդոր տուաւ իր աշակերտներուն։

      ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԸ

      Յիսուս նախագուշակեց նշանի մը մասին, որ ցոյց պիտի տար թէ Աստուած մօտ ատենէն պիտի կործանէ այս ապականած աշխարհը։ Ա. Աշխարհամարտէն սկսեալ, մարդկութիւնը ականատես եղած է Յիսուսի մարգարէութեան։ Համաշխարհային գետնի վրայ, կրօնական, քաղաքական եւ ընկերային զարգացումները արագօրէն եւ անխուսափելիօրէն այս աշխարհի վերջին կ’առաջնորդեն։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ փրկուելու համար պէտք է ‘արթուն կենան’ եւ վճռական քայլեր առնեն, գերիշխանութեան հարցին շուրջ Աստուծոյ կողմը դիրք բռնելովa (Ղուկաս 21։36. Մատթէոս 24։3-14)։

      a Յիսուսի մարգարէութեան շուրջ յաւելեալ քննարկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել