-
Դեկտեմբեր 30–ով սկսող շաբթուան յայտագիրըԹագաւորութեան ծառայութիւն (2013) | Դեկտեմբեր
-
-
Դեկտեմբեր 30–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 30–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 126 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Եհովայի կամքը դաս 26-28 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Յայտնութիւն 15-22 (10 վրկ.)
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ (20 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
10 վրկ. «Օգնէ՛ իրենց որ ‘հաւատքին մէջ հաստատուին’»։ Դասախօսութիւն։ Ապա, հակիրճ կերպով ցուցադրէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ յունուար ամսուան առաջին շաբաթ օրը։ Բոլորը քաջալերէ որ մասնակցին։
10 վրկ. Զաւակիդ օգնէ որ հրատարակիչ ըլլայ։ Դասախօսութիւն՝ հիմնուած Կազմակերպուած ենք գրքին վրայ, էջ 82, պարբերութիւն 1-2։ Տեսակցութիւն ունեցիր օրինակելի ծնողի մը հետ, որուն զաւակը չմկրտուած հրատարակիչ մըն է։ Ան ինչպէ՞ս իր զաւկին օգնեց որ յառաջդիմէ եւ հրատարակիչ ըլլալու որակեալ դառնայ։
10 վրկ. Մենք երբեք մինակ չենք (Դ. Թագ. 6։16)։ Քննարկութիւն՝ հիմնուած 2013–ի Տարեգիրք–ին վրայ, էջ 48, պարբերութիւն 1-3։ Ներկաներէն խնդրէ որ քաղուած դասերուն մասին մեկնաբանեն։
Երգ 119 եւ աղօթք
-
-
Օգնէ՛ իրենց որ ‘հաւատքին մէջ հաստատուին’Թագաւորութեան ծառայութիւն (2013) | Դեկտեմբեր
-
-
Օգնէ՛ իրենց որ ‘հաւատքին մէջ հաստատուին’
Հետաքրքրական է տեսնել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս հաւաքումը կ’օրհնէ, մինչ ամէն տարի քառորդ միլիոնէ աւելի մարդիկ կը մկրտուին (Բ. Օրինաց 28։2)։ Երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը հրատարակիչի մը օգնութեամբ մկրտութեան հասնի, հրատարակիչը կրնայ հակամէտ ըլլալ ուսումնասիրութիւնը կեցնելու եւ ուրիշներու օգնելու վրայ կեդրոնանալու։ Ինչպէս նաեւ աշակե՛րտը կրնայ հակամէտ ըլլալ դասը կեցնելու, որպէսզի ծառայութեան աւելի պարապի։ Սակայն կարեւոր է որ Աստուածաշունչի աշակերտները Ճշմարտութեան մէջ լաւ հիմ ունենան։ Անոնք պէտք է որ Յիսուսի մէջ ‘արմատ կապեն’ եւ ‘հաւատքին մէջ հաստատուին’ (Կողոսացիս 2։6, 7. Բ. Տիմոթէոս 3։12) Ուստի, երբ աշակերտ մը մկրտուի, ան պէտք է շարունակէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը մինչեւ որ լրացնէ թէ՛ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը եւ թէ ‘Աստուծոյ սէրը’ գիրքը (տե՛ս ապրիլ 2011–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը, էջ 2)։
-
-
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղԹագաւորութեան ծառայութիւն (2013) | Դեկտեմբեր
-
-
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2013–ի դեկտեմբեր 30–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Երբ աշխարհիկ հեղինակութիւններու հետ գործառնութիւն կ’ունենանք, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ հեզութիւն ցուցաբերենք (Տիտ. 3։2)։ [Նոյ. 4, դ03 4/1 էջ 31 պարբ. 18-19]
2. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Փիլիմոնի ուղղուած Պօղոսի խօսքերէն, որ արձանագրուած է Փիլիմոն 4, 5 եւ 7–ի մէջ։ [Նոյ. 4, դ08 10/1 էջ 9 պարբ. 1, 2. w92 4/15 էջ 25 պարբ. 2]
3. Ինչպէ՞ս Աստուծոյ հանգիստը կը մտնենք (Եբ. 4։9-11): [Նոյ. 11, դ11 7/1 էջ 27, 28 պարբ. 16, 17]
4. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Սամուէլէն եւ այն հաւատարիմ դատաւորներէն ու մարգարէներէն, որոնք «արդարութիւն» գործեցին (Եբ. 11։32, 33)։ [Նոյ. 18, w11 1/1 էջ 25 պարբ. 5, 6]
5. Յակոբոս ինչո՞ւ գրեց թէ «վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար» (Յակ. 3։17)։ [Նոյ. 25, դ11 8/1 էջ 26 պարբ. 15]
6. Որո՞նք էին այն «մեռելներ»ը, որոնց «աւետարանը քարոզուեցաւ» (Ա. Պետ. 4։6)։ [Դեկտ. 2, դ08 11/1 էջ 13 պարբ. 7]
7. Ըստ Ա. Յովհաննէս 2։7, 8–ի, Յովհաննէս ո՞ր պատուիրանին մասին կը խօսի իբրեւ «հին» եւ «նոր»։ [Դեկտ. 9, դ08 12/1 էջ 11 պարբ. 6]
8. «Ալֆան եւ Օմէղան» եւ «Առաջինը ու Վերջինը» տիտղոսները որո՞նց կ’ակնարկեն (Յայտ. 1։8, 17)։ [Դեկտ. 16, դ09 1/1 էջ 8 պարբ. 6]
9. Ի՞նչ երկու կերպերով օծեալ քրիստոնեաները ‘կը կնքուին’ (Յայտ. 7։3)։ [Դեկտ. 23, w07 1/1 էջ 31 պարբ. 2]
10. Ինչո՞ւ կրնանք բացարձակապէս վստահ ըլլալ, թէ նախագուշակուած օրհնութիւնները Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ պիտի իրականանան, եւ այս բանը գիտնալը մեզի ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ (Յայտ. 21։5, 6)։ [Դեկտ. 30, Յայտնութիւն էջ 304 պարբ. 9]
-