-
Ճշմարտութիւնը սորվեցուր«Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր (2016) | Օգոստոս
-
-
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ճշմարտութիւնը սորվեցուր
Սեպտեմբերէն սկսեալ, Ժողովի տետր–ը պիտի պարփակէ ներկայացումի նոր նմոյշ մը՝ «Ճշմարտութիւնը սորվեցուր» խորագրով։ Մեր նպատակակէտը պիտի ըլլայ ուշադրութեան յանձնել սուրբգրային ճշմարտութիւն մը՝ գործածելով հարցում մը կամ համար մը։
Եթէ նկատենք որ անհատը հետաքրքրուեցաւ, կրնանք յաջորդ վերայցելութեան ճամբայ հարթել՝ ձգելով հրատարակութիւն մը եւ կամ jw.org կայքէն ցոյց տալով տեսաերիզ մը։ Պէտք է ջանանք քանի մը օրուան մէջ վերայցելել, քննարկութիւնը շարունակելու համար։ Նոր ներկայացումները եւ աշակերտական բաժինները պիտի հիմնուին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին նիւթերուն վրայ։ Իւրաքանչիւր գլուխի վերջաւորութեան կան համարներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն միայն Աստուածաշունչը գործածելով վերայցելութիւններ ընելու կամ ուսումնասիրութիւն մը վարելու։
Կեանքի տանող միայն մէկ ճամբայ կայ (Մատ. 7։13, 14)։ Քանի որ զանազան կրօնքներու եւ ենթահողերու պատկանող մարդոց հետ կը խօսինք, պէտք է իրենց ներկայացնենք զիրենք հետաքրքրող աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ (Ա. Տիմ. 2։4)։ Որքա՛ն աւելի Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած տարբեր նիւթերու մասին խօսինք եւ «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»ու մեր հմտութիւնը բարելաւենք, այնքա՛ն աւելի ուրախ պիտի ըլլանք եւ ճշմարտութիւնը ուրիշներու սորվեցնելու մէջ պիտի յաջողինք (Բ. Տիմ. 2։15)։
-
-
Սեպտեմբերին «Դիտարան»ը բաշխելու մասնայատուկ արշաւ«Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր (2016) | Օգոստոս
-
-
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Սեպտեմբերին Դիտարան–ը բաշխելու մասնայատուկ արշաւ
Ամէն մարդ մխիթարուելու պէտք ունի (Ժող. 4։1)։ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին յատուկ ջանք պիտի թափենք ներկայացնելու Դիտարան–ը, որ կը խօսի մխիթարութեան մասին։ Զայն կրցածիդ չափ շատ մարդոց բաշխէ։ Քանի՛ որ մեր պարբերաթերթերը արժէքաւոր են, զանոնք մի՛ ձգեր տունը չեղողներուն դրան առջեւ եւ մի՛ տար չհետաքրքրուած անհատներուն։
Ի՛ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԵՍ
«Բոլորս երբեմն մխիթարուելու պէտք ունինք։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք մխիթարուիլ։ [Կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4։] Դիտարան–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ Աստուած ինչպէ՛ս կը մխիթարէ»։
Եթէ անհատը հետաքրքրուի եւ պարբերաթերթը ընդունի. . .
ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ ՏԵՍԱԵՐԻԶԸ
Ապա Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ։
ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՅ ՀԱՐԹԷ
Ուղղէ հարցում մը, որուն պիտի պատասխանես երբ վերադառնաս. օրինակ՝ «Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապինք»։
-