Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ20 Փետրուար էջ 5
  • Զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուսնութիւնը ամրացնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուսնութիւնը ամրացնել
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ամուսնութիւնդ պահպանէ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Ամուսնութիւն՝ սիրալիր Աստուծմէ պարգեւ մը
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • «Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի»
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
ժտ20 Փետրուար էջ 5
Աբրամ եւ Սարա կը պատրաստուին Ուր քաղաքէն ելլելու։ Աբրամ մեծ տոպրակ մը բռնած է եւ կը քաջալերէ Սարան, մինչ ան ապրանքներ կը դնէ սակառի մը մէջ։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուսնութիւնը ամրացնել

Աբրահամը եւ Սառան իրար սիրող եւ յարգող զոյգ մըն էին (Ծն. 12։11-13. Ա. Պետ. 3։6)։ Բայց անոնք կատարեալ ամուսնութիւն չունէին եւ նեղութիւններ ունեցան։ Ամուսնացած զոյգերը ի՞նչ կրնան սորվիլ Աբրահամէն եւ Սառայէն։

Իրարու հետ հաղորդակցեցէք։ Երբ կողակիցդ ջղայնութեան մէջ բան մը ըսէ, խոնարհութեամբ վարուէ (Ծն. 16։5, 6)։ Իրարու ժամանակ տրամադրեցէք։ Թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով կողակիցդ վստահեցուր որ զինք կը սիրես։ Ամէն բանէ աւելի, վստահ եղէք որ երկուքդ ալ կեդրոնացած էք Եհովային հետ ձեր ունեցած փոխյարաբերութեան վրայ՝ միասին սերտելով, աղօթելով եւ Եհովան պաշտելով (Ժող. 4։12)։ Զօրաւոր ամուսնութիւնները կը պատուեն Եհովան, որ այս սուրբ կարգադրութեան հիմնադիրն է։

ԴԻՏԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԱՊԴ ԱՄՐԱՑՆԵԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Վիտէոյին մէջ ի՞նչ նշաններ կային որ Արան եւ Լարան իրարմէ կը հեռանային։

  • Ինչո՞ւ անկեղծ հաղորդակցութիւնը կարեւոր է ամուսնութեան մէջ։

  • Աբրահամին եւ Սառային օրինակը ինչպէ՞ս օգնեց Արային եւ Լարային։

  • Արան եւ Լարան ի՞նչ քայլեր առին որ իրենց ամուսնութիւնը զօրացնեն։

  • Ամուսնացած զոյգերը ինչո՞ւ պէտք չէ ակնկալեն, որ իրենց ամուսնութիւնը կատարեալ ըլլայ։

‘Ինչպէ՞ս կրնաս ամուսնական կապդ ամրացնել’ վիտէոյէն տեսարաններ։ Արան եւ Լարան քայլեր կ’առնեն որ իրենց ամուսնութիւնը զօրացնեն։ 1) Անոնց ամէն մէկը տիվանին մէկ կողմը նստած է։ 2) Անոնք ձեռք–ձեռքի նստած են։ 3) Անոնք ուրախութեամբ միասին կը ծառայեն։

Կրնա՛ս ամուսնութիւնդ զօրացնել

Ամուսնութիւնդ ինչպէ՛ս զօրացնելու նկատմամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, նկատի առ հետեւեալ յօդուածները Ուրախ ընտանիք գրքոյկին մէջ.

  • «Զաւակդ ինչպէ՛ս դաստիարակել» (ուը մաս 7)

  • «Խնդիրները ինչպէ՛ս լուծել» (ուը մաս 3)

  • «Հարազատներուդ հետ ինչպէ՛ս խաղաղութիւն պահպանել» (ուը մաս 5)

  • «Երբ ողբերգութիւն մը հարուածէ» (ուը մաս 8)

  • «Իրարու հաւատարիմ եղէք» (ուը մաս 2)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել