Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դրձ մաս 5 էջ 12-15
  • Վերադարձիր ‘հոգիիդ Հովիւին ու Տեսուչին’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վերադարձիր ‘հոգիիդ Հովիւին ու Տեսուչին’
  • Եհովային վերադարձիր
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ինծի դարձէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ան պիտի զօրացնէ քեզ
    Եհովային գովերգենք
  • Դուն շատ արժէքաւոր ես Եհովային աչքին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Անոնց օգնէ անյապաղ վերադառնալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Եհովային վերադարձիր
դրձ մաս 5 էջ 12-15

ՄԱՍ ՀԻՆԳ

Վերադարձիր ‘հոգիիդ Հովիւին ու Տեսուչին’

Այս գրքոյկին մէջ քննարկուած կէտերէն մէկը քեզի հետ պատահա՞ծ է։ Յիշէ որ թէ՛ վաղեմի եւ թէ այժմու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները նման դժուարութիւններ դիմագրաւած են։ Ճիշդ ինչպէս որ անոնք կրցան Եհովայի օգնութեամբ այդ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել, դուն ալ կրնաս խնդիրներդ յաղթահարել։

Եհովան քեզի պիտի օգնէ՝ մինչ իրեն կը վերադառնաս

ՎՍՏԱՀ եղիր որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ՝ մինչ իրեն կը վերադառնաս։ Ան քեզի պիտի օգնէ որ մտահոգութիւններու հետ գլուխ ելլես, վիրաւորուած զգացումներ յաղթահարես եւ ունենաս մտքի ու սրտի խաղաղութիւն, որ յառաջ կու գայ մաքուր խղճմտանք ունենալէն։ Այն ատեն, դարձեալ պիտի մղուիս Եհովային ծառայելու հաւատակիցներուդ հետ։ Եւ պարագադ պիտի նմանի առաջին դարու կարգ մը քրիստոնեաներու պարագային, որոնց Պետրոս առաքեալ գրեց. «Մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք» (Ա. Պետրոս 2։25)։

Եհովային վերադառնալը առնուելիք լաւագոյն քայլն է, քանի որ իր սիրտը պիտի ուրախացնես (Առակաց 27։11)։ Ինչպէս գիտես, Եհովան զգացումներու տէր անձնաւորութիւն է. ուրեմն մեր արարքները իրեն կ’ազդեն։ Անշուշտ, Եհովան մեզ չի ստիպեր, որ զինք սիրենք եւ իրեն ծառայենք (Բ. Օրինաց 30։19, 20)։ Աստուածաշնչագէտ մը բացատրեց. «Մեր սրտին դուռը դուրսէն բռնակ չունի։ Ատիկա ներսէն կը բացուի»։ Այդ դուռը կը բանանք, երբ սիրով լեցուն սրտով Եհովան կը պաշտենք։ Այսպիսով, իրեն տուած կ’ըլլանք թանկարժէք նուէր մը,– մեր ուղղամտութիւնը,– եւ իրեն անսահման ուրախութիւն կը պատճառենք։ Իրապէս, երբ Եհովային մատուցանենք այնպիսի պաշտամունք, որուն ինք արժանի է, անհամեմատելի ուրախութիւն կը վայելենք (Գործք 20։35. Յայտնութիւն 4։10բ)։

Ժողովքը ջերմօրէն բարի գալուստ կը մաղթէ անգործունեայ քրոջ մը

Աւելին, երբ նախկին հոգեւոր վիճակիդ վերադառնաս, հոգեւոր կարիքներդ պիտի գոհացնես (Մատթէոս 5։3)։ Ինչպէ՞ս։ Աշխարհի տարածքին մարդիկ հարց կու տան. ‘Ի՞նչ է կեանքին իմաստը’։ Եւ կը տենչան անոր պատասխանը առնել։ Անոնք այդ հոգեւոր կարիքը ունին, քանի որ Եհովան այդպէս ստեղծած է մարդ արարածը։ Ան այնպէս մը ստեղծած է մեզ, որ իրեն ծառայելով գոհունակ զգանք։ Արդարեւ, Եհովային ամբողջ սրտով ծառայելէն աւելի մեծ ուրախութիւն չենք կրնար գտնել (Սաղմոս 63։1-5)։

Վստահ եղիր որ Եհովան կ’ուզէ՛ որ իրեն վերադառնաս։ Պահ մը մտածէ. եղբայրները այս գրքոյկը բծախնդրաբար պատրաստեցին՝ Եհովային շարունակ աղօթելով։ Թերեւս երէց մը կամ հաւատակից մը քեզի այս գրքոյկը տուաւ եւ դուն մղուեցար զայն կարդալու եւ կարդացածիդ համաձայն գործելու։ Այս բոլորը ապացոյց է թէ Եհովան քեզ չէ մոռցած։ Ընդհակառակը, ան քնքշօրէն քեզ ետ իրեն կը քաշէ (Յովհաննէս 6։44)։

Որքա՜ն կը մխիթարուինք գիտնալով որ Եհովան բնա՛ւ չի մոռնար իր կորսուած ծառաները։ Տոնա անունով քոյր մը ճիշդ այս է որ զգաց։ Ան կ’ըսէ. «Կամաց–կամաց ճշմարտութենէն հեռացայ. բայց յաճախ կը խոկայի Սաղմոս 139։23, 24–ին վրայ, որ կ’ըսէ. ‘Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ’։ Գիտէի թէ ես աշխարհին չէի պատկաներ,– քանի որ իմ տեղս հոն չէր,– եւ թէ Եհովային կազմակերպութեան մէջ պէտք էր ըլլայի։ Սկսայ անդրադառնալ թէ Եհովան բնաւ զիս չէր ձգած. եւ թէ ե՛ս պէտք էր գտնէի իրեն վերադառնալու ճամբան։ Շատ ուրախ եմ որ այդ քայլը առի»։

«Սկսայ անդրադառնալ թէ Եհովան բնաւ զիս չէր ձգած. եւ թէ ե՛ս պէտք էր գտնէի իրեն վերադառնալու ճամբան»

Եհովային կ’աղօթենք որ դարձեալ «Տէրոջը ուրախութիւնը» զգաս (Նէեմիա 8։10)։ Վստահ եղիր որ իրեն վերադառնալովդ բնա՛ւ պիտի չզղջաս։

Թերեւս հարց տաս. . .

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔԱՅԼ ԱՌՆԵՄ

Անգործունեայ քոյր մը Աստուածաշունչը կը կարդայ

Ինչպէս որ հիւանդ մը կամաց–կամաց իր առօրեայ կեանքին կը դառնայ, նոյնպէս ալ դուն ամէն օր քիչ–քիչ հոգեւոր կերակուր ստանալով՝ կրնաս հոգեւոր վիճակդ վերագտնել։ Բնաւ մի՛ զգար թէ ամէն բան մէկ անգամէն պէտք է ընես։ Օրինակ, կրնաս քանի մը վայրկեան Աստուածաշունչ կարդալ կամ Աստուածաշունչի ձայնագրութիւն մտիկ ընել, հրատարակութիւն մը ուսումնասիրել, jw.org կայքէն նիւթեր կարդալ կամ յայտագիրներ դիտել։ Նաեւ ջանա՛ կարելի եղածին չափ շուտ ժողովներու երթալ։ Ամենակարեւորը, աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրէ։ ‘Ամէն հոգդ անոր վրայ ձգէ, վասն զի անիկա քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետրոս 5։7)։

«Անգործունեայ դառնալէ ետք, նոյնիսկ աղօթելու կ’ամչնայի։ Երբ քաջութիւն հաւաքեցի աղօթելու, երէց մը ինծի այցելեց։ Ան օգնեց որ հասկնամ թէ Եհովան ինձմէ յոյսը չէր կտրած։ Ան ինծի առաջարկեց որ որպէս առաջին քայլ՝ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդամ։ Երբ այդպէս ըրի, ժողովներու յաճախելու քաջութիւն ունեցայ։ Ժամանակի ընթացքին, սկսայ դարձեալ ծառայութեան մասնակցիլ։ Շատ ուրախ եմ որ Եհովան բնաւ իր յոյսը չէր կտրած ինձմէ» (Էվա)։

ԺՈՂՈՎՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶԻՍ ՊԻՏԻ ԸՆԴՈՒՆԻ

Վստահ եղիր որ ժողովքիդ անդամները քեզ ջերմօրէն պիտի ընդունին։ Փոխանակ դատապարտելու կամ քննադատելու, անոնք ցոյց պիտի տան թէ քեզ կը սիրեն եւ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն քեզ քաջալերելու համար (Եբրայեցիս 10։24, 25)։

«Կ’ամչնայի Թագաւորութեան սրահ վերադառնալու։ Հարց կու տայի թէ հաւատակիցներս ինչպէ՛ս պիտի վարուին ինծի հետ։ Տարեց քոյրերէն մէկը, որ 30 տարի առաջ ալ այդ ժողովքին մէջն էր, ըսաւ ինծի. ‘Բարի եկար, տղաս’։ Այդ խօսքը սրտիս դպաւ։ Զգացի թէ տուն վերադարձած եմ» (Խավիէր)։

«Թագաւորութեան սրահ գացի եւ վերջին շարքը նստայ, որ մէ՛կը զիս չնշմարէ։ Բայց շատեր զիս ճանչցան եւ յիշեցին որ երբ փոքր էի ժողովներու կը յաճախէի։ Այնքա՜ն ջերմօրէն զիս ընդունեցին, որ ներքին խաղաղութիւն ունեցայ։ Կարծես տուն դարձած էի» (Մարքօ)։

ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՆԾԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԵՆ

Երէցները ազնուօրէն պիտի վարուին քեզի հետ։ Անոնք քեզի պիտի գովեն, քանի որ կը փափաքիս վերագտնել «առաջուան սէրդ» (Յայտնութիւն 2։4)։ Անոնք քեզի պիտի կարեկցին եւ «հեզութեան հոգիով» օգնեն՝ որ սխալներդ սրբագրես (Գաղատացիս 6։1. Առակաց 28։13)։ Թերեւս երէցները կարգադրեն որ մէկը քեզի հետ ուսումնասիրէ, օրինակ՝ Կեանքը վայէլէ յաւիտեա՛ն կամ Եհովայի մօտեցիր գրքով։ Վստահ եղիր որ երէցները միշտ քեզ պիտի մխիթարեն եւ աջակցին (Եսայի 32։1, 2)։

«Ութ տարի անգործունեայ էի։ Այդ տարիներուն ընթացքին երէցները շարունակ ինծի հետ կապ պահեցին։ Օր մը, երէց մը քանի մը նկար ցոյց տուաւ ինծի։ Այդ նկարները զիս տարին հիանալի յիշատակներու գիրկը եւ ուզեցի դարձեալ վայելել Եհովային ծառայելէն յառաջ եկած ուրախութիւնը։ Երէցները սիրալիրօրէն ինծի օգնեցին որ հոգեւորապէս ապաքինիմ» (Վիքթըր)։

«Ան պիտի զօրացնէ քեզ»

Երկու քոյրեր մէկ երգարանի կը հետեւին ժողովին մէջ, երգեցողութեան ընթացքին

Մեր երգարանը՝ Եհովային գովերգենք, կը բովանդակէ սրտաշարժ երգեր, որոնք կրնան քեզ մխիթարել եւ քաջալերել, մինչ հոգեւոր գործունէութիւններուդ կը վերսկսիս։ Օրինակ նկատի առ 60–րդ երգին բառերը։ Անիկա հիմնուած է Ա. Պետրոս 5։10–ին վրայ եւ անոր անունն է «Ան պիտի զօրացնէ քեզ»։

  1. Տէր Եհովան քեզ իր ճշմարտութեան քաշեց

    ու խաւարէն իր վառ լոյսին կանչեց։

    Փափաքեցար որ զինք սիրես ու հաճեցնես.

    զայս սրտիդ մէջ տեսաւ, գնահատեց։

    Դուն խոստացար իր կամքը կատարել.

    ան կը շարունակէ քեզի օգնել։

  2. Աստուած Որդին զոհեց, փրկագին հայթայթեց.

    կ’ուզէ որ դուն կեանքիդ մէջ յաջողիս։

    Եթէ նոյնիսկ Որդին ղրկեց, չխնայեց,

    պիտի օգնէ որ զօրութեամբ լեցուիս։

    Սիրոյ գործերդ պիտի չմոռնայ.

    բարի է, ուշադիր ու հոգատար։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Որդւոյն արեամբ գնեց քեզ. դուն Եահի ծառան ես.

    Ան քեզ պիտ’ զօրացնէ, նաեւ՝ ամրապնդէ։

    Ան քեզ պիտի պաշտպանէ ու ձեռքէդ պիտ’ բռնէ։

    Այո՛, պիտ’ զօրացնէ եւ քեզ ամրապնդէ։

Եհովային գովերգենք. Ձայնային կատարում

Այս եւ այլ Թագաւորութեան երգերու երաժշտութիւնը մտիկ ընելու համար, այցելէ jw.org/hyw կայքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել