Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ20 Ապրիլ էջ 7
  • «Օտար աստուածները վերցուցէք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Օտար աստուածները վերցուցէք»
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի օգնութեամբ չար ոգիներուն դէմ դիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Եհովան բացարձակապէս պաշտէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ընտրէ ժամանց, որ Եհովան կը հաճեցնէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ի՞նչ է հրեշտակներուն մասին ճշմարտութիւնը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
ժտ20 Ապրիլ էջ 7
Մարդ մը կը թափէ ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող վզնոց մը։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

«Օտար աստուածները վերցուցէք»

Յակոբ գիտէր որ Եհովան արժանի է որ բացարձակապէս զինք պաշտենք, հակառակ անոր որ Եհովան դեռ օրէնք մը չէր տուած կռապաշտութեան դէմ (Ել. 20։3-5)։ Ասոր համար, երբ Եհովան իրեն ըսաւ որ Բեթէլ վերադառնայ, Յակոբ բոլոր իրեն հետ եղողներուն ըսաւ որ իրենց կուռքերը իրենցմէ հեռացնեն։ Ետքը Յակոբ ձերբազատուեցաւ այդ կուռքերէն, որոնց մէջ կային օղեր, որոնք հաւանաբար որպէս հմայեակ կը գործածուէին (Ծն. 35։1-4)։ Եհովան անկասկած ուրախ էր Յակոբին առած քայլով։

Մեր օրերուն, ինչպէ՞ս կրնանք բացարձակապէս Եհովան պաշտել։ Կարեւոր բաներէն մէկն է որ հեռու մնանք որեւէ բանէ որ կռապաշտութեան կամ ոգեհարցութեան հետ կապ ունի։ Ասոր համար պէտք է ձերբազատուինք բոլոր այն բաներէն, որոնք կախարդութեան հետ կապ ունին, եւ ուշադրութեամբ քննենք մեր ժամանցը։ Օրինակ, դուն քեզի հարցուր. ‘Վամպիրներու, զոմպիներու կամ գերբնական բաներու մասին գիրքեր կը կարդա՞մ կամ ֆիլմեր կը դիտե՞մ։ Ժամանցս կը ցուցնէ՞ որ կախարդութիւնը, հմայեակները կամ անէծքները անվնաս զուարճութիւն են’։ Պէտք է լման հեռու ըլլանք բաներէ որոնք Եհովան կ’ատէ (Սաղ. 97։10)։

ԴԻՏԷ ‘ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՀԱԿԱՌԱԿ ԿԵՑԻՐ’ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Պզտիկ մը անկողինին վրայ երկնցած է եւ դաստակին վրայ հմայեակ մը կայ։ Ետեւը, պզտիկին մայրը, որ Աստուածաշունչի աշակերտուհի է, կը խօսի այն զոյգին հետ, որ իրեն հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտէ։

    Էլիզա անունով աշակերտուհի մը ի՞նչ խնդիր ունեցաւ։

  • Զոյգը եւ անոնց Աստուածաշունչի աշակերտուհին երկու երէցներու հետ կը տեսնուին որ անոնց օգնութիւնը ստանան։

    Ինչո՞ւ իմաստութիւն է երէցներէն օգնութիւն խնդրել ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող հարցերու մէջ։

  • Աստուածաշունչի աշակերտուհին պզտիկին հմայեակը կ’այրէ խոհանոցին վառարանին մէջ։

    Սատանային հակառակ կեցիր եւ Աստուծոյ մօտեցիր (Յակ. 4։7, 8)

    Եհովային պաշտպանութիւնը ուզողները ի՞նչ բաներէ պէտք է ամբողջութեամբ ձերբազատուին։

  • Էլիզան ի՞նչ վճռական քայլ մը առաւ։

  • Ուր որ կ’ապրիս, ինչպէ՞ս կրնաս դեւերուն ազդեցութենէն հեռու մնալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել