Երգ 113
Երախտապարտ ենք Աստուծոյ Խօսքին համար
1. Ո՛վ Հայր մեր, Եհովա, կ’արտայայտուինք.
‘Շատ երախտապարտ ենք որ Խօսքդ ունինք’։
Այս Խօսքն՝ Աստուածաշունչը, ներշնչմամբ գրուած է.
մեր քայլերը կ’ուղղէ եւ կը սորվեցնէ։
2. Քու մարգարէներդ մեզի պէս էին.
Սուրբ Խօսքդ գրաւիչ ոճով գրեցին։
Անոնց կեանքն ու գործերը հաւատք կը ներշնչեն։
Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը թարմացնեն։
3. Քու Խօսքդ զօրեղ է, կը հասնի սրտին
եւ կը թափանցէ մինչեւ շունչն ու ոգին։
Մեր սրտին խորհուրդներն ու մտքերը կը քննէ,
իմաստութիւն կու տայ եւ կը սրբագրէ։
(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 119։16, 162. Բ. Տիմ. 3։16. Յակ. 5։17. Բ. Պետ. 1։21)