Առաջին բաները՝ առաջին տեղը դնելու հոգ տարէք
Ժողովի երեկոյ է եւ դուք գործ ունիք ընելիք։ Ի՞նչ բան առաջին տեղը պիտի դնէք։
ԴՈՒՔ ամուսին մը եւ հայր մըն էք։ Մինչ երկար ու յոգնեցուցիչ աշխատանքի օրը իր աւարտին կը հասնի, կը սկսիք այդ երեկոյ ծրագրուած ժողովին մասին մտածել։ Եթէ շուտով գործը ձգէք, հազիւ ժամանակ պիտի ունենաք լուացուելու, ձեր հագուստները փոխելու, եւ ժողովի երթալէ առաջ արագօրէն պատառ մը ուտելու։ Յանկարծ ձեր գործատէրը կը մօտենայ եւ ձեզմէ կը խնդրէ որ յաւելեալ ժամ աշխատիք։ Ան կը խոստանայ ասոր համար լաւ վճարում ընել. իսկ դուք՝ դրամի պէտք ունիք։
Կամ՝ կին մը ու մայր մըն էք։ Մինչ իրիկուան ընթրիքը կը պատրաստէք, ձեր աչքերը կ’իյնան իրարու վրայ դիզուած չարդուկուած հագուստներու վրայ, որոնցմէ ոմանք վաղն իսկ պէտք են։ Դուք ձեզի կը հարցնէք՝ ‘Եթէ այս իրիկուն ժողովի երթամ, ե՞րբ ժամանակ պիտի ունենամ արդուկս ընելու’։ Վերջերս լիաժամ գործ մը սկսած ըլլալով, կը տեսնէք թէ որքան դժուար է ապրուստի ետեւէ ըլլալ ու միեւնոյն ատեն տան պարտականութիւնները ընել։
Թերեւս աշակերտ մըն էք։ Սենեակը՝ սեղանին վրայ տնային պարտականութիւնները դիզուած են։ Անոնցմէ շատեր բաւական առաջ նշանակուած էին, բայց յետաձգեցիք եւ հիմա շատ մը նշանակումներ մէկ անգամէն պիտի ընէք։ Կը մտածէք ձեր ծնողքէն թոյլատրութիւն խնդրել որ ժողովի չերթաք եւ ձեր դասերը վերջացնէք։
Ո՞ր մէկը առաջ պիտի դնէք. աշխարհային յաւելեալ գո՞րծը, արդո՞ւկը, դասե՞րը թէ՝ ժողովը։ Հոգեւոր առումով, ի՞նչ կը նշանակէ առաջին բաները՝ առաջին տեղը դնել։ Եհովայի տեսակէտը ի՞նչ է այս մասին։
Ի՞նչ Բան Առաջ Պէտք Է Գայ
Իսրայելացիները Տասը Պատուիրանները ստանալէ քիչ ետք, մարդ մը տեսնուեցաւ որ Շաբաթ օրը փայտ կը հաւաքէր։ Ասիկա խստօրէն արգիլուած էր Օրէնքով։ (Թուոց 15։32-34. Բ. Օրինաց 5։12-15) Եթէ դուք ըլլայիք, այս հարցը ի՞նչպէս կը դատէիք։ Մարդը կ’արդարացնէի՞ք, պատճառաբանելով որ ան փարթամ կեանք ունենալու համար չէր որ կ’աշխատէր, այլ՝ իր ընտանիքին անհրաժեշտութիւնները հոգալու համար։ Պիտի պատճառաբանէի՞ք որ ամբողջ տարուան ընթացքին Շաբաթը պահելու բազմաթիւ առիթներ կային եւ թէ այդ մարդը նախապէս ծրագրելու մէջ թերացած ըլլալով, այդ մէկ առիթով զայն անտեսած ըլլալը շատ դիւրութեամբ կրնար ներուիլ։
Եհովա այս հարցը շատ աւելի լրջօրէն նկատի առաւ։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Տէրը ըսաւ Մովսէսին. ‘Այն մարդը անպատճառ պէտք է մեռցուի’»։ (Թուոց 15։35) Եհովա ինչո՞ւ այսքան խստօրէն վարուեցաւ մարդուն ըրածին նկատմամբ։
Մարդիկ վեց օր ունէին փայտ հաւաքելու, ինչպէս նաեւ ուտելիքի, հագուելիքի ու բնակարանի համար հարկ եղած բաները ընելու։ Եօթներորդ օրը իրենց հոգեւոր կարիքներուն պէտք էր յատկացնէին։ Թէեւ փայտ հաւաքելը սխալ չէր, բայց սխալ էր Եհովան պաշտելու համար յատկացուած ժամանակը ուրիշ բանի գործածել։ Թէեւ Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ չեն, բայց այս դէպքը մեզի չի՞ սորվեցներ որ ներկայիս ալ պէտք է գիտնանք նախապատուութիւնները ինչպէս դասաւորել։—Փիլիպպեցիս 1։10
40 տարի անապատին մէջ անցընելէ ետք, Իսրայելացիները պատրաստ էին Աւետեաց Երկիրը մտնելու։ Ոմանք անապատին մէջ հրաշքով հայթայթուած մանանան ուտելէն զզուած էին եւ անկասկած անհամբեր կը սպասէին իրենց ուտելիքը փոխել։ «Կաթ ու մեղք բղխող երկիրը» մտնելէ ետք շիտակ տեսակէտ մը պահելու համար, Եհովա հետեւեալը յիշեցուց իրենց. «Մարդ միայն հացով չապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը»։—Ելից 3։8. Բ. Օրինաց 8։3
Իսրայելացիները ծանր պէտք էր աշխատէին «կաթ ու մեղր» ունենալու համար։ Բանակներ պէտք էր նուաճէին, տուներ շինէին ու արտեր ցանէին։ Հակառակ ասոր, Եհովա ժողովուրդին պատուիրեց որ ամէն օր ժամանակ յատկացնէին հոգեւոր բաներու շուրջ խոկալու համար։ Անոնք Աստուծոյ ճամբաները իրենց զաւակներուն սորվեցնելու համար ժամանակ պէտք էր տրամադրէին։ Եհովա ըսաւ. «[Իմ պատուիրանքներս] ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ»։—Բ. Օրինաց 11։19
Պատուէր տրուած էր որ տարին երեք անգամ Իսրայելացի ու նորահաւատ ամէն տղամարդ Եհովայի առջեւ ներկայանար։ Գիտակցելով որ այս առիթներէն ամբողջ ընտանիքը կրնար հոգեւորապէս օգտուիլ, ընտանիքի գլուխներէն շատեր կը կարգադրէին որ իրենց կինն ու երախաներն ալ իրենց միանան։ Բայց մինչ ընտանիքը բացակայ էր, ո՞վ թշնամիներուն ձեռքէն պիտի պաշտպանէր իրենց տուներն ու արտերը։ Եհովա խոստացաւ. «Տարին երեք անգամ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ»։ (Ելից 34։24) Իսրայելացիներէն հաւատք կը պահանջուէր որ հասկնային թէ հոգեւոր շահերը առաջին տեղը դնելով, նիւթապէս պիտի չվնասէին։ Եհովա իր խօսքին տէրը եղա՞ւ։ Վստա՛հաբար։
Շարունակեցէք Նախ Թագաւորութիւնը Փնտռել
Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ հոգեւոր արժէքները ամէն բանէ առաջ դասեն։ Լերան Քարոզին մէջ, իր ունկնդիրներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։31, 33) Յիսուսի մահէն ետք, նոր մկրտուած Քրիստոնեաները այդ խրատին հետեւեցան։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի տօնին համար Երուսաղէմ եկողներուն մէջ կային բազմաթիւ Հրեաներ եւ Հրեայ նորահաւատներ։ Մինչ հոն կը գտնուէին, անսպասելի բան մը պատահեցաւ։ Անոնք Յիսուս Քրիստոսի մասին բարի լուրը լսեցին եւ զայն ողջունեցին։ Իրենց նոր գտած հաւատքին մասին աւելին գիտնալու մարմաջով, անոնք Երուսաղէմ մնացին։ Անոնք ուտելիքի նեղութիւն ունեցան, բայց նիւթական հանգստաւէտութիւնը երկրորդական էր իրենց համար։ Անոնք Մեսիա՛ն գտած էին։ Քրիստոնեայ եղբայրները իրենց ունեցած նիւթական բարիքները անոնց հետ բաժնեցին, որպէսզի անոնք շարունակէին «առաքեալներուն վարդապետութեան, միաբանութեան, . . . եւ աղօթելու ետեւէն» ըլլալ։—Գործք 2։42
Ժամանակ մը ետք, կարգ մը Քրիստոնեաներ ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը անտեսեցին։ (Եբրայեցիս 10։23-25) Թերեւս նիւթապաշտ եղան, անտեսելով հոգեւոր հարցերը, ջանալով իրենց ու իրենց ընտանիքին համար նիւթական ապահովութիւն ձեռք ձգել։ Իր եղբայրները յորդորելէ ետք որ ժողովները չանտեսեն, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’»։—Եբրայեցիս 13։5
Պօղոսի խրատը շատ ժամանակայարմար էր։ Եբրայեցիներուն այս նամակը գրելէն շուրջ հինգ տարի ետք, Սեսդիոս Գաղիոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող հռովմէական բանակը շրջապատեց Երուսաղէմը։ Հաւատարիմ Քրիստոնեաները յիշեցին Յիսուսի ազդարարութիւնը. «Երբ տեսնէք [ասիկա] . . . ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու»։ (Մարկոս 13։14-16) Անոնք գիտցան որ իրենց վերապրումը կախեալ էր ո՛չ իրենց գործին կայունութենէն, ո՛չ ալ իրենց նիւթական ստացուածքներուն արժէքէն, այլ՝ Յիսուսի պատուէրին իրենց հնազանդութենէն։ Անոնք որոնք Պօղոսի խրատին անսալով հոգեւոր շահերը առաջին տեղը դրած էին, անկասկած անոնց համար աւելի դիւրին եղաւ իրենց ետին ձգել տուն, գործ, հագուստներ, եւ արժէքաւոր անձնական իրեր եւ լեռները փախչիլ, քան անոնց համար, որոնք դրամի սէրէն ձերբազատուած չէին։
Այսօր Ոմանք Ի՛նչպէս Առաջին Բաները՝ Առաջին Տեղը կը Դնեն
Հաւատարիմ Քրիստոնեաներ իրենց եղբայրներուն հետ կանոնաւորաբար ընկերակցիլը թանկարժէք կը սեպեն եւ շատեր զոհողութիւններ կ’ընեն ժողովներու ներկայ գտնուելու համար։ Կարգ մը շրջաններու մէջ միակ գործը որ կրնան գտնել հերթական–աշխատանքն է։ Եղբայր մը իր գործակիցներուն տեղը կ’աշխատի Շաբաթ գիշերները, զորս շատեր ժամանցի համար կը նախընտրեն գործածել, եթէ անոնք ուզեն ժողովի գիշեր մը զինք փոխարինել։ Ուրիշ եղբայրներ որոնք հերթով աշխատողներ են, մօտակայ ժողովքի մը ժողովներուն ներկայ կ’ըլլան, եթէ իրենց գործը արգելք ըլլայ իրենց ժողովներուն երթալու։ Այս կերպով, անոնք գրեթէ չեն փախցներ ժողովները։ Գանատայի մէջ, նոր հետաքրքրուած անհատ մը անմիջապէս գիտակցեցաւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին արժէքը, բայց իր գործի յայտագրին պատճառաւ չէր կրնար այդ ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Ուստի, ան իր գործակիցին վճարեց որ իր տեղ աշխատի, որպէսզի ինք այդ կարեւոր ժողովներուն ներկայ գտնուելու համար ազատ ըլլայ։
Անբուժելի հիւանդութիւններէ տառապողներէն շատեր հազուադէպօրէն կը փախցնեն ժողովները։ Երբ անոնք չեն կրնար Թագաւորութեան Սրահ գալ, իրենց տան մէջ հեռաձայնի ընկալուչին կամ ձայներիզի վրայ յայտագիրը կ’ունկնդրեն։ Անոնք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ մատակարարուած Եհովայի հոգեւոր հայթայթումներուն հանդէպ գովելի գնահատութիւն մը ցոյց կու տան։ (Մատթէոս 24։45) Իրենց տարեց ծնողներուն հոգ տանող Քրիստոնեաները իրապէս կը գնահատեն երբ եղբայր մը կամ քոյր մը կ’առաջարկէ մնալ ծնողին հետ, որպէսզի իրենք կարենան ժողովին ներկայ գտնուիլ։
Նախապէս Ծրագրեցէ՛ք
Իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից ծնողներ, իրենց զաւակներուն կ’օգնեն որ ժողովները գնահատեն։ Սովորաբար, անոնք կ’ակնկալեն որ իրենց զաւակները իրենց դպրոցական աշխատանքները կատարեն երբ անոնք նշանակուած են եւ ոչ թէ զանոնք իրարու վրայ դիզեն։ Ժողովներուն օրերը, երախաները դպրոցէն տուն գալէն ետք շուտով իրենց դասերը կը սորվին։ Նախասիրութիւններն եւ ուրիշ գործունէութիւններ պէտք չէ՛ արգելք հանդիսանան ժողովներու յաճախելու։
Որպէս ամուսին ու հայր, ժողովներու ներկայ գտնուելուն առաջնակարգ կարեւորութիւն կու տա՞ք։ Որպէս կին ու մայր, ձեր պատասխանատուութիւնները այնպէս մը կարգի կը դնէ՞ք որ ժողովներու ներկայ գտնուիք։ Որպէս պատանի, ձեր դպրոցական դասե՞րը ժողովներու շուրջ կը դարձնէք, թէ ոչ ժողովները ձեր դասերուն շուրջ։
Ժողովները Եհովայի կողմէ սիրալիր հայթայթում մըն են։ Ամէն ջանք պէտք է թափէք, այդ կարգադրութեան մէջ ձեր մասնակցութիւնը բերելու համար։ Եհովա ճոխ կերպով պիտի օրհնէ ձեզ, եթէ՝ առաջին բաները առաջին տեղը դնէք։