Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Քրիստոսի մտածելակերպը ունեցիր
    Դիտարան 2009 | Սեպտեմբեր 1
    • իրենց զաւակները Յիսուսի մօտեցնեն։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըրածը չհաւնելով՝ ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։ Ապա, երեխաները իբրեւ օրինակ գործածելով՝ ան նշեց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ» (Մար. 10։13-15)։

      14. Երեխաները անկեղծ ուշադրութենէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղեն։

      14 Պահ մը խորհէ, թէ այդ երեխաներէն ոմանք տարիներ ետք ի՛նչպէս պիտի զգային, երբ մտաբերէին թէ Յիսուս Քրիստոս ‘զիրենք իր գիրկը առաւ ու օրհնեց’ (Մար. 10։16)։ Այժմու երեխաներն ալ սիրով պիտի յիշեն երէցներ եւ ուրիշներ, որոնք իրենց հանդէպ անձնուրաց հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Աւելի կարեւորը, այն երեխաները, որոնք կանուխ տարիքէն ժողովքին մէջ իսկական հետաքրքրութեան կ’արժանանան, կը սորվին թէ Եհովայի հոգին իր ժողովուրդին վրայ է։

      Անազնիւ աշխարհին մէջ քաղցրութիւն ցուցաբերէ

      15. Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք որ ներկայիս քաղցրութիւնը հազուագիւտ է։

      15 Ներկայիս շատեր կը զգան, թէ ուրիշներու հանդէպ քաղցրութիւն ցուցաբերելու ժամանակ չունին։ Հետեւաբար, ամէն օր դպրոցը, գործատեղին, ճամբորդութեան ատեն եւ ծառայութեան մէջ, Եհովայի ժողովուրդը աշխարհի հոգին կը դիմագրաւէ։ Անազնիւ կեցուածքները կրնան մեզ յուսախաբ ընել, բայց մեզ պէտք չէ զարմացնեն։ Եհովա Պօղոսը ներշնչեց, որ մեզ զգուշացնէ թէ այս դժուար «վերջին օրեր»ուն մէջ ճշմարիտ քրիստոնեաները շփման մէջ պիտի գան անհատներու հետ, որոնք ‘անձնասէր եւ անգութ’ են (Բ. Տիմ. 3։1-3)։

      16. Ի՞նչպէս կրնանք ժողովքին մէջ քրիստոսանման քաղցրութիւնը յառաջացնել։

      16 Միւս կողմէ, անազնիւ աշխարհին հակապատկերն է ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին թարմացուցիչ մթնոլորտը։ Յիսուսը ընդօրինակելով, իւրաքանչիւրս կրնանք այդ առողջ մթնոլորտին նպաստել։ Ի՞նչպէս։ Նախ, ժողովքին մէջ շատեր մեր օգնութեան ու քաջալերութեան կարիք ունին, քանի որ առողջապահական խնդիրներ կամ այլ աննպաստ պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Այս «վերջին օրեր»ուն մէջ, այսպիսի խնդիրներ կրնան շատնալ, բայց երբեք նոր չեն։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, քրիստոնեաները համանման խնդիրներէ տառապեցան։ Հետեւաբար, ինչպէս այն ատեն՝ նոյնպէս այսօր, քրիստոնեաներուն ի նպաստ օգտակար արարքներ ընելը պատշաճ է։ Օրինակ, Պօղոս քրիստոնեաները յորդորեց, որ ‘վատասիրտները մխիթարեն, տկարներուն ձեռնտու ըլլան եւ ամենուն երկայնամիտ ըլլան’ (Ա. Թես. 5։14)։ Ասիկա կը պարփակէ քրիստոսանման քաղցրութիւնը գործի վերածել։

      17, 18. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք Յիսուսի քաղցրութիւնը ընդօրինակել։

      17 Քրիստոնեաները պատասխանատուութիւն ունին իրենց եղբայրները ազնուօրէն ‘ընդունելու’, անոնց հետ վարուելու ինչպէս Քրիստոս պիտի վարուէր, ցուցաբերելով իսկական հետաքրքրութիւն անոնց հանդէպ, զորս տարիներէ ի վեր կը ճանչնանք, եւ անոնց հանդէպ՝ որոնց բնաւ չենք հանդիպած (Գ. Յովհ. 5-8)։ Յիսուսի նման, կարեկցութիւն ցուցաբերելու մէջ նախաձեռնութիւնը պէտք է առնենք, միշտ ուրիշները թարմացնելով (Եսա. 32։2. Մատ. 11։28-30)։

      18 Իւրաքանչիւրս կրնանք քաղցրութիւն ցուցաբերել, ուրիշներուն բարօրութեամբ գործնականօրէն հետաքրքրուելով։ Ասիկա ընելու կերպեր փնտռէ ու պատեհութիւններ ստեղծէ։ Ձեռնտու եղիր։ «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք», յորդորեց Պօղոս, ապա աւելցուց. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10)։ Ասիկա կը նշանակէ Քրիստոսի օրինակին հետեւիլ, ուրիշներու հետ ջերմօրէն ու քաղցրօրէն վարուելով եւ «անկեղծ սէր» ցոյց տալով (Բ. Կոր. 6։6)։ Պօղոս այս քրիստոսանման սէրը հետեւեալ կերպով նկարագրեց. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար» (Ա. Կոր. 13։4)։ Փոխանակ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմ ոխ պահելու, սա յորդորին անսանք. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի» (Եփ. 4։32)։

      19. Քրիստոսանման քաղցրութիւն ցուցաբերելուն կարգ մը լաւ արդիւնքները ի՞նչ են։

      19 Ամէն ատեն եւ բոլոր պարագաներու ներքեւ քրիստոսանման քաղցրութիւն մշակելն ու ցուցաբերելը, ճոխ վարձատրութիւններ կը բերէ։ Եհովայի հոգին պիտի կարենայ ժողովքին մէջ ազատօրէն գործել, արտադրելով հոգիին բարի պտուղը։ Ասկէ զատ, երբ Յիսուսի օրինակին հետեւինք եւ ուրիշներուն օգնենք որ նոյնն ընեն, մեր միացեալ պաշտամունքը ուրախութիւն պիտի բերէ Աստուծոյ։ Հետեւաբար, միշտ ջանանք ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ Յիսուսի հեզութիւնն ու քաղցրութիւնը արտացոլացնել։

  • Քրիստոսի նման՝ հնազանդ ու քաջ եղիր
    Դիտարան 2009 | Սեպտեմբեր 1
    • Քրիստոսի նման՝ հնազանդ ու քաջ եղիր

      «Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (ՅՈՎՀ. 16։33)։

      1. Աստուծոյ հանդէպ Յիսուսի հնազանդութիւնը ո՞րքան կատարեալ էր։

      ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ միշտ Աստուծոյ կամքը ըրաւ։ Ան ո՛չ մէկ անգամ իր մտքէն անցուց իր երկնաւոր Հօր անհնազանդ գտնուիլ (Յովհ. 4։34. Եբ. 7։26)։ Բայց երկրի վրայ իր պարագաները դժուարացուցին հնազանդ ըլլալը։ Իր քարոզչական ասպարէզին սկիզբէն իսկ, Յիսուսի թշնամիները, ի ներառեալ՝ Սատանան, ջանացին զինք համոզել, ստիպել կամ խաբել, որ իր հաւատարմութեան ընթացքը լքէ (Մատ. 4։1-11. Ղուկ. 20։20-25)։ Այս թշնամիները մտային, զգացական ու ֆիզիքական սաստիկ ցաւ պատճառեցին Յիսուսի։ Ի վերջոյ, անոնք յաջողեցան զինք մահուան մատնել տանջանքի ցիցին վրայ (Մատ. 26։37, 38. Ղուկ. 22։43, 44. Յովհ. 19։1, 17, 18)։ Այս բոլորին ընթացքին, եւ հակառակ խիստ տառապանքին, Յիսուս «հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ» (ԱԾ) (կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 2։8)։

      2, 3. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի հնազանդութենէն՝ հակառակ տառապանքին։

      2 Երկրի վրայ իբրեւ մարդ Յիսուսի փորձառութիւնը իրեն սորվեցուց հնազանդութեան նոր երեսակներ (Եբ. 5։8)։ Այնպէս կրնար թուիլ, թէ Յիսուս Եհովայի ծառայելու մասին ամէն բան սորված էր։ Արդարեւ, ան անհաշուելի դարեր Եհովայի հետ սերտ ընկերակցութիւն վայելած էր եւ ստեղծագործութեան ընթացքին Աստուծոյ «ճարտարապետ»ն եղած էր

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել