Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ21 Մայիս էջ 31
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՊԱՊԻՐՈՍԷ ՆԱՒԱԿՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՇԻՆՈՒԷԻՆ
  • ՆԱՒԱԿ ՇԻՆՈՂՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՊԻՐՈՍ ԳՈՐԾԱԾԵՑԻՆ
  • Գանձ մը՝ եգիպտական աղբակոյտերուն մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
դ21 Մայիս էջ 31

Գիտէի՞ր

Աստուածաշունչի ժամանակներուն մարդիկ պապիրոսը գործածեցի՞ն նաւակներ շինելու համար

Պապիրոս բոյսը

ՃԱՆՉՑՈՒԱԾ է, որ անցեալին՝ Եգիպտոսի մէջ, գրելու թուղթ շինելու համար գլխաւորաբար պապիրոսը կը գործածէին։ Յոյները եւ հռոմայեցիներն ալ պապիրոսի վրայ կը գրէինa։ Բայց քիչեր գիտեն, որ պապիրոսը կը գործածուէր ոչ միայն գրութեան համար, հապա նաեւ նաւակ շինելու համար։

Պապիրոսէ նաւակներու երկու նմոյշներ, որոնք եգիպտական գերեզմանի մը մէջ գտնուեցան

Աւելի քան 2700 տարի առաջ, Եսայի մարգարէն գրեց, որ «Եթովպիացիներու գետերուն անդիի կողմը» ապրող ժողովուրդը, «պրտուեղէն [«պապիրոսէ», ՆԱ] նաւակներով ջուրի երեսին վրայէն դեսպաններ» ղրկեց։ Իսկ Երեմիա մարգարէն ըսաւ, որ մարերն ու պարսիկները Բաբելոն քաղաքը պիտի գրաւէին եւ բաբելոնացիներու «պապիրոսէ նաւակները» պիտի այրէին, որպէսզի անոնք չփախչէին (Եսա. 18։1, 2. Եր. 51։32, ՆԱ)։

Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է։ Անոր համար անոնք, որոնք զայն կը սերտեն, չեն զարմանար որ հնագէտները փաստեր գտած են, որ Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, պապիրոսը կը գործածուէր նաւակ շինելու համար (Բ. Տիմ. 3։16)։ Անոնք գտած են մանրամասն նկարագրութիւն, թէ Եգիպտոսի մէջ ինչպէ՛ս պապիրոսէ նաւակներ կը շինուէին։

ՊԱՊԻՐՈՍԷ ՆԱՒԱԿՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՇԻՆՈՒԷԻՆ

Եգիպտոսի գերեզմաններուն մէջ գտած են գծագրութիւններ եւ փորագրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պապիրոս կը հաւաքէին ու նաւակներ կը շինէին։ Անոնք պապիրոսի ցօղունները կը կտրէին, փունջ–փունջ կը կապէին եւ փունջերը իրարու կը միացնէին։ Պապիրոսի ցօղունները եռանկիւն են։ Ուստի երբ քով–քովի կը դրուին, կը կազմեն խիտ եւ զօրաւոր փունջ մը։ Գիրք մը կ’ըսէ, որ պապիրոսէ նաւակը 17 մ. երկարութիւն կրնար ունենալ, եւ նաւակին ամէն մէկ կողմը 10 կամ 12 թիեր կը դրուէին (A Companion to Ancient Egypt)։

Եգիպտական փորագրութիւն մը, որ կը նկարագրէ պապիրոսէ նաւակներ շինելը

ՆԱՒԱԿ ՇԻՆՈՂՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՊԻՐՈՍ ԳՈՐԾԱԾԵՑԻՆ

Եգիպտոսի մէջ շատ պապիրոս կ’աճէր Նեղոսի հովիտը։ Ասկէ զատ, պապիրոսէ նաւակներ շինելը որոշ չափով դիւրին էր։ Նոյնիսկ երբ սկսան փայտ գործածել մեծ նաւեր շինելու համար, այնպէս կ’երեւի որ ձկնորսները եւ որսորդները շարունակեցին գործածել պապիրոսէ լաստեր եւ պզտիկ նաւակներ։

Պապիրոսէ նաւակները երկար ժամանակ մարդոց ծանօթ էին։ Յոյն գրող Պլուտարքոս, որ առաքեալներուն ժամանակներուն ապրեցաւ, ըսաւ որ իր օրերուն կարգ մը մարդիկ տակաւին պապիրոսէ նաւակներ կը գործածէին։

a Պապիրոսը կ’աճի ճահիճներու եւ դանդաղ շարժող ջուրերու մէջ։ Բոյսին բարձրութիւնը կրնայ 5 մ. ըլլալ, իսկ ցօղունին տրամագիծը՝ 15 սմ.։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել