Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կահ յօդուած 121
  • Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը
  • Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանը
  • Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Հրեշտակներուն մասին իրականութիւնները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Աստուծմէ ղրկուած պատգամաբերի մը կողմէ զօրացած
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
կահ յօդուած 121
Միքայէլ հրեշտակապետը իր հրեշտակներու բանակին հետ

Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը

Աստուածաշունչին պատասխանը

Կարգ մը կրօնքներ Միքայէլը կը կոչեն «Սուրբ Միքայէլ»։ Լաւ ո՞վ է ան։ Այնպէս կ’երեւի որ Միքայէլ անունը Յիսուսին տրուած անունն է՝ երկրի վրայ ապրելէն առաջ եւ վերջa։ Միքայէլը Սատանային հետ վիճեցաւ Մովսէսին մահէն ետք եւ հրեշտակի մը օգնեց որ Աստուծոյ խօսքերը Դանիէլ մարգարէին փոխանցէ (Դանիէլ 10։13, 21. Յուդա 9)։ Միքայէլ կը նշանակէ՝ «Ո՞վ է Աստուծոյ նման»։ Եւ ան իր այս անունին համաձայն կ’ապրի՝ Աստուծոյ իշխանութիւնը պաշտպանելով եւ անոր թշնամիներուն դէմ կռուելով (Դանիէլ 12։1. Յայտնութիւն 12։7)։

Տեսնենք թէ ինչո՛ւ տրամաբանական է եզրակացնել, որ Յիսուս՝ Միքայէլ հրեշտակապետն է։

  • Միքայէլ՝ «հրեշտակապետ»ն է (Յուդա 9)։ «Հրեշտակապետ» կը նշանակէ «հրեշտակներուն գլխաւորը կամ պետը»։ Այս տիտղոսը միայն կ’երեւի Աստուածաշունչի երկու համարներու մէջ։ Երկուքին մէջն ալ, ատիկա եզակի է բնագիր լեզուին մէջ, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ միայն մէկ հրեշտակ այդ տիտղոսը ունի։ Այդ համարներէն մէկուն մէջ, կ’ըսուի որ յարութիւն առած Տէր Յիսուսը «ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն... երկնքէն պիտի իջնէ» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15)։ Յիսուս «հրեշտակապետին ձայն»ը ունի, քանի որ ի՛նք հրեշտակապետն է, Միքայէլը։

  • Միքայէլը հրեշտակներուն բանակին վրայ իշխանութիւն ունի։ «Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին [Սատանային] հետ պատերազմեցան» (Յայտնութիւն 12։7)։ Միքայէլը երկինքին մէջ շատ մեծ իշխանութիւն ունի։ Ան կը կոչուի «առաջին իշխաններէն մէկը» եւ «մեծ իշխանը» (Դանիէլ 10։13, 21. 12։1)։ Միքայէլը «հրեշտակներու բանակին հրամանատարն է», ինչպէս որ Նոր Կտակարանի մասնագէտ Տէյվիտ Էյուն կ’ըսէ։

    Միքայէլ անունէն զատ, Աստուածաշունչը ուրիշ անուն մըն ալ կը գործածէ այն անձնաւորութեան համար, որ իշխանութիւն ունի հրեշտակներու բանակին վրայ։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք. «Երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով վրէժ առնելու» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8. Մատթէոս 16։27)։ Յիսուս ‘երկինք գնաց’ եւ ‘հրեշտակներն ու իշխանութիւնները եւ զօրութիւնները իրեն հնազանդ եղան’ (Ա. Պետրոս 3։21, 22)։ Տրամաբանակա՞ն է որ Աստուած թէ՛ Յիսուսը եւ թէ Միքայէլը սուրբ հրեշտակներուն վրայ պետ նշանակէր։ Անշուշտ ոչ։ Ուրեմն, աւելի տրամաբանական է եզրակացնել որ Յիսուսը եւ Միքայէլը նոյն անձն են։

  • Միքայէլը «պիտի ելլէ... նեղութեան ժամանակ», որուն նմանը եղած չէ (Դանիէլ 12։1)։ Դանիէլ գիրքին մէջ, «ելլել» բառը շատ անգամ կը գործածուի, երբ կը խօսուի թագաւորի մը մասին, որ յատուկ քայլ մը պիտի առնէ (Դանիէլ 11։2-4, 21)։ Յիսուս Քրիստոս, որ «Բանն Աստուծոյ» կը կոչուի, յատուկ քայլ մը պիտի առնէ որպէս «Թագաւոր Թագաւորաց», որ Աստուծոյ թշնամիները բնաջնջէ եւ Անոր ժողովուրդը պաշտպանէ (Յայտնութիւն 19։11-16)։ Ան այս քայլը պիտի առնէ «մեծ նեղութեան» մը ժամանակ, «որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ» (Մատթէոս 24։21, 42)։

a Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ անձեր ալ կան, որոնք մէկէ աւելի անուններ ունին։ Օրինակ Յակոբ, որ կը կոչուի նաեւ Իսրայէլ։ Պետրոս, որ կը կոչուի նաեւ Սիմոն։ Եւ Թադէոս, որ կը կոչուի նաեւ Յուդա (Ծննդոց 49։1, 2. Մատթէոս 10։2, 3. Մարկոս 3։18. Գործք 1։13)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել