-
Երէցնե՛ր, ուրիշները մարզելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգաքԴիտարան 2015 | Ապրիլ 15
-
-
Երէցնե՛ր, ուրիշները մարզելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգաք
«Ամէն բանի ատենը կայ» (ԺՈՂ. 3։1)։
1, 2. Շրջանային տեսուչներ ի՞նչ բան նկատած են շատ մը ժողովքներու մէջ։
ԵՐԲ շրջանային տեսուչը երէցներու մարմինին հետ իր հանդիպումը կ’եզրափակէր, խանդաղատանքի խոր զգացում մը ունեցաւ, նայելով այդ ժրաջան հովիւներուն դէմքին, որոնցմէ ոմանք տարեց էին։ Բայց եւ այնպէս, բանով մը մտահոգուած էր։ Ուստի հարցուց. «Եղբայրնե՛ր, ի՞նչ ջանք թափեցիք ուրիշները մարզելու, որ աւելի պատասխանատուութիւններ ստանձնեն ժողովքին մէջ»։ Անոնք շատ լաւ յիշեցին, որ շրջանային տեսուչը իր նախկին այցելութեան ընթացքին զիրենք յորդորած էր, որ աւելի ժամանակ տրամադրեն ուրիշները մարզելու։ Վերջապէս անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Խօսքին բացը, շատ բան չենք ըրած»։ Միւս երէցներն ալ համաձայն գտնուեցան։
2 Եթէ երէց մըն ես, թերեւս դուն ալ նոյնանման պատասխան մը տայիր։ Աշխարհի տարածքին շրջանային տեսուչներ նկատած են, թէ շատ մը ժողովքներու մէջ, երէցներ պէտք է աւելի՛ ջանք թափեն եղբայրները,– երիտասարդ թէ տարեց,– մարզելու, որ հօտին հոգ տանին։ Բայց ասիկա կրնայ շատ դժուար ըլլալ։ Ինչո՞ւ։
3. ա) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ ուրիշները մարզելը կարեւոր է. եւ ինչո՞ւ բոլորս պէտք է այս նիւթով հետաքրքրուինք (տե՛ս ստորանիշը)։ բ) Կարգ մը երէցներ ինչո՞ւ թերեւս դժուարանան ուրիշները մարզել։
3 Որպէս հովիւ, անկասկած կը գիտակցիս թէ անհատական մարզումը կարեւոր էa։ Գիտես, թէ եղբայրներու աւելի մեծ կարիք կայ, որ ժողովքները հոգեւորապէս զօրաւոր մնան եւ նոր ժողովքներ կազմուին (կարդա՛ Եսայի 60։22)։ Նաեւ գիտես, թէ Աստուծոյ Խօսքը քեզ կը յորդորէ որ «ուրիշներուն սորվեցնե[ս]» (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։2)։ Բայց եւ այնպէս, թերեւս ասիկա ընելը դժուար գտնես, բացման մէջ նշուած երէցներուն պէս։ Ընտանիքիդ կարիքները հոգալէն, գործիդ պահանջներուն գոհացում տալէն, ժողովքային պատասխանատուութիւնները կատարելէն եւ ա՛յլ հրատապ հարցեր ձեռք առնելէն ետք, այնպէս կը թուի թէ ժամանակ չի մնար ժողովքին մէջ ուրիշները մարզելու։ Քանի որ պարագան այս է, քննարկենք թէ ուրիշները մարզելը որքա՛ն կարեւոր պէտք է նկատուի։
ՄԱՐԶԵԼԸ ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ Է
4. Ատեններ, ինչո՞ւ կարգ մը երէցներ ուրիշները մարզելը կը յետաձգեն։
4 Կարգ մը երէցներ հաւանաբար ինչո՞ւ դժուարանան ժամանակ տրամադրել ուրիշները մարզելու։ Թերեւս ոմանք այսպէս կը մտածեն. «Ճիշդ է որ մարզելը կարեւոր է, բայց այդքան հրատապ չէ որքան ժողովքային այն հարցերը, որոնք կարելի չէ յետաձգել։ Եթէ ուրիշները մարզելը յետաձգեմ, ժողովքը տակաւին պիտի գործէ»։ Թէեւ ճիշդ է որ բազմաթիւ հարցեր պէտք է անմիջապէս նկատի առնուին, բայց եղբայրներու մարզումը ուշացնելը կրնայ ժողովքին հոգեւոր բարօրութեան վնաս հասցնել։
5, 6. ա) Ի՞նչ դաս կրնանք քաղել վարորդին օրինակէն։ բ) Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք համեմատել ժողովքին եղբայրները մարզելուն հետ։
5 Օրինակով մը լուսաբանենք։ Ինքնաշարժը լաւ վիճակի մէջ պահելու համար, վարորդը գիտէ թէ շարժիչին իւղը պէտք է կանոնաւորաբար փոխէ։ Ասով հանդերձ, թերեւս ան խորհի թէ ասիկա այդքան հրատապ չէ որքան պենզին լեցնելը։ Վերջ ի վերջոյ, եթէ պենզին չլեցնէ, ինքնաշարժը շուտով պիտի կենայ։ Ան թերեւս պատճառաբանէ. «Եթէ ժամանակ չունենամ իւղը փոխելու, շարժիչը մինչեւ որոշ ժամանակ պիտի չդադրի աշխատելէ»։ Բայց վտանգը ո՞ւր է։ Եթէ վարորդը շարունակէ իւղ փոխելը յետաձգել, օրը պիտի գայ երբ ինքնաշարժը պիտի աւրուի։ Այդ ատեն, ան պիտի ստիպուի բաւակա՜ն ժամանակ եւ դրամ վատնել զայն նորոգելու համար։ Դասը ի՞նչ է։
6 Բազմաթիւ կարեւոր պարտականութիւններ կան, որոնք երէցները պէտք է արագօրէն կատարեն, ապա թէ ոչ ժողովքը կրնայ ժխտականօրէն ազդուիլ։ Ուստի ճիշդ ինչպէս որ օրինակին մէջի վարորդը պէտք է կանոնաւորաբար պենզին լեցնէ, երէցներն ալ պէտք է վստահ ըլլան որ «աւելի կարեւոր» բաները կը կատարեն (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։ Սակայն, կարգ մը երէցներ ա՛յնքան զբաղած կ’ըլլան հրատապ հարցերով, որ կ’անտեսեն ուրիշներ մարզելը,– այլաբանօրէն՝ շարժիչին իւղը փոխելը։ Բայց եթէ երէցները եղբայրներու մարզումը ձգձգեն, ուշ թէ կանուխ ժողովքը բաւականաչափ որակեալ եղբայրներ պիտի չունենայ բոլոր կարիքները հոգալու համար։
7. Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք այն երէցները, որոնք մարզելու համար ժամանակ կը տրամադրեն։
7 Ուստի բնաւ պէտք չէ խորհինք, թէ մարզելը նախապատուութիւն մը չէ։ Այն երէցները, որոնք իրենց ժողովքին ապագայով կը հետաքրքրուին եւ նուազ փորձառու եղբայրները մարզելու համար ժամանակ կը տրամադրեն, իմաստուն տնտեսներ են եւ օրհնութիւն մը՝ բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։10)։ Ժողովքը ինչպէ՞ս կ’օգտուի։
ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԼԱՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ
8. ա) Ի՞նչ բաներ կը մղեն երէցները ուրիշները մարզելու։ բ) Ի՞նչ հրատապ պատասխանատուութիւն ունին այն երէցները, որոնք կը ծառայեն հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ (տե՛ս «Հրատապ առաքելութիւն մը» շրջանակը)։
8 Նոյնիսկ ամէնէն փորձառու երէցները պէտք է համեստօրէն ընդունին, որ մինչ տարիքով կը մեծնան, աստիճանաբար պիտի չկարենան հիմակուան չափ գործ տեսնել ժողովքէն ներս (Միք. 6։8)։ Ասկէ զատ, անոնք իրապաշտօրէն հաշուի պէտք է առնեն, թէ ‘ժամանակի ու դիպուածի’ պատճառով յանկարծ կրնայ իրենց համար դժուար ըլլալ ժողովքային պատասխանատուութիւնները հոգալ (Ժող. 9։11, 12. Յակ. 4։13-15ա)։ Ուստի Եհովայի ոչխարներուն բարօրութեամբ հետաքրքրուած ըլլալով, հեռատես երէցները կը ջանան երիտասարդ եղբայրներուն փոխանցել ինչ որ տարիներու ընթացքին սորված են (կարդա՛ Սաղմոս 71։17, 18)։
9. Ո՞ր ապագայ դէպքին ի տես ուրիշները մարզելը շատ կարեւոր է։
9 Ուրիշ ի՞նչ պատճառով հօտին օրհնութիւն մըն են ուրիշներ մարզող երէցները։ Անոնք ժողովքին պաշտպանութիւնը կ’ամրացնեն։ Ինչպէ՞ս։ Ուրիշները մարզելու երէցներու ջանքերուն շնորհիւ, յաւելեալ եղբայրներ պատրաստ պիտի ըլլան ժողովքին օգնելու, որ հաստատուն կայնի ու միացած մնայ, ոչ միայն հիմա, հապա յատկապէս երբ տագնապալից ժամանակները գան մեծ նեղութեան ընթացքին (Եզեկ. 38։10-12. Միք. 5։5, 6)։ Հետեւաբար, ո՛վ սիրելի երէցներ, կը խնդրենք ձեզմէ որ այս օրուընէ սկսեալ կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրէք ուրիշները մարզելու։
10. Ուրիշները մարզելու ժամանակ ունենալու համար, երէցը ի՞նչ կրնայ ընել։
10 Կը գիտակցինք որ ձեր յայտագիրը արդէն խճողուած է, քանի որ ժողովքային կարեւոր հարցերու հոգ կը տանիք։ Ուստի, կրնաք այդ պատասխանատուութիւններուն յատկացուած ժամանակէն մաս մը առնել ու գործածել մարզում հայթայթելու (Ժող. 3։1)։ Ասիկա ընելը ժամանակի շատ լաւ գործածութիւն պիտի ըլլայ եւ ապագային ժողովքին պիտի օգտէ։
ՅԱՐՄԱՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼ
11. ա) Այլազան երկիրներէ եղող երէցներուն տուած թելադրութիւններուն նկատմամբ ի՞նչ բան ուշագրաւ է։ բ) Առակաց 15։22–ի համաձայն, ուրիշ երէցներու թելադրութիւնները նկատի առնելը ինչո՞ւ օգտաշատ պիտի ըլլայ։
11 Վերջերս հարցում ուղղուեցաւ երէցներու, որոնք յաջողապէս եղբայրներու կ’օգնեն որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն, թէ ի՛նչ մօտեցում կը գործածեն երբ ուրիշները կը մարզենb։ Այս երէցներուն պարագաները իրարմէ շատ տարբեր ըլլալով հանդերձ, անոնք նոյնանման խրատ տուին։ Ասիկա կը յայտնէ, թէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մարզումը կիրարկելի է «ամէն տեղ» եւ «բոլոր» ժողովքներուն մէջ, ինչպէս որ էր պարագան Պօղոս առաքեալի օրերուն (Ա. Կոր. 4։17)։ Ուստի, այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ, երէցներուն ներկայացուցած կարգ մը թելադրութիւնները նկատի պիտի առնենք (Առ. 15։22)։
12. Հարկ է որ մարզողը ի՞նչ ստեղծէ եւ ինչո՞ւ։
12 Հարկ է որ մարզողը մարզում տալու յարմար պայմաններ ստեղծէ։ Ճիշդ ինչպէս որ պարտիզպանը պէտք է հողը հերկէ նախքան սերմանելը, նոյնպէս մարզողը պէտք է մարզուողին սիրտը պատրաստէ, կամ քաջալերէ, նախքան նոր հմտութիւններ սորվեցնելը։ Ուստի, մարզողները ինչպէ՞ս մարզելու յարմար պայմաններ կը ստեղծեն։ Անոնք կ’ընդօրինակեն Սամուէլ մարգարէին գործածած մօտեցումը։
13-15. ա) Սամուէլ մարգարէն ի՞նչ նշանակում ստացաւ։ բ) Սամուէլ իր պարտականութիւնը ինչպէ՞ս կատարեց (տե՛ս բացման պատկերը)։ գ) Աստուածաշունչի այս հատուածը ինչո՞ւ յատկապէս այժմու երէցները պէտք է հետաքրքրէ։
13 Աւելի քան 3000 տարի առաջ, Եհովան օր մը տարեց Սամուէլին ըսաւ. «Վաղը այս ատեն Բենիամինին երկրէն քեզի մարդ մը պիտի ղրկեմ, զանիկա իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան օծէ՛» (Ա. Թագ. 9։15, 16)։ Սամուէլ գիտակցեցաւ որ իր դերը իբրեւ առաջնորդ վերջ գտած էր եւ Եհովան կ’ուզէր որ ինք յաջորդ մը օծէ։ Ան մտածած ըլլալու էր. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ այդ տղամարդը պատրաստել իր նոր նշանակումին համար’։ Ան գաղափար մը յղացաւ ու ծրագիր մը դրաւ։
14 Յաջորդ օրը, երբ Սաւուղ եկաւ, Եհովան Սամուէլի ըսաւ. «Ահա ա՛յս է քեզի ըսած մարդս»։ Սամուէլ անմիջապէս սկսաւ իր ծրագիրը գործադրել։ Ան Սաւուղը ճաշի հրաւիրեց կերակուրին սրահը, ուր անոր ու անոր ծառային տուաւ լաւագոյն տեղերը եւ խոհարարը Սաւուղին առջեւ դրաւ ազդրը վրայի մսովը։ Ապա Սամուէլ ըսաւ. «Կեր. . . անիկա քեզի համար պահուած է»։ Ճաշէն ետք, միասնաբար հաճոյալի խօսակցութիւն ունենալով, Սամուէլ եւ Սաւուղ քալեցին դէպի մարգարէին տունը։ Ճաշին ու պտոյտին ստեղծած հաճելի մթնոլորտը օգտագործելով, Սամուէլ զինք հրաւիրեց որ տան տանիքը ելլեն։ Երեկոյեան զով զեփիւռը վայելելով, Սամուէլ շարունակեց ‘տանիքին վրայ Սաւուղին հետ խօսիլ’, մինչեւ որ ժամանակը եկաւ քնանալու։ Յաջորդ օրը, Սամուէլ զինք օծեց, համբուրեց եւ յաւելեալ ուղղութիւններ տուաւ։ Անկէ ետք, ան Սաւուղը արձակեց, գալիք իրադարձութիւնները դիմագրաւելու պատրաստուած (Ա. Թագ. 9։17-27. 10։1)։
15 Ազգի մը առաջնորդը ըլլալու համար անհատ մը օծելը անշուշտ չի նմանիր ժողովքին մէջ եղբայր մը մարզելուն, որ երէց կամ օգնական ծառայ ըլլայ։ Այսուհանդերձ երէցները կրնան Սամուէլի մօտեցումէն արժէքաւոր դասեր քաղել։ Քննարկենք երկու կէտ։
ՅՕԺԱՐԱԿԱՄ ՄԱՐԶՈՂՆԵՐ ԵՒ ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ
16. ա) Սամուէլ ի՞նչ զգաց երբ իսրայէլացիները թագաւոր մը պահանջեցին։ բ) Սամուէլ Սաւուղը օծելու իր նշանակումը ի՞նչ կեցուածքով կատարեց։
16 Յօժարակա՛մ եղիր, ոչ թէ անտրամադիր։ Երբ Սամուէլ առաջին անգամ լսեց, որ իսրայէլացիները մարդկային թագաւոր մը կ’ուզէին, յուսախաբ եւ իր ժողովուրդէն մերժուած զգաց (Ա. Թագ. 8։4-8)։ Իրականութեան մէջ, ան ժողովուրդին պահանջածը ընելու այնքան անտրամադիր էր, որ Եհովա երեք անգամ հարկ տեսաւ իրեն ըսելու որ անոնց խօսքը մտիկ ընէ (Ա. Թագ. 8։7, 9, 22)։ Այս կեցուածքը ունենալով հանդերձ, Սամուէլ թոյլ չտուաւ որ իր սրտին մէջ արմատ բռնէ դառնութիւն կամ դժգոհութիւն՝ զինք փոխարինող անձին դէմ։ Երբ Եհովան իրեն ըսաւ որ Սաւուղը օծէ, ան հնազանդեցաւ ոչ թէ կէս սրտով եւ առ ի պարտականութիւն, հապա կամովին եւ սէրէ մղուած։
17. Այժմու երէցները ինչպէ՞ս Սամուէլի կեցուածքը կ’ընդօրինակեն, եւ ասիկա իրենց ի՞նչ կը պատճառէ։
17 Սամուէլի նման, այժմու փորձառու երէցները մարզուողներու հանդէպ ազնիւ կը գտնուին (Ա. Պետ. 5։2)։ Այսպիսի երէցներ ետ չեն կենար ուրիշները մարզելէ, վախնալով որ մարզուողները իրենցմէ խլեն ժողովքային որոշ առանձնաշնորհումներ։ Անոնք կամեցող մարզուողները կը նկատեն ոչ թէ մրցակիցներ, հապա «գործակից»ներ,– թանկարժէք պարգեւներ ժողովքին (Բ. Կոր. 1։23. Եբ. 13։16)։ Եւ այսպիսի անձնուրաց մարզողներ ի՜նչ գոհունակութիւն կը զգան, մինչ կը նշմարեն թէ մարզուողները ինչպէս իրենց կարողութիւնները կը գործածեն ժողովքին յօգուտ (Գործք 20։35)։
18, 19. Երէցը ինչպէ՞ս կրնայ մարզուողին սիրտը պատրաստել, եւ ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։
18 Բարեկա՛մ եղիր, ոչ թէ պարզապէս մարզող։ Այն օրը երբ Սամուէլ տեսաւ Սաւուղը, կրնար օծման իւղը առնել ու աճապարանօք զայն թափել անոր գլուխին վրայ, ապա նոր թագաւորը արձակել,– լիովին օծուած բայց բոլորովին անպատրաստ։ Փոխարէն, Սամուէլ ազնուօրէն ժամանակ տրամադրեց Սաւուղի սիրտը քայլ առ քայլ պատրաստելու։ Ընտիր ճաշ ուտելէ, հաճոյքով ճեմելէ, երկար խօսակցելէ եւ լաւ քնանալէ ետքն էր միայն որ Սամուէլ զգաց, թէ Սաւուղը օծելու յարմար ատենը եկաւ։
Ուրիշները մարզելու առաջին քայլն է՝ բարեկամութիւն մշակել (տե՛ս պարբերութիւն 18, 19)
19 Նմանապէս այսօր, մարզողը պէտք է սկսի մարզել, հանդարտ մթնոլորտ ստեղծելու եւ մարզուողին հետ բարեկամանալու համար ժամանակ յատկացնելով։ Այսպիսի ջերմ փոխյարաբերութիւն մը գոյացնելու համար երէցին առած մասնայատուկ քայլերը որոշ չափով պիտի տարբերին երկրէ երկիր, տեղական պարագաներէ ու սովորութիւններէ կախեալ ըլլալով։ Բայց եւ այնպէս, չնայած թէ ո՛ւր կ’ապրիս, եթէ որպէս բազմազբաղ երէց ժամանակ տրամադրես մարզուողին, կարծես անոր կ’ըսես. «Դուն ինծի համար կարեւոր ես» (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։10)։ Ամէնուրեք կամեցող մարզուողներ այդ լռելեայն պատգամը յստակօրէն պիտի ըմբռնեն ու խորապէս արժեւորեն։
20, 21. ա) Ինչպէ՞ս կը նկարագրես յաջող մարզողը։ բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։
20 Երէցնե՛ր, մի՛ մոռնաք թէ յաջող մարզողը այն է, որ ոչ միայն կը սիրէ ուրիշը մարզել, այլեւ կը սիրէ մարզուողը (համեմատէ՛ Յովհաննէս 5։20)։ Մարզուողը դիւրաւ կը զատորոշէ մարզողին տրամադրութիւնը եւ ըստ այնմ կ’ընդառաջէ տրուած մարզումին։ Ուստի, սիրելի՛ երէցներ, պարզապէս մարզում տուող մի՛ ըլլաք. լաւ բարեկամ եղէք (Առ. 17։17. Յովհ. 15։15)։
21 Մարզուողին սիրտը պատրաստելէ ետք, երէցը պիտի ջանայ հարկ եղած հմտութիւնները անոր հաղորդել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ երէցը ի՛նչ մեթոտներ կրնայ գործածել։
a Ճիշդ է որ այս եւ յաջորդ յօդուածը գրուած են յատկապէս երէցներուն համար, բայց ամբողջ ժողովքը պէտք է հետաքրքրուի այս տեղեկութիւններով։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ յօդուածները բոլոր մկրտուած եղբայրներուն պիտի օգնեն, որ գիտակցին թէ ժողովքին մէջ աւելին ընելու համար մարզուիլը անհրաժեշտ է։ Եւ երբ աւելի եղբայրներ մարզուած ըլլան, ամէն ոք պիտի օգտուի։
b Այս երէցները հետեւեալ երկիրներէն են. Աւստրալիա, Հարաւային Ափրիկէ, Ճափոն, Մեքսիքա, Միացեալ Նահանգներ, Նամիպիա, Նիկերիա, Պանկլատէշ, Պելճիքա, Պրազիլ, Ռիեունիոն, Ռուսիա, Քորէա, Ֆրանսա եւ Ֆրանսական Կուիանա։
-
-
Երէցները ինչպէ՛ս ուրիշները կը մարզեն որակեալ ըլլալուԴիտարան 2015 | Ապրիլ 15
-
-
Երէցները ինչպէ՛ս ուրիշները կը մարզեն որակեալ ըլլալու
«Այն բաները որոնք ինձմէ լսեցիր. . . հաւատարիմ մարդոց յանձնէ» (Բ. ՏԻՄ. 2։2)։
1. ա) Աստուծոյ ծառաները հինէն ի վեր ի՞նչ բան ըմբռնած են մարզումի մասին, եւ ասիկա ներկայիս ինչպէ՞ս կը կիրարկուի։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ծառաները հինէն ի վեր ըմբռնած են, թէ մարզումը յաջողութիւն կը բերէ։ Աբրամ նահապետը իր «մարզուած ծառաները հանեց» Ղովտը ազատելու,– եւ ծառաները յաջողեցան (Ծն. 14։14-16, ԱԾ)։ Դաւիթ թագաւորի օրերուն, «Տէրոջը երգեր սորված» երգիչները Աստուած կը փառաբանէին (Ա. Մն. 25։7)։ Իսկ ներկայիս, հոգեւոր պատերազմ մը կը մղենք Սատանային եւ անոր հետեւորդներուն դէմ (Եփ. 6։11-13)։ Նաեւ ջանք կը թափենք Եհովային փառք բերելու համար (Եբ. 13։15, 16)։ Ուստի Աստուծոյ վաղեմի ծառաներուն պէս, յաջողութիւն գտնելու համար հարկ է որ մարզուինք։ Ժողովքին մէջ, Եհովան երէցներուն յանձնած է ուրիշները մարզելու պատասխանատուութիւնը (Բ. Տիմ. 2։2)։ Փորձառու երէցները ի՞նչ մեթոտներ կը գործածեն եղբայրները մարզելու, որ որակեալ ըլլան հօտը հոգալու։
ՄԱՐԶՈՒՈՂԸ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԶՕՐԱՑՈՒՐ
2. Նախքան մարզուողին կարգ մը հմտութիւններ սորվեցնելը, երէց մը թերեւս ի՞նչ ուզէ ընել եւ ինչո՞ւ։
2 Որպէս երէց կրնաս համեմատուիլ պարտիզպանի մը հետ։ Հունտերը ցանելէն առաջ, պարտիզպանը թերեւս հարկ տեսնէ հողին մէջ սննդանիւթ աւելցնելու։ Նմանապէս, նուազ փորձառու եղբօր մը կարգ մը հմտութիւններ սորվեցնելէն առաջ, թերեւս հարկ տեսնես սուրբգրային սննդարար գաղափարներ փոխանցելու, որոնք իրեն պիտի օգնեն որ պատրաստ ըլլայ իր սորվածը կիրարկելու (Ա. Տիմ. 4։6)։
3. ա) Երբ մարզուողին հետ կը զրուցէ, մարզողը ինչպէ՞ս կրնայ գործածել Յիսուսին այն խօսքերը, որոնք արձանագրուած են Մարկոս 12։29, 30–ի մէջ։ բ) Երէցին աղօթքը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մարզուողին վրայ։
3 Որպէսզի գիտնաս թէ մարզում ստացողը ո՛րչափ թոյլ տուած է որ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը իր մտքին ու սրտին ազդէ, թերեւս իրեն հարցնես. «Եհովային կատարած նուիրումդ ինչպէ՞ս ազդած է առած որոշումներուդ»։ Այդ հարցումը կրնայ իմաստալից խօսակցութեան մը դուռը բանալ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել (կարդա՛ Մարկոս 12։29, 30)։ Թերեւս խօսակցութեան աւարտին, աղօթք մը ընես՝ Եհովայէն խնդրելով որ մարզուողին հարկ եղած սուրբ հոգին տայ։ Եղբօր համար որքա՜ն քաջալերական պիտի ըլլայ, երբ լսէ թէ սրտանց իրեն համար կ’աղօթես։
4. ա) Նշէ Աստուածաշունչի հատուածներ, որոնք կրնան մարզուողին օգնել հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ բ) Մարզելու ատեն, երէցները ի՞նչ նպատակակէտ ի մտի ունին։
4 Մարզումի առաջին հանգրուանին, քննարկէ Աստուածաշունչի կարգ մը հատուածներ, որոնք կրնան մարզուողին օգնել՝ յօժարակամ, վստահելի եւ խոնարհ ըլլալուն կարեւորութիւնը տեսնելու (Գ. Թագ. 19։19-21. Նէ. 7։2. 13։13. Գործք 18։24-26)։ Այս յատկութիւնները մարզուողին համար նոյնքան կարեւոր են, որքան սննդանիւթերը՝ հողին։ Անոնք եղբօր հոգեւոր աճը կ’արագացնեն։ Ֆրանսայի մէջ, Ժան–Քլոտ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Մարզելու գլխաւոր նպատակակէտս է՝ մարզուողին օգնել հոգեւոր մտայնութիւն ունենալու։ Առիթներ կը փնտռեմ մասնայատուկ համար մը միասին կարդալու, որ մարզուողին ‘աչքերը բանամ’, որպէսզի Աստուածաշունչին բովանդակած ‘հրաշքները’ տեսնէ» (Սաղ. 119։18)։ Մարզուողը զօրացնելու ուրիշ ի՞նչ կերպեր կան։
ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԵՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ ՏՈՒՐ
5. ա) Մարզուողին հետ հոգեւոր նպատակակէտերու մասին խօսիլը ո՞րքան կարեւոր է։ բ) Երէցները ինչո՞ւ պէտք է պատանիները մարզեն (տե՛ս ստորանիշը)։
5 Մարզուողին հարցուր. «Ի՞նչ հոգեւոր նպատակակէտեր ունիս»։ Եթէ որոշ նպատակակէտ մը չունի, իրեն օգնէ որ տրամաբանական եւ հասանելի նպատակակէտ մը դնէ։ Իրեն պատմէ թէ ինչպէ՛ս ատեն մը դուն ինքդ հոգեւոր նպատակակէտ մը դրիր եւ խանդավառօրէն ըսէ թէ որքա՜ն ուրախացար երբ հասար ատոր։ Այս կերպը թերեւս պարզ թուի, բայց ազդու մեթոտ է։ Ափրիկէի մէջ, Վիքթըր անունով երէց մը, որ նաեւ ռահվիրայ է, կը մտաբերէ. «Երբ պատանի էի, երէց մը ինծի լաւ–ընտրուած քանի մը հարցումներ ուղղեց նպատակակէտերուս շուրջ։ Այդ հարցումները ինծի օգնեցին, որ սկսիմ ծառայութեանս մասին լրջօրէն մտածել»։ Փորձառու երէցներ կ’ըսեն, թէ կարեւոր է եղբայրները պատանեկութենէն մարզել, անոնց տարիքին համապատասխան գործեր տալով ժողովքին մէջ։ Այս կանուխ մարզումը պատանի եղբայրներուն պիտի օգնէ, որ երբ երիտասարդութեան սեմին հասնին եւ դիմագրաւեն բազմաթիւ շեղումներ, իրենց աչքը հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ սեւեռած պահեն (կարդա՛ Սաղմոս 71։5, 17)a։
Եղբօր բացատրէ թէ որոշ գործ մը ինչո՛ւ պէտք է կատարէ, եւ մինչ ատոր մէջ ջանք կը թափէ, գովասանքի խօսքեր յայտնէ (տե՛ս պարբերութիւն 5-8)
6. Յիսուս ի՞նչ կարեւոր մեթոտ մը գործածեց ուրիշները մարզելու։
6 Մարզուողին մէջ ծառայելու փափաքը նաեւ պիտի արթնցնես, երբ իրեն ոչ միայն ըսես թէ ի՛նչ ընէ, այլեւ՝ ինչո՛ւ ընէ։ Պատճառներ տալով, ընդօրինակած կ’ըլլաս Մեծ Ուսուցիչը՝ Յիսուս։ Օրինակ, առաջ որ իր առաքեալներուն աշակերտելու յանձնարարութիւնը տայ, Յիսուս հասկցուց թէ ինչո՛ւ պէտք է հնազանդին, ըսելով. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ Ապա աւելցուց. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատ. 28։18, 19)։ Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսի մարզելու կերպը ընդօրինակել։
7, 8. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսի մարզելու կերպը ընդօրինակել։ բ) Մարզուող անհատը գովելը ո՞րքան կարեւոր է։ գ) Ի՞նչ թելադրութիւններ կրնան երէցներուն օգնել ուրիշները մարզելու (տե՛ս «Ուրիշները ինչպէ՛ս մարզել» շրջանակը)։
7 Երբ մարզուող անհատէն բան մը կը խնդրես որ ընէ, բացատրէ թէ ատոր ետին ի՛նչ սուրբգրային պատճառներ կան։ Այսպէս, իրեն սորվեցուցած կ’ըլլաս, որ Աստուածաշունչին սկզբունքներուն հիման վրայ գործէ։ Օրինակի համար, եթէ եղբօրմէն կը խնդրես որ Թագաւորութեան սրահին մուտքը մաքուր պահէ, կրնաս Տիտոս 2։10–ը նշել եւ բացատրել թէ իր գործը ինչպէ՛ս ‘պիտի զարդարէ մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը’։ Մարզուող եղբօրմէն նաեւ խնդրէ, որ մտածէ թէ իր այս գործը ինչպէ՛ս պիտի օգտէ ժողովքին տարեցներուն։ Մարզելու ընթացքին երբ այսպիսի խօսակցութիւններ կ’ունենաս, ասիկա եղբօր պիտի օգնէ որ մարդոց վրայ աւելի կեդրոնանայ քան՝ կանոններու վրայ։ Ան պիտի ուրախանայ, երբ տեսնէ թէ ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՛ս կ’օգտուին իր ծառայութենէն։
8 Ասկէ զատ, միշտ գովէ մարզուող եղբայրը, երբ տուած թելադրութիւններդ կիրարկէ։ Ասիկա ո՞րքան կարեւոր է։ Ինչպէս որ ջուրը ծաղիկը կ’աճեցնէ, այնպէս ալ անկեղծ գովասանքը մարզուողին կ’օգնէ որ յառաջդիմէ (համեմատէ՛ Մատթէոս 3։17)։
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ
9. ա) Բարգաւաճ երկիրներու մէջ կարգ մը երէցներ ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն։ բ) Պատանի եղբայրներէն ոմանք ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը առաջին տեղը չեն դրած։
9 Բարգաւաճ երկիրներու մէջ երէցները թերեւս յաւելեալ մարտահրաւէր դիմագրաւեն. 20–ական եւ 30–ական տարիքի մէջ եղող եղբայրները ինչպէ՛ս մղել որ ժողովքային գործունէութիւններուն մէջ բաժին բերեն։ Արեւմտեան շուրջ 20 երկիրներու մէջ, փորձառու երէցներէ խնդրեցինք որ մեզի ըսեն, թէ ինչո՛ւ կը խորհին թէ երիտասարդ եղբայրներէն ոմանք կը քաշուին ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ ընդունելէ։ Մեծամասնութիւնը ըսաւ որ եղբայրներէն ոմանք երբ դեռ դեռատի էին, իրենց ծնողներուն կողմէ չքաջալերուեցան որ հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդեն։ Իսկ երբ կարգ մը պատանիներ ուզեցին աւելին ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ, ծնողները զիրենք քաջալերեցին որ աշխարհի՛կ նպատակակէտեր հետապնդեն։ Այդ զաւակներուն համար ճշմարտութիւնը բնաւ առաջին տեղը չգրաւեց (Մատ. 10։24)։
10, 11. ա) Երէց մը ինչպէ՞ս կրնայ աստիճանաբար եղբօր մը օգնել, որ իր մտածելակերպը փոխէ։ բ) Ո՞ր համարները կրնան եղբայր մը խթանել որ աւելին ընէ, եւ ինչո՞ւ (տե՛ս ստորանիշը)։
10 Եթէ թուի թէ եղբայր մը փափաքը չունի ժողովքին մէջ աւելին տալու, շատ ջանք եւ համբերութիւն կը պահանջէ որ իր մտածելակերպը փոխուի, բայց անկարելի չէ։ Ինչպէս որ պարտիզպանը կրնայ որոշ բոյսերու աճը ճշդել ցօղունները հետզհետէ շտկելով, դուն ալ կրնաս որոշ եղբայրներու աստիճանաբար օգնել, որ հարկ տեսնեն առանձնաշնորհումներ ընդունելու նկատմամբ իրենց կեցուածքը փոխելու։ Բայց ինչպէ՞ս։
11 Ժամանակ տրամադրէ եղբօր հետ բարեկամանալու։ Թող գիտնայ թէ ժողովքը իրեն պէտք ունի։ Ապա, ժամանակի ընթացքին, իրեն հետ նստէ եւ որոշ համարներու վրայ պատճառաբանելով օգնէ իրեն, որ Եհովային կատարած իր նուիրումին մասին մտածէ (Ժող. 5։4. Եսա. 6։8. Մատ. 6։24, 33. Ղուկ. 9։57-62. Ա. Կոր. 15։58. Բ. Կոր. 5։15. 13։5)։ Թերեւս հարցնես. «Եհովային ի՞նչ խոստացար երբ իրեն նուիրուեցար»։ Փորձէ մարզուողին սիրտը խթանել, հարցնելով. «Ըստ քեզի, Եհովան ի՞նչ զգացած ըլլալու է երբ մկրտուեցար» (Առ. 27։11)։ «Սատանա՛ն ի՞նչ զգաց» (Ա. Պետ. 5։8)։ Ուշադրութեամբ ընտրուած համարներ կարդալը կրնայ խորապէս ազդել եղբօր. ասիկա բնաւ թեթեւի մի՛ առներ (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։12)b։
ՄԱՐԶՈՒՈՂՆԵ՛Ր, ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՂԷՔ
12, 13. ա) Եղիսէն ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեց երբ կը մարզուէր։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս վարձատրեց Եղիսէն իր հաւատարմութեան համար։
12 Պատանի՛ եղբայրներ, ժողովքը ձեր օգնութեան պէտք ունի։ Ո՞ր կեցուածքը ձեզի պիտի օգնէ որ յաջողիք։ Պատասխանելու համար, նկատի առնենք կարգ մը դէպքեր, որոնք տեղի ունեցան վաղեմի մարզուողի մը հետ։
13 Գրեթէ 3000 տարի առաջ, Եղիա մարգարէն երիտասարդ Եղիսէն հրաւիրեց որ իր սպասաւորը ըլլայ։ Իսկ Եղիսէն անմիջապէս ընդառաջեց եւ հաւատարմօրէն ծառայեց տարեց մարդուն, համեստ գործեր կատարելով (Դ. Թագ. 3։11)։ Շուրջ վեց տարի մարզուելէ ետք, Եղիսէն իմացաւ թէ Իսրայէլի մէջ Եղիային գործը ամբողջանալու վրայ էր։ Այդ ատեն, Եղիան իր մարզուած ընկերակիցը յորդորեց որ դադրի իրեն հետեւելէ, բայց Եղիսէն երեք անգամ ըսաւ. «Ես քեզ չեմ թողուր»։ Ան որոշած էր կարելի եղածին չափ իր մարզողին քով մնալ։ Իսկ Եհովան, իր կարգին, վարձատրեց Եղիսէին հաւատարմութիւնը, անոր թոյլ տալով որ Եղիային հրաշալի մեկնիլը տեսնէ (Դ. Թագ. 2։1-12)։
14. ա) Այժմու մարզուողները ինչպէ՞ս կրնան Եղիսէն ընդօրինակել։ բ) Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ մարզուողը հաւատարիմ ըլլայ։
14 Ինչպէ՞ս կրնաք Եղիսէն ընդօրինակել։ Անմիջապէս ընդունեցէք նշանակումները, ներառեալ՝ համեստ գործերը։ Ձեր մարզողը բարեկամ նկատեցէք, եւ գիտցուցէք թէ ձեզի ի նպաստ իր տարած ջանքերը որքա՜ն կը գնահատէք։ Ձեր ընդառաջելով կարծես կ’ըսէք. «Ես քեզ չեմ թողուր»։ Ամէն բանէ աւելի, ձեզի յանձնուած որեւէ նշանակում հաւատարմօրէն կատարեցէք։ Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Որովհետեւ երբ երէցները ձեր հաւատարիմ եւ վստահելի ըլլալը տեսնեն, վստահ կ’ըլլան թէ Եհովան կ’ուզէ որ ժողովքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստանձնէք (Սաղ. 101։6. կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։2)։
ՅԱՐԳԵՑԷՔ ՓՈՐՁԱՌՈՒ ԵՐԷՑՆԵՐԸ
15, 16. ա) Եղիսէն ի՞նչ կերպերով յարգեց իր մարզողը (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Եղիսէն ինչո՞ւ միւս մարգարէներուն վստահութիւնը շահեցաւ։
15 Եղիսէին օրինակը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ այժմու եղբայրներ ինչպէ՛ս կրնան փորձառու երէցները յարգել։ Երիքովի մէջ խումբ մը մարգարէներու այցելութիւն տալէ ետք, Եղիան եւ Եղիսէն դէպի Յորդանան գետը գացին։ Հոն, «Եղիա իր վերարկուն առաւ ծալլեց եւ ջուրերուն զարկաւ ու մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան»։ Գետը կտրեցին ու «խօսելով կ’երթային»։ Յստակ է որ Եղիսէն չէր խորհեր թէ այլեւս ամէն բան գիտէր։ Ան ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ Եղիային խօսքերը, մինչեւ որ ժամանակը եկաւ որ իր մարզողը երթայ։ Ապա, Եղիան մրրիկով երկինք բարձրացաւ։ Անկէ ետք, երբ Եղիսէն նորէն Յորդանան գետը պիտի կտրէր, Եղիային վերարկուն առաւ եւ ջուրերուն զարկաւ՝ ըսելով. «Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա»։ Ջուրերը դարձեալ բաժնուեցան (Դ. Թագ. 2։8-14)։
16 Նկատեցի՞ր որ Եղիսէին առաջին հրաշքը Եղիայի վերջին հրաշքին կրկնօրինակն էր։ Ասիկա ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։ Ակնյայտ է, որ Եղիսէն չխորհեցաւ թէ ղեկը այժմ իր ձեռքը ըլլալով, պէտք էր ուղղութիւնը անմիջապէս փոխէր։ Փոխարէն, ան իր մարզողը յարգեց, ծառայութեան մէջ անոր կերպը ընդօրինակելով. ասիկա միւս մարգարէներուն օգնեց որ իրեն վստահին (Դ. Թագ. 2։15)։ Յետագային սակայն, Եհովան Եղիսէն մղեց որ Եղիայէն շատ աւելի հրաշքներ գործէ իր 60 տարուան ծառայութեան մէջ իբրեւ մարգարէ։ Ո՛վ մարզուող, ի՞նչ դաս կրնաս քաղել ասկէ։
17. ա) Այժմու մարզուողները ինչպէ՞ս կրնան Եղիսէին կեցուածքը ընդօրինակել։ բ) Եհովան ժամանակի ընթացքին ինչպէ՞ս կրնայ մարզուող հաւատարիմ եղբայրները գործածել։
17 Մի՛ խորհիր թէ ժողովքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանալուդ պէս, պէտք է ուղղութիւնը փոխես, այսինքն՝ կարգ մը գործունէութիւններ բոլորովին ա՛յլ կերպով կատարես։ Ժողովքին կարիքները եւ Եհովայի կազմակերպութենէն մեր ստացած ցուցմունքներն են, որ կ’որոշեն թէ փոփոխութիւն ընելու պէտք կայ, եւ ոչ թէ քու փափաքդ։ Ինչպէս որ Եղիսէն Եղիային մեթոտներուն հետեւելով զինք յարգեց եւ միւս մարգարէներուն վստահութիւնը շահեցաւ, դուն ալ կրնաս փորձառու երէցները յարգել՝ իրենց աստուածաշնչական մեթոտներուն հետեւելով, եւ այսպէս հաւատակիցներուդ վստահութիւնը շահիլ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 4։17)։ Բայց մինչ փորձառութիւնդ կ’աւելնայ, վստահաբար բաժին պիտի բերես որոշ փոփոխութիւններ կիրարկելու մէջ, որոնք ժողովքին պիտի օգնեն Եհովայի յառաջդիմական կազմակերպութեան հետ քայլ պահելու։ Եղիսէին պարագային պէս, թերեւս Եհովան ժամանակի ընթացքին քեզ ալ մղէ, որ մարզողէդ աւելի մեծ գործեր ընես (Յովհ. 14։12)։
18. Ժողովքներուն մէջ եղբայրները մարզելը ինչո՞ւ նախապատուութիւն մըն է։
18 Կը յուսանք որ այս եւ նախորդ յօդուածին առաջարկները աւելի մեծ թիւով երէցներ մղեն, որ ուրիշները մարզելու ժամանակ յատկացնեն։ Կը մաղթենք որ որակեալ եղբայրներ ուրախութեամբ այդպիսի մարզում ընդունին եւ ապա զայն իմաստունօրէն գործածեն, մինչ Եհովային ոչխարներուն հոգ կը տանին։ Այս մարզումը աշխարհի տարածքին ժողովքները պիտի զօրացնէ եւ իւրաքանչիւրիս պիտի օգնէ, որ գալիք նշանակալից դէպքերուն ընթացքին հաւատարիմ մնանք։
a Եթէ պատանի մը ցոյց տայ թէ քրիստոնէական հասունութիւն ունի, խոնարհ է եւ սուրբգրային միւս որակումներուն գոհացում կու տայ, երէցները կրնան յանձնարարել որ օգնական ծառայ նշանակուի, նոյնիսկ եթէ տակաւին 20 տարեկան չէ (Ա. Տիմ. 3։8-10, 12. տե՛ս մայիս 2000–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ «‘Առաջ թող փորձուին’. ինչպէ՞ս» յօդուածը)։
b Կրնաս քննարկման ընթացքին գործածել այն կէտերը, որոնք նշուած են Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2012 թիւին մէջ, էջ 20-22, պարբերութիւն 8-13. եւ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքին մէջ, գլուխ 16, պարբերութիւն 1-3։
-