Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ19 թիւ 1 էջ 3
  • Մեր ապահովութիւնը վտանգի տակ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր ապահովութիւնը վտանգի տակ է
  • Զարթի՛ր 2019
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ տնտեսական խնդիրներուն նկատմամբ
    Ուրիշ նիւթեր
  • Անհաւասարութիւն Աստուած ի՞նք մտադրած էր զայն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • 2018–ի Ընդհանուր տուեալներ
    2018 Ծառայութեան տարուան Եհովայի վկաներու համաշխարհային տեղեկագրութիւն
  • Ե՞րբ կրնամ որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2017)
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2019
զ19 թիւ 1 էջ 3

ԽՆԴԻՐԸ

Մեր ապահովութիւնը վտանգի տակ է

«Այս սերունդը ամէն ժամանակէ աւելի արհեստագիտական, գիտական եւ տնտեսական միջոցներ ունի. . . բայց եւ այնպէս, թերեւս առաջին սերունդն է, որ աշխարհը հասցուցած է [քաղաքական, տնտեսական եւ կենսոլորտային] կործանումի սեմին» (The Global Risks Report 2018, World Economic Forum)։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԻՃԱԿՆԵՐԷՆ ՏԵՂԵԱԿ ԵՂՈՂ ԱՆՀԱՏՆԵՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ՄՏԱՀՈԳ ԵՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ ԱՊԱԳԱՅՈՎ։ ՆԿԱՏԻ ԱՌ ԱՅՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԷՆ ՈՄԱՆՔ, ՈՐՈՆՔ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ։

  • Գրաւուած համակարգիչ

    ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՈՃԻՐ։ Լրագիր մը կ’ըսէ որ համացանցը երթալէն աւելի վտանգաւոր վայր մը կը դառնայ։ Հոն ազատութիւն կ’առնեն՝ մանկամոլներ, կայքահէններ (hacker), մարդիկ որոնք կը սիրեն ուրիշները վախցնել, նուաստացնել կամ անոնց սպառնալ, եւ մարդիկ որոնք դիտմամբ չարամիտ, գրգռիչ կամ թշնամական նիւթեր կը դնեն։ Նաեւ կ’ըսէ. «Ինքնութիւնը գողնալը ամէնէն արագ շատցող ոճիրներէն մէկն է։ . . .Համացանցը մարդոց առիթ կու տայ, որ դրսեւորեն մարդկային ամէնէն գէշ յատկութիւններէն մէկը. վայրագ եւ անգութ ըլլալ» (The Australian)։

  • Դէպի դրամ երկարած ձեռքեր

    ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ։ Oxfam International–ի վերջին մէկ տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ, որ աշխարհի ամենահարուստ ութ անհատները նոյնքան հարստութիւն ունին, որքան 3,6 միլիառ աղքատներ միասնաբար ունին։ Նաեւ կը նշէ. «Տնտեսական վատ կացութիւնը հարուստ խաւը կը հարստացնէ աղքատ խաւին հաշւոյն, որուն մեծամասնութիւնը կիներ են»։ Ոմանք կը վախնան, որ հետզհետէ աւելցող անհաւասարութիւնը պատճառ դառնայ որ մարդիկ ըմբոստանան։

  • Ռումբեր

    ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔ։ ՄԱԿ–ի Գաղթականներու հարցերով գործակալութեան 2018–ի տեղեկագրութեան համաձայն, «այժմ աննախընթաց հաւաքական տեղահանում կ’արձանագրուի»։ Աւելի քան 68 միլիոն հոգի ստիպուեցան իրենց տուները ձգել, մեծաւ մասամբ պատերազմի կամ հալածանքի պատճառով։ Տեղեկագրութիւնը ըսաւ. «Ամէն երկու երկվայրկեան՝ 1 անհատ բռնի ուժով կը տեղահանուի»։

  • Գործարանին ծուխը օդը կ’ապականէ

    ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ՎՏԱՆԳՆԵՐ։ Տեղեկագիր մը կ’ըսէ. «Բոյսերու եւ անասուններու զանազան տեսակներ շատ արագ կ’անհետանան» եւ «օդին ու ծովուն ապականութիւնը երթալէն աւելի վտանգ կը հանդիսանայ մարդուն առողջութեան» (The Global Risks Report 2018)։ Նաեւ, կարգ մը երկիրներու մէջ միջատներու թիւը շա՜տ կը նուազի։ Որովհետեւ միջատներուն մէկ դերն է բոյսերուն բեղմնափոշին տարածել, գիտնականները ներկայիս կը զգուշացնեն, որ մեր կենսոլորտը թերեւս ամբողջութեամբ կործանի։

Արդեօք կարո՞ղ ենք պէտք եղած փոփոխութիւնները ընել, աւելի ապահով աշխարհ մը ունենալու համար։ Ոմանք կը խորհին որ կրթութիւնը կարեւոր դեր ունի։ Բայց ի՞նչ տեսակ կրթութիւն կրնայ իրապէս փոխել մարդոց մտածելակերպն ու վարուելակերպը։ Յաջորդ յօդուածները այս հարցումներուն պիտի պատասխանեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել