Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • հտ մաս 1 էջ 2-3
  • Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
  • Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Տառապանքէ զերծ երկիր մը
    Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
Տես աւելին
Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
հտ մաս 1 էջ 2-3

Մաս 1

Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի

1, 2. Մարդիկ ի՞նչ հարցումներ կ’ընեն Աստուծոյ մասին եւ ինչո՞ւ։

ՁԵՐ կեանքին մէջ որոշ ատեն մը, թերեւս դուք ձեզի հարց տուած էք. ‘Եթէ իրապէս մեզի հոգ տանող Աստուած մը կայ, ան ինչո՞ւ ա՛յսքան տառապանք կը թոյլատրէ’։ Բոլորս ալ տառապանք ունեցած ենք կամ տառապած անհատ մը ճանչցած ենք։

2 Արդարեւ, Պատմութեան ընթացքին, մարդիկ ցաւէ եւ վիշտէ տառապած են պատերազմի, անգութ բռնութեան, ոճիրի, անիրաւութեան, աղքատութեան, հիւանդութեան եւ սիրելիներու մահուան պատճառաւ։ Մեր Ի. դարուն միայն, աւելի քան 100 միլիոն անհատներ սպաննուած են պատերազմներէ։ Հարիւր միլիոնաւոր ուրիշներ վիրաւորուած են կամ տուն ու ինչք կորսնցուցած են։ Մեր օրերուն շատ սարսափելի բաներ պատահած են անթիւ մարդոց մեծ վիշտ ու շատ արցունք պատճառելով եւ զանոնք յուսահատ դարձնելով։

3, 4. Շատեր ի՞նչ կը խորհին Աստուծոյ կողմէ տառապանքի թոյլատուութեան մասին։

3 Ոմանք դառնացած են եւ կը խորհին որ եթէ Աստուած մը կայ, ան իրապէս հոգ չի՛ տանիր մեզի։ Կամ անոնք նոյնիսկ կը խորհին որ Աստուած գոյութիւն չո՛ւնի։ Օրինակի համար, մարդ մը, որ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին ցեղային հալածանքէ տառապեցաւ եւ բարեկամներ ու ընտանիքի անդամներ կորսնցուց, հարցուց. «Ո՞ւր էր Աստուած, երբ իրեն պէտք ունեցանք»։ Ուրիշ անհատ մը, որ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին Նացիներու կողմէ միլիոնաւորներու սպանդէն վերապրեցաւ, իր տեսած տառապանքին պատճառաւ այնքան կսկծած էր, որ ըսաւ. «Եթէ կարենայիք սիրտս լզել, պիտի թունաւորուէիք»։

4 Ուստի, շատ մը մարդիկ չեն կրնար հասկնալ թէ բարի Աստուած մը ի՛նչու թոյլ պիտի տար որ գէշ բաներ պատահին։ Անոնք իրենք իրենց հարց կու տան թէ ան իրապէս հոգ կը տանի մեզի կամ նոյնիսկ՝ թէ ան գոյութիւն ունի։ Իսկ անոնցմէ շատեր կը խորհին որ տառապանքը միշտ մարդուն գոյութեան անբաժանելի մէկ մասը պիտի ըլլայ։

[Նկար՝ էջ 2, 3]

Տառապանքէ զերծ աշխարհ մը մօ՞տ է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել