Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • հտ մաս 7 էջ 14-17
  • Ըմբոստութեան հետեւանքները ի՞նչ եղած են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ըմբոստութեան հետեւանքները ի՞նչ եղած են
  • Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներկայ Վիճակը
  • Ժամանակը Ի՛նչ Ցոյց Տուած Է
  • Աստուծոյ Երկարատեւ Հայեցակէտը
  • Տառապանքը թոյլատրելու Աստուծոյ ժամանակը իր վախճանին մօտեցած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Ինչո՞ւ այսքան տառապանք եւ անարդարութիւն կայ
    Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ի՞նչպէս կրնաք գտնել զայն
  • Աստուած ի՛նչու թոյլատրած է տառապանքը
    Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ երկրին նոր իշխանութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
հտ մաս 7 էջ 14-17

Մաս 7

Ըմբոստութեան հետեւանքները ի՞նչ եղած են

1–3. Ժամանակը ինչպէ՞ս փաստած է Եհովայի ճշգրիտ ըլլալը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ իշխելու իրաւունքին հարցին նկատմամբ, այս բոլոր դարերու ընթացքին Աստուծմէ անկախ մարդկային իշխանութեան հետեւանքները ի՞նչ եղած են։ Մարդիկ փաստա՞ծ են Աստուծմէ աւելի լաւ կառավարիչներ ըլլալ։ Եթէ մարդուն հանդէպ մարդուն անմարդկայնութեան արձանագրութենէն դատենք, վստահաբար՝ ոչ։

2 Երբ մեր առաջին ծնողքը Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժեց, ասիկա աղէտի առաջնորդեց։ Անոնք իրենց եւ իրենցմէ յառաջ եկած մարդկային ամբողջ ընտանիքին վրայ տառապանք բերին։ Ասոր համար միմիայն անոնք այպանելի էին։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ասոնք ապականեցան. անոնք իր որդիները չեն, արատը իրենցն է»։—Բ. Օրինաց 32։5, ՆԱ

3 Աստուած ազդարարած էր Ադամին ու Եւային որ եթէ անոնք իր կարգադրութիւններէն դուրս ելլէին, պիտի փճանային եւ վերջապէս մեռնէին. պատմութիւնը այս ազդարարութեան ճշգրիտ ըլլալը ցոյց տուած է։ (Ծննդոց 2։17. 3։19) Անոնք Աստուծոյ իշխանութենէն դուրս եկան եւ, ժամանակի ընթացքին, փճացան ու մեռան։

4. Բոլորս ալ ինչո՞ւ անկատար ծնած ենք, հիւանդութեան ու մահուան ենթակայ։

4 Հռովմայեցիս 5։12–ը կը բացատրէ թէ անկէ ետք ի՛նչ պատահեցաւ անոնց ամբողջ սերունդին. «Մարդէ մը [Ադամէն՝ մարդկային ընտանիքի գլուխը] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը»։ Ուստի, երբ մեր առաջին ծնողքը Աստուծոյ վերատեսչութեան դէմ ըմբոստացաւ, անոնք արատաւոր մեղաւորներ դարձան։ Սերնդագիտական օրէնքներուն համաձայն, անոնք կրնային միմիայն անկատարութիւն փոխանցել իրենց սերունդին։ Անոր համար, բոլորս ալ արատաւոր ծնած ենք, հիւանդութեան ու մահուան ենթակայ։

5, 6. Պատմութիւնը ի՞նչ ցոյց տուած է իրական խաղաղութիւն ու բարգաւաճութիւն բերելու մարդուն ջանքերուն մասին։

5 Դարեր անցած են։ Կայսրութիւններ եկած ու գացած են։ Կառավարական երեւակայելի ամէն տեսակ վարչաձեւ փորձուած է։ Սակայն, դարձեալ ու դարձեալ, սոսկալի բաներ պատահած են մարդկային ընտանիքին։ Վեց հազար տարիներ ետք, պիտի ակնկալէինք որ մարդիկ երկրածաւալ խաղաղութիւն, արդարութիւն ու բարգաւաճութիւն հաստատելու աստիճան յառաջացած ըլլային եւ որ հիմա անոնք բարութեան, կարեկցութեան եւ համագործակցութեան դրական արժէքներուն տիրապետած ըլլային։

6 Իրականութիւնը, սակայն, ճիշդ հակառակն է։ Մարդկային կառավարական ոչ մէկ վարչաձեւ կրցած է իրական խաղաղութիւն ու բարգաւաճութիւն բերել բոլորիս։ Այս Ի. դարուն միայն, Ողջակիզութեան ընթացքին միլիոնաւոր մարդոց կանոնաւոր սպանութիւնը եւ պատերազմներու մէջ աւելի քան 100 միլիոն անհատներու սպանդը տեսած ենք։ Մեր օրերուն, անհամար անհատներ չարչարուած, սպաննուած եւ բանտարկուած են անհանդուրժողութեան եւ տարբեր քաղաքականութիւններու պատճառաւ։

Ներկայ Վիճակը

7. Մարդկային ընտանիքին ներկայ վիճակը ինչպէ՞ս կարելի է նկարագրել։

7 Ասկէ զատ, մարդկային ընտանիքին ընդհանուր ներկայ վիճակը նկատի առէք։ Ոճիրն ու բռնութիւնը վերելք կ’առնեն։ Թմրեցուցիչի գործածութիւնը համաճարակային բնոյթ առած է։ Սեռային գետնի վրայ տարրափոխիկ ախտերը հանրածաւալ են։ Սոսկալի ԱԴԱ ախտը [AIDS] միլիոնաւոր անհատներ վարակած է։ Ամէն տարի տասնեակ միլիոնաւոր անհատներ անօթութենէ կամ հիւանդութենէ կը մահանան, մինչ սակաւաթիւ անհատներ հսկայական հարստութիւն ունին։ Մարդիկ երկիրը կ’ապականեն ու կը կողոպտեն։ Ընտանեկան կեանքը եւ բարոյական արժէքները բեկանուած են ամէնուրեք։ Իրապէս, ներկայ կեանքը ‘այս աշխարհի աստուծոյն’՝ Սատանային՝ տգեղ իշխանութիւնը կ’արտացոլացնէ։ Անոր տիրապետած աշխարհը պաղ, կոշտ եւ ամբողջովին ապականուած է։—Բ. Կորնթացիս 4։4

8. Մենք ինչո՞ւ չենք կրնար մարդկային իրագործումները իրական յառաջդիմութիւն կոչել։

8 Աստուած բաւարար ժամանակ թոյլատրած է, որպէսզի մարդիկ իրենց գիտական եւ նիւթական յառաջդիմութեան բարձունքին հասնին։ Բայց իրական յառաջդիմութի՞ւն է, երբ աղեղին ու նետին փոխարինած են գնդացիրները, հրասայլերը, ռմբաձիգները եւ կորիզային հռթիրները։ Յառաջդիմութի՞ւն է, երբ մարդիկ կրնան դէպի անջրպետ ճամբորդել, բայց չեն կրնար երկրի վրայ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրիլ։ Յառաջդիմութի՞ւն է, երբ մարդիկ գիշեր ատեն, կամ՝ կարգ մը շրջաններու մէջ նոյնիսկ ցորեկ ատեն, կը վախնան փողոցը քալելէ։

Ժամանակը Ի՛նչ Ցոյց Տուած Է

9, 10. (ա) Անցեալ դարերը յստակօրէն ի՞նչ ցոյց տուած են։ (բ) Աստուած ինչո՞ւ ազատ կամքը ետ պիտի չառնէ։

9 Դարերու փորձառութիւնը ցոյց տուած է որ մարդիկ կարող չեն իրենց քալուածքը յաջողութեամբ շտկելու, եթէ Աստուծոյ իշխանութենէն անջատ են։ Ասիկա նոյնքան անկարելի է անոնց, որքան փորձել առանց ուտելու, խմելու եւ շնչելու ապրիլ։ Իրողութիւնը բացայայտ է. Մենք մեր Ստեղծիչին առաջնորդութենէն կախեալ ըլլալու համար ծրագրուած ենք, ճիշդ ինչպէս որ ուտելիքէն, ջուրէն եւ օդէն կախեալ ըլլալու համար ստեղծուած ենք։

10 Չարութիւնը թոյլատրելով, Աստուած մի անգամ ընդ միշտ ցոյց տուած է ազատ կամքին սխալ գործածութեան տխուր հետեւանքները։ Բայց ազատ կամքը այնքան թանկագին պարգեւ մըն է որ, փոխանակ զայն մարդոցմէ ետ առնելու, Աստուած թոյլ տուած է անոնց որ տեսնեն անոր սխալ գործածութեան հետեւանքները։ Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութիւնը կը խօսի, երբ կ’ըսէ. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ Անիկա նաեւ ճշմարիտ է. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։—Երեմեայ 10։23. Ժողովողի 8։9

11. Մարդկային կառավարական որեւէ վարչաձեւ տառապանքը չքացուցա՞ծ է։

11 Վեց հազար տարիներ Աստուծոյ կողմէ մարդկային իշխանութեան թոյլատրումը ուժեղ կերպով կը պատկերացնէ որ մարդը անկարող է տառապանքին վերջ դնել։ Ան ո՛չ մէկ ատեն ըրած է ասիկա։ Օրինակի համար, Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը, իր ամբողջ իմաստութեամբ, հարստութեամբ եւ զօրութեամբ, չկրցաւ իր օրուան մարդկային իշխանութենէն պատճառուած թշուառութիւնը արմատախիլ ընել։ (Ժողովողի 4։1–3) Նմանապէս, մեր օրուան աշխարհի կառավարիչներ, նոյնիսկ ճարտարարուեստական ամենէն արդիական յառաջդիմութիւններով, կարող չեն տառապանքը չքացնել։ Աւելի գէշը, պատմութիւնը ցոյց տուած է որ Աստուծոյ իշխանութենէն անկախ մարդիկ աւելցուցած են տառապանքը, փոխանակ զայն մէջտեղէն վերցնելու։

Աստուծոյ Երկարատեւ Հայեցակէտը

12–14. Աստուծոյ կողմէ տառապանքին թոյլատուութիւնը ի՞նչ երկարատեւ օգուտներ կը բերէ։

12 Աստուծոյ կողմէ տառապանքին թոյլատուութիւնը ցաւալի եղած է մեզի համար։ Բայց ան երկարատեւ հայեցակէտ մը ունեցած է, գիտնալով որ վերջ ի վերջոյ լաւ արդիւնքներ պիտի քաղուին։ Աստուծոյ հայեցակէտը իր արարածներուն օգտակար պիտի ըլլայ, ոչ միայն քանի մը տարիներ, կամ քանի մը հազարամեակներ, այլ՝ միլիոնաւոր տարիներ, այո, յաւիտեան։

13 Ապագային, եթէ պարագայ մը ըլլայ, երբ մէկը իր ազատ կամքը սխալ գործածէ Աստուծոյ գործելակերպը հարցի տակ դնելու համար, անհրաժեշտ պիտի չըլլայ անոր ժամանակ թոյլատրել, որպէսզի ան իր տեսակէտները փաստել փորձէ։ Արդէն ըմբոստներուն հազարաւոր տարիներ թոյլատրած ըլլալով, Աստուած օրինաւոր նախընթաց մը հաստատած է, որ կրնայ ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին եւ տիեզերքին մէջ ամէնուրեք կիրարկուիլ։

14 Քանի որ Եհովա չարութիւնն ու տառապանքը թոյլատրած է մինչեւ հիմա, արդէն մեծ չափով փաստուած պիտի ըլլայ որ իրեն հետ ներդաշնակ չեղող ո՛չ մէկ բան կրնայ բարգաւաճիլ։ Աներկբայելիօրէն ցոյց տրուած պիտի ըլլայ որ մարդոց կամ հոգեղէն արարածներու որեւէ անկախ ծրագիր չի կրնար մնայուն օգուտներ բերել։ Հետեւաբար, այն ատեն, Աստուած լիովին ջատագովուած պիտի ըլլայ ոեւէ ըմբոստ անմիջապէս բնաջնջելով։ «[Ան] բոլոր ամբարիշտները [պիտի] կորսնցնէ»։—Սաղմոս 145։20. Հռովմայեցիս 3։4

[Նկար՝ էջ 15]

Աստուծմէ անկախ ըլլալ ընտրելէ ետք, մեր առաջին ծնողքը ծերացաւ եւ վերջապէս մեռաւ

[Նկար՝ էջ 16]

Աստուծմէ անջատ մարդկային իշխանութիւնը փաստած է աղիտալի ըլլալ

[Նկարին աղբիւրը]

U.S. Coast Guard photo

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել