Բարի Եկած Էք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին
ԱՇԽԱՐՀԻ չորս կողմը, աւելի քան 200 երկիրներու մէջ, միլիոնաւոր աշակերտներ ամէն շաբաթ կ’օգտուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մատակարարած կրթութենէն։ Անոնցմէ ոմանք նորեկ են. ուրիշներ տարիներէ ի վեր կը յաճախեն այս դպրոցը։ Այս դպրոցը տասնեակ հազարաւոր վայրերու մէջ կը վարուի։ Աշխարհի մէջ ո՛ւր որ ալ ապրիք, կրթական նոյն յայտագիրը մատչելի է ձեզի։ Ամէն տարիքի, ցեղի եւ կրթական ենթահողի պատկանող անհատներ այս աստուածպետական կրթութիւնը կը ստանան անվճար։
Երբ 1943–ին այս դպրոցին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ, անոր նպատակը հետեւեալ խօսքերով նշուած էր. «Աստուծոյ Խօսքը լսած եւ անոր հանդէպ իրենց հաւատքը ապացուցանած բոլոր ‘հաւատարիմ տղամարդիկը’ պատրաստել, որ ‘կարող ըլլան ուրիշներու սորվեցնել’ . . . միակ նպատակ ունենալով, որ իւրաքանչիւրը . . . աւելի լաւ զինուած ըլլայ իր ունեցած յոյսը հանրապէս ներկայացնելու»։ (Աստուածպետական Ծառայութեան Դասընթացք, էջ 4, Անգլերէն) Դպրոցը մինչեւ օրս նոյն նպատակը կը հետապնդէ։
Իրապէս, իւրաքանչիւրս խօսելու մեր աստուածատուր պարգեւը ի՞նչպէս կրնանք լաւագոյնս գործածել։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ»։ (Սաղմ. 150։6) Ասիկա ընելով, մեր երկնաւոր Հօրը սիրտը կ’ուրախացնենք։ Իրեն կ’ապացուցանենք որ մեր սիրտը երախտագիտութեամբ կ’ընդառաջէ իր բարութեան եւ սիրոյն։ Զարմանալի չէ որ Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ ամէն ատեն ‘Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանեն, այսինքն իրենց շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին’։ (Եբր. 13։15) Եհովան փառաբանելու համար ձեր աստուածատուր պարգեւները գործածելու ձեր կարողութիւնը բարելաւելու մէջ ձեզի օգնելու մտքով, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ որպէս աշակերտ ձեզի բարի գալուստ կը մաղթենք։
Թէեւ հանրային ընթերցանութեան եւ խօսելու ու սորվեցնելու արուեստին բաւական կարեւորութիւն կը տրուի դպրոցին մէջ, բայց Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին կրթութիւնը միայն այս չէ որ կ’իրագործէ։ Երբ անոր մասնակցիք, կարգ մը արժէքաւոր հմտութիւններ պիտի զարգացնէք, ինչպէս՝ անհատական ընթերցանութիւն, մտիկ ընել եւ յիշել, ուսումնասիրել, պրպտել, վերլուծել եւ դասաւորել, զրուցել, հարցումներու պատասխանել, եւ ձեր խորհուրդները գրի առնել։ Աստուածաշունչը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած գրականութիւններ որպէս հիմ պիտի ծառայեն ուսումնասիրութեան, մեկնաբանութեան եւ դպրոցին մէջ տրուած ներկայացումներուն։ Մինչ ձեր միտքը Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող թանկարժէք ճշմարտութիւններով կը լեցնէք, պիտի սորվիք Աստուծոյ խորհուրդները մտածել։ Ասիկա որքա՜ն օգտաշատ կրնայ ըլլալ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Աստուծոյ Խօսքին արժէքին մասին, Ի. դարու համալսարանի ուսուցիչ Ուիլիըմ Լիյոն Ֆէլփս գրեց. «Ոեւէ անհատ որ ամբողջական գիտութիւն ունի Աստուածաշունչէն, կրնայ իրապէս զարգացած կոչուիլ։ . . . Ես կը հաւատամ որ Աստուածաշունչի գիտութիւնը առանց համալսարանական կրթութեան շատ աւելի արժէքաւոր է, քան համալսարանական կրթութիւնը՝ առանց Աստուածաշունչի»։
Ի՛նչպէս Լման Կերպով Օգտուիլ
Անշուշտ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին տուած կրթութենէն լիովին օգտուելու համար, դո՛ւք, ո՛վ աշակերտներ, անձնապէս պէտք է ջանք թափէք։ Պօղոս առաքեալ իր Քրիստոնեայ ընկերակիցին՝ Տիմոթէոսի՝ հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ»։ (Ա. Տիմ. 4։15) Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնաք ասոր մէջ ջանադիր ըլլալ։
Եթէ կարելի է, ամէն շաբաթ ներկայ գտնուեցէք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք այս դասագիրքը խոհեմութեամբ գործածեցէք։ Ձեր անունը գրեցէք կողքին վրայ հո՛ն ուր անոր համար յատկացուած է։ Միշտ գիրքը ձեր հետ բերէք, երբ դպրոց կու գաք։ Այս դասագրքին մէջ կրնաք նոթեր առնել։ Երբ անոր մէջ կարեւոր կէտեր կարդաք, որոնք կը խորհիք թէ օգտակար կրնան ըլլալ ձեզի՝ ընդգծեցէք։ Լայն լուսանցքին մէջ գրեցէք այն գործնական կէտերը, զորս կը սորվիք դպրոցի զրոյցներու ընթացքին։
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագրէն օրինակ մը պիտի հայթայթուի ձեզի։ Յայտագիրը մանրամասնութիւններ ալ պիտի ներփակէ թէ դպրոցը ի՛նչպէս պիտի վարուի։ Յայտագիրը ձեռքի տակ ունենալու համար, այս գրքին մէջ պահելը գործնական կրնայ ըլլալ։
Շաբաթական դպրոցի նիստերուն պատրաստուելու ատեն, ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ Աստուածաշունչը գլխաւոր դասագիրքն է։ Շաբթուան համար ծրագրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան նախապատուութիւն տուէք։ Եթէ կարելիութիւն ունենաք նաեւ նախապէս յայտագրին տարբեր մասերը կարդալու, ասիկա շատ օգտակար պիտի ըլլայ։
Դպրոցի ընթացքին, ներկաներուն մասնակցութեան պատեհութիւններ կրնան տրուիլ։ Ասոնցմէ լիովին օգտուեցէք։ Այսպիսի զրոյցներու մէջ բաժին բերելը, ձեր լսածները յիշելու եւ զանոնք ձեր անձնական կեանքին մէջ գործադրելու համար կարեւոր ազդակ մըն է։
Անշուշտ, բոլոր աշակերտներուն առիթ պիտի տրուի որ ժողովքին դիմաց դասախօսութիւններ եւ ցուցադրութիւններ ներկայացնեն։ Այս առիթները օգտագործեցէք։ Ձեր խօսակցութեան որակը բարելաւելու համար ձեզի նշանակուած կէտին վրայ ջանադրութեամբ աշխատեցէք։ Ձեր յառաջդիմութիւնը շարունակելու համար ձեզի խրատներ պիտի տրուին։ Այդ անձնական օգնութիւնը սիրով ընդունեցէք։ Ձեր գրքին մէջ նոթագրեցէք մասնայատուկ թելադրութիւններ, թէ անհատապէս ի՛նչ պէտք է ընէք բարելաւուելու համար։ Քանի որ անհատ մը չի կրնար ինքն իր վրայ բաներ նկատել որքան՝ ուրիշները, տրուած սիրալիր ու սուրբ գրային թելադրութիւններն ու խրատները մեծապէս կրնան նպաստել ձեր յառաջդիմութեան։ Ասիկա ճշմարիտ է նոյնիսկ երբ տարիներէ ի վեր դպրոցին մէջ արձանագրուած էք։—Առ. 1։5
Կը փափաքի՞ք աւելի արագ յառաջդիմել։ Ասիկա կարելի կ’ըլլայ անձնական ջանքով։ Նախապէս ուսումնասիրեցէք նկատի առնուելիք իւրաքանչիւր աշակերտական բաժին։ Եթէ աշակերտ մը փոխարինելու կարիքը ըլլայ, ի վիճակի պիտի ըլլաք զայն ներկայացնելու պատրաստակամութիւն յայտնելու եւ աւելի մեծ փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէք։ Երբ ուրիշներ բաժիններ կը ներկայացնեն, ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք թէ ի՛նչպէս կը զարգացնեն նիւթը։ Բոլորս ալ իրարմէ կը սորվինք։
Ասկէ զատ, եթէ ձեր պարագաները թոյլ տան, կրնաք ձեր յառաջդիմութիւնը արագացնել, անձնապէս կանխաւ ուսումնասիրելով այս դասագիրքը։ Յաջորդ 15 ուսումնասիրութիւններուն լաւ ծանօթանալէ ետք, շարունակեցէք աշխատիլ՝ «Դասախօսի եւ Ուսուցիչի Կարողութիւն Մշակելու Ծրագիր»ին վրայ, որ էջ 78–էն կը սկսի։ Նախ՝ իւրաքանչիւր դաս ուսումնասիրեցէք, եւ անոր կապակցաբար տրուած վարժութիւնները ըրէք։ Ձեր սորված բաները ծառայութեան մէջ գործադրեցէք։ Ասիկա մեծ թափ մը կու տայ ձեր յառաջդիմութեան որպէս դասախօս եւ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչ։
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի մէջ ձեր ստացած կրթութիւնը ձեզի պիտի օգնէ որ կեանքի մէջ կարեւորագոյն եղող բանին համար պատրաստուիք։ Քանի որ Աստուծոյ կամքով ողջ ենք, զինք փառաբանելով է որ իրագործած կ’ըլլանք մեր գոյութեան բուն նպատակը։ Եհովա Աստուած բարձրորակ փառաբանութեան արժանի է։ (Յայտ. 4։10բ) Դպրոցին մէջ մեր ստացած կրթութիւնը ասիկա իրագործելու միջոց մըն է, որպէսզի կարենանք յստակօրէն մտածել, իմաստութեամբ վարուիլ, եւ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին հոյակապ ճշմարտութիւնները ազդու կերպով հաղորդել։