-
Ան պաշտպանեց Աստուծոյ ժողովուրդըԱնոնց հաւատքը ընդօրինակենք
-
-
ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆՀԻՆԳ
Ան պաշտպանեց Աստուծոյ ժողովուրդը
1-3. ա) Եսթեր թերեւս ինչո՞ւ կը վախնար իր ամուսինին քով երթալու գաղափարէն։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք Եսթերի վերաբերեալ։
ԵՍԹԵՐ կը փորձէ հանդարտ մնալ, մինչ կը մօտենայ Շուշանի մէջ գտնուող պալատի գաւիթին։ Իր սիրտը կը սկսի վախէն տրոփել։ Ինչո՞ւ. . . ։ Պալատը այնպէս մը շինուած է որ վախ կը ներշնչէ։ Ամէնուրեք կան աղիւսաշէն եւ ջնարակ խէժով փայլեցուած թեւաւոր ցուլերու, աղեղնաւորներու եւ առիւծներու գոյնզգոյն բարձրաքանդակներ, գծաւոր սիւներ եւ վիթխարի արձաններ։ Պալատին դիրքը նոյնպէս տպաւորիչ է, որովհետեւ կը գտնուի ձիւնապատ Զագրոս լեռներուն մօտակայքը գտնուող բարձրաւանդակի մը վրայ, ուրկէ կ’երեւին Գոէսբիզ գետի զուլալ ջուրերը։ Ամէն բան այնպէս մը կառուցուած է, որ իւրաքանչիւր այցելու յստակօրէն պատկերացնէ, թէ որքա՛ն հզօր է պալատին տէրը, որուն Եսթեր պիտի տեսնէ. այն անձը որ ինքզինք «մեծ արքայ» կը կոչէ։ Անիկա նաեւ Եսթերի ամուսինն է։
2 Եսթերին ամուսի՞նը. . . ։ Ասուերոս որքա՜ն տարբեր էր այն ամուսինէն, զոր ոեւէ հաւատարիմ հրեայ աղջիկ կրնար ակնկալելa։ Ան չէր կրնար հետեւիլ լաւ ամուսիններու օրինակին, ինչպէս Աբրահամին, որ խոնարհաբար ընդունեց Աստուծոյ ուղղութիւնը եւ մտիկ ըրաւ իր կնոջ՝ Սառային (Ծն. 21։12)։ Թագաւորը Եսթերի Աստուծոյն՝ Եհովայի կամ Անոր Օրէնքին մասին քիչ բան գիտէր, նոյնիսկ՝ ոչինչ։ Սակայն ան լաւ գիտէր պարսից օրէնսդրութիւնը, ուր նշուած էր այն օրէնքը, որ կ’արգիլէր Եսթերի մտադրած արարքը։ Ի՞նչ էր ատիկա։ Այդ օրէնքը կ’ըսէր, թէ ոեւէ անհատ որ առանց թագաւորին կողմէ կանչուելու յայտնուէր անոր առջեւ, կրնար մահապատիժի ենթարկուիլ։ Եսթեր, թագաւորին կողմէ կանչուած չըլլալով հանդերձ, անոր քով կ’երթար։ Մինչ կը մօտենար ներքին գաւիթին, ուրկէ թագաւորը կրնար գահէն զինք տեսնել, թերեւս կը զգար թէ դէպի իր մահը կ’ընթանար (կարդա՛ Եսթեր 4։11. 5։1)։
3 Եսթեր ինչո՞ւ իր կեանքը վտանգի ենթարկեց։ Եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ այս հիանալի կնոջ հաւատքէն։ Նախ տեսնենք, թէ ան ինչպէ՛ս Պարսկաստանի թագուհին ըլլալու դիրքին արժանացաւ։
Եսթերին ենթահողը
4. Եսթերին ենթահողը ի՞նչ էր եւ ինչպէ՞ս եղաւ որ ան իր զարմիկին՝ Մուրթքէի հետ ապրեցաւ։
4 Եսթեր որբ էր։ Մենք շատ քիչ տեղեկութիւն ունինք իր ծնողքին մասին։ Անոնք իրենց աղջիկը անուանած էին Ադասսա,– եբրայերէն բառ մը որ կը նշանակէ «մրտենի»՝ գեղեցիկ, ճերմակ ծաղիկներ ունեցող թուփ մը։ Երբ Եսթերի ծնողքը մահացաւ, իր ազգականներէն մէկը՝ Մուրթքէ, որ բարեսիրտ մարդ մըն էր, աղջնակին հոգատարութիւնը ստանձնեց։ Մուրթքէ Եսթերի զարմիկն էր, եւ տարիքով բաւական մեծ էր։ Ան Եսթերը իր տունը տարաւ եւ անոր հետ վարուեցաւ այնպէս, որպէս թէ իր աղջիկը ըլլար (Եսթ. 2։5-7, 15)։
Մուրթքէ լաւ պատճառ ունէր իր որդեգրած աղջիկով պարծենալու
5, 6. ա) Մուրթքէն ինչպէ՞ս մեծցուց Եսթերը։ բ) Ինչպէ՞ս էր Եսթերի եւ Մուրթքէի կեանքը Շուշանի մէջ։
5 Մուրթքէ եւ Եսթեր, որոնք հրեայ աքսորեալներ էին, կ’ապրէին Պարսկաստանի մայրաքաղաքին մէջ, ուր հաւանաբար արհամարհանքի կ’ենթարկուէին իրենց կրօնքին եւ Օրէնքին պատճառով, զոր կը ջանային կիրարկել։ Հակառակ ասոր, Եսթեր վստահաբար աւելի մօտ զգաց իր զարմիկին, մինչ Մուրթքէն իրեն սորվեցուց ողորմած Աստուծոյն՝ Եհովային մասին, որ շատ անգամ Իր ժողովուրդը նեղութիւններէ ազատագրած էր եւ դարձեալ պիտի ազատագրէր (Ղեւ. 26։44, 45)։ Յստակ է որ Եսթերի եւ Մուրթքէի միջեւ սիրալիր ու հաւատարիմ կապ մը յառաջացաւ։
6 Ըստ երեւոյթին, Մուրթքէն պաշտօն մը ունէր Շուշանի պալատին առջեւ. ան կանոնաւորաբար պալատին դուռը կը նստէր, թագաւորին ուրիշ ծառաներուն հետ միասին (Եսթ. 2։19, 21. 3։3)։ Թէ Եսթեր ինչպէ՛ս անցուց իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, չենք կրնար ստուգապէս գիտնալ, բայց կրնանք ենթադրել թէ ան լաւ կերպով հոգ տարաւ իր տարեց զարմիկին եւ անոր տանը, որ հաւանաբար կը գտնուէր համեստ շրջանի մը մէջ՝ արքայական պալատը բաժնող գետէն անդին։ Թերեւս Եսթեր հաճոյքով կ’երթար Շուշանի շուկան, ուր ոսկերիչներ, արծաթագործներ եւ ա՛յլ առեւտրականներ իրենց ապրանքները կը ցուցադրէին։ Ան չէր կրնար պատկերացնել, թէ օրին մէկը այդ բոլոր շքեղութիւնները սովորական պիտի ըլլային իրեն համար. Եսթեր գաղափար իսկ չունէր թէ իրեն ի՛նչ կը սպասէր։
«Վայելուչ կերպարանք մը ունէր»
7. Վաշթի թագուհին ինչո՞ւ գահընկէց եղաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ էր։
7 Օր մը, Շուշանի մէջ լուրեր տարածուեցան, թէ թագաւորին տան մէջ իրարանցում կայ։ Ասուերոս թագաւորը մեծ խրախճանք մը կազմակերպած էր իր ազնուականներուն համար՝ ճոխ ուտելիքով ու գինիով։ Թագաւորը որոշեց իր քով կանչել իր գեղեցիկ թագուհին՝ Վաշթին, որ իր կարգին՝ կիներու համար կոչունք տուած էր։ Բայց թագուհին չուզեց երթալ։ Նուաստացած ու զայրացած թագաւորը իր խրատատուներուն հարցուց, թէ Վաշթին ինչպէ՛ս պէտք էր պատժուէր։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Վաշթին գահընկէց եղաւ։ Թագաւորին ծառաները սկսան ամբողջ երկրին մէջ փնտռել գեղեցիկ եւ կոյս երիտասարդուհիներ, որոնց մէջէն թագաւորը նոր թագուհի մը պիտի ընտրէր (Եսթեր 1։1–2։4)։
8. ա) Մինչ Եսթեր կը մեծնար, Մուրթքէն հաւանաբար ինչո՞ւ որոշ մտահոգութիւն ունէր իր զարմուհիին համար։ բ) Աստուածաշունչը ֆիզիքական գեղեցկութեան վերաբերեալ ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կու տայ (տե՛ս նաեւ Առակաց 31։30)։
8 Կրնանք պատկերացնել, թէ Մուրթքէ ժամանակ առ ժամանակ ինչպէ՛ս հիացմունքով կը նայէր Եսթերին։ Ան թէ՛ պարծանքով ու թէ մտահոգութեամբ կը գիտակցէր, թէ իր փոքրիկ զարմուհին արդէն մեծցած եւ դարձած էր գեղեցկուհի։ Կը կարդանք. «Աղջիկը գեղեցիկ դէմք ու վայելուչ կերպարանք մը ունէր» (Եսթ. 2։7)։ Աստուածաշունչը ֆիզիքական գեղեցկութեան շուրջ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կու տայ,– արտաքին գեղեցկութիւնը հաճելի է, բայց անոր պէտք է ընկերակցին իմաստութիւնն ու խոնարհութիւնը, այլապէս կրնան յառաջ գալ ունայնամտութիւն, հպարտութիւն եւ սրտի ա՛յլ գէշ վիճակներ (կարդա՛ Առակաց 11։22)։ Երբեք ասոր ճշմարիտ ըլլալը տեսա՞ծ ես։ Իսկ Եսթերի պարագայի՞ն ինչ պիտի ըլլար իր գեղեցկութիւնը. առաւելութի՞ւն թէ խոչընդոտ։ Ժամանակը պիտի փաստէր։
9. ա) Ի՞նչ պատահեցաւ, երբ թագաւորին ծառաները Եսթերը նկատեցին, եւ Մուրթքէէն բաժնուիլը ինչո՞ւ դժուար ըլլալու էր իրեն համար։ բ) Մուրթքէն ինչո՞ւ թոյլ տուաւ, որ Եսթեր անհաւատ հեթանոսի մը հետ ամուսնանայ (պարփակէ շրջանակը)։
9 Թագաւորին ծառաները Եսթերը կը նկատեն։ Անոնք զինք Մուրթքէէն բաժնելով իրենց հաւաքած աղջիկներուն հետ միասին կը տանին մեծ պալատը, որ գետէն անդին էր (Եսթ. 2։8)։ Այս բաժանումը շա՛տ դժուար ըլլալու էր, քանի որ երկուքը հօր ու զաւկի պէս էին։ Մուրթքէն պիտի չուզէր որ իր որդեգրած աղջիկը ամուսնանար անհաւատի մը հետ, նոյնիսկ եթէ անիկա թագաւոր ըլլար, բայց ձեռքէն բան չէր գարb։ Եսթեր ի՜նչ ուշադրութեամբ լսած ըլլալու էր Մուրթքէի խրատները, նախքան անկէ բաժնուիլը։ Մինչ ան Շուշանի պալատը կը տարուէր, շա՜տ հարցումներ կային իր մտքին մէջ։ Արդեօք ինչպիսի՞ կեանք մը կը սպասէր իրեն։
«Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջեւ շնորհք գտաւ»
10, 11. ա) Եսթերի նոր միջավայրը ինչպէ՞ս կրնար դիւրութեամբ ազդել իրեն։ բ) Մուրթքէ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ մտահոգուած էր Եսթերի բարօրութեամբ։
10 Եսթեր ամբողջովին նոր եւ օտար միջավայրի մը մէջ գտաւ ինքզինք։ Ինք շարքին էր այն «շատ [մը] աղջիկներ»ուն, որոնք Պարսկաստանի կայսրութեան հեռու տեղերէն հաւաքուած էին։ Անոնց սովորութիւնները, լեզուները եւ կեցուածքները իրարմէ շատ տարբեր ըլլալու էին։ Հեգէ անունով պաշտօնեայի մը պատասխանատուութեան ներքեւ, երիտասարդուհիները պէտք էր ստանային մէկ տարուան գեղեցկագիտական խնամք, որ անուշահոտ իւղերով մարձումներ կը պարփակէր (Եսթ. 2։8, 12)։ Այդ միջավայրն ու ապրելակերպը կրնային դիւրութեամբ այդ երիտասարդուհիներուն մէջ զարգացնել արտաքին տեսքի առնչութեամբ ծայրայեղութիւն, ինչպէս նաեւ ունայնամտութիւն եւ մրցակցութիւն։ Եսթեր ինչպէ՞ս ազդուեցաւ։
11 Եսթերի վրայ ոչ ոք կրնար մտահոգուիլ Մուրթքէին չափ։ Կը կարդանք թէ ան ամէն օր կարելի եղածին չափ կը մօտենար կիներու տանը, ջանալով Եսթերի որպիսութիւնը գիտնալ (Եսթ. 2։11)։ Մինչ Մուրթքէին կցկտուր տեղեկութիւններ կը հասնէին, հաւանաբար պալատի համագործակցող ծառաներուն միջոցով, վստահաբար ան հայրական պարծանքով կը լեցուէր։ Ինչո՞ւ։
12, 13. ա) Եսթեր ի՞նչ տպաւորութիւն ձգեց իր շուրջիններուն վրայ։ բ) Մուրթքէի համար ինչո՞ւ հաճելի ըլլալու էր գիտնալ, թէ Եսթեր չէր բացայայտած իր հրէական ծագումը։
12 Հեգէ այնքա՛ն տպաւորուեցաւ Եսթերով, որ սիրառատ բարութիւն ցուցաբերեց՝ անոր տալով եօթը աղախիններ եւ կիներու տանը ամէնէն աղէկ տեղը։ Արձանագրութիւնը մինչեւ իսկ կ’ըսէ. «Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջեւ շնորհք գտաւ» (Եսթ. 2։9, 15)։ Միայն գեղեցկութի՞ւնը պատճառ եղած էր որ ամէն մարդ այդքան տպաւորուէր Եսթերով։ Անշուշտ ո՛չ. շա՜տ աւելին պարփակուած էր։
Եսթեր գիտէր թէ խոնարհութիւնն ու իմաստութիւնը շա՜տ աւելի կարեւոր էին քան դրսերեւոյթը
13 Օրինակի համար, կը կարդանք. «Եսթեր իր ազգն ու ծնունդը չյայտնեց. վասն զի Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր, որ չյայտնէ» (Եսթ. 2։10)։ Մուրթքէ աղջկան ըսած էր որ խոհեմ ըլլալով չբացայայտէր իր հրէական ծագումը, որովհետեւ յստակօրէն գիտէր, թէ պարսից արքունիքին մէջ, իր ժողովուրդին դէմ շատ նախապաշարումներ կային։ Որքան հաճելի ըլլալու էր Մուրթքէի համար իմանալը որ Եսթեր, իր մօտ չըլլալով հանդերձ, տակաւին միեւնոյն իմաստուն ու հնազանդ հոգին կը դրսեւորէր։
14. Ներկայիս, երիտասարդներ ինչպէ՞ս կրնան Եսթերը ընդօրինակել։
14 Ներկայիս, երիտասարդներ նոյնպէս կրնան ուրախացնել իրենց ծնողներուն եւ խնամակալներուն սիրտը։ Երբ իրենց ծնողներուն աչքէն հեռու են,– նոյնիսկ երբ կը գտնուին թեթեւամիտ, անառակ կամ չար մարդոց միջեւ,– անոնք կրնա՛ն դիմադրել գէշ ազդեցութիւններուն եւ կառչած մնալ այն չափանիշներուն, որոնք ճիշդ են։ Երբ անոնք այդպէս վարուին, Եսթերին պէս իրենց երկնաւոր Հօր սիրտը ուրախացուցած կ’ըլլան (կարդա՛ Առակաց 27։11)։
15, 16. ա) Եսթեր ինչպէ՞ս շահեցաւ թագաւորին սէրը։ բ) Եսթերի կեանքի փոփոխութիւնները ինչո՞ւ վստահաբար դժուար էին։
15 Երբ թագաւորին քով մտնելու կարգը Եսթերին հասաւ, իրեն ազատութիւն տրուեցաւ ընտրելու որեւէ իր, որ պէտք պիտի ունենար թերեւս ինքզինք ա՛լ աւելի գրաւիչ դարձնելու համար։ Սակայն Եսթեր համեստ գտնուեցաւ եւ Հեգէի ըսածէն զատ ուրիշ բան չխնդրեց (Եսթ. 2։15)։ Եսթեր հաւանաբար հասկցած էր, որ գեղեցկութիւնը ինքնին բաւարար չէր թագաւորին սիրտը շահելու համար։ Համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը, որոնք հազուագիւտ էին արքայական պալատին մէջ, շատ աւելի գրաւիչ էին։ Եսթեր իրաւունք ունէ՞ր։
16 Արձանագրութիւնը կը պատասխանէ. «Թագաւորը Եսթերը բոլոր կիներէն աւելի սիրեց ու անիկա անոր առջեւ բոլոր աղջիկներէն աւելի սէր ու շնորհք գտաւ եւ թագաւորական թագը անոր գլուխը դրաւ ու զանիկա Վաշթիին տեղ թագուհի ըրաւ» (Եսթ. 2։17)։ Այս հրեայ, խոնարհ աղջկան համար, վստահաբար դժուար էր յարմարիլ իր այս կեանքի փոփոխութեան հետ, ըլլալով նոր թագուհին. այդ ատենուան ամենահզօր արքային կինը։ Արդեօք այս նոր դիրքը հպարտացո՞ւց իր սիրտը։ Բնա՛ւ երբեք։
17. ա) Եսթեր ի՞նչ կերպերով հնազանդ մնաց իր որդեգիր հօր։ բ) Եսթերի օրինակը ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար այսօր։
17 Եսթեր հնազանդ մնաց զինք որդեգրած հօր՝ Մուրթքէին. ան իր հրեայ ըլլալը գաղտնի պահեց։ Աւելին, երբ Մուրթքէ բացայայտեց Ասուերոսը սպաննելու ծրագիրը, Եսթեր հնազանդօրէն փոխանցեց իր զարմիկին նախազգուշացումը թագաւորին։ Դաւադրութիւնը խափանուեցաւ (Եսթ. 2։20-23)։ Եսթեր նաեւ իր Աստուծոյն հաւատք ընծայեց, խոնարհ ու հնազանդ հոգի մը դրսեւորելով։ Շատ կարեւոր է որ Եսթերը ընդօրինակենք, քանի որ ներկայիս, մարդոց մեծամասնութիւնը հնազանդութիւնը արժեւորելու փոխարէն, անհնազանդ եւ ըմբոստ հոգի մը կը ցուցաբերէ։ Բայց անոնք, որոնք իսկական հաւատք ունին, մեծ արժէք կու տան հնազանդութեան, ինչպէս որ Եսթեր տուաւ։
Եսթերի հաւատքը կը փորձուի
18. ա) Մուրթքէ թերեւս ինչո՞ւ մերժեց Համանին ծնրադրել (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։ բ) Ներկայիս, հաւատքի տէր տղամարդիկ եւ կիներ ինչպէ՞ս Մուրթքէն կ’ընդօրինակեն։
18 Համան անունով մարդ մը մեծ պատիւ ստացաւ Ասուերոսի պալատին մէջ։ Թագաւորը Համանը վարչապետ նշանակեց՝ զինք իր գլխաւոր խրատատուն դարձնելով եւ ամբողջ կայսրութեան մէջ իր երկրորդը ընելով։ Թագաւորը մինչեւ իսկ հրաման արձակեց, որ ա՛ն որ այս բարձրաստիճան պաշտօնեան տեսնէ, պէտք է ծնրադրէ անոր (Եսթ. 3։1-4)։ Մուրթքէի համար, այդ օրէնքը խնդիր մըն էր։ Ինք գիտէր թէ պէտք էր հնազանդէր թագաւորին, բայց ոչ թէ Աստուած անարգելով։ Համան ագագացի էր։ Ասիկա ակներեւաբար կը նշանակէր, թէ ան սերած էր ամաղեկացիներու թագաւորէն՝ Ագագէն, որ մահապատիժի ենթարկուած էր՝ Աստուծոյ Սամուէլ մարգարէին կողմէ (Ա. Թագ. 15։33)։ Ամաղեկացիները այնքա՛ն չար էին, որ իրենք զիրենք Եհովային եւ իսրայէլին թշնամիները ըրած էին։ Որպէս ժողովուրդ, ամաղեկացիները Աստուծոյ կողմէ դատապարտուած էինc (Բ. Օր. 25։19)։ Հաւատարիմ հրեայ մը ինչպէ՞ս կրնար ամաղեկացիի մը ծնրադրել։ Մուրթքէն չէր կրնար եւ իր որոշումին վրայ հաստատ մնաց։ Մինչեւ օրս, հաւատքի տէր տղամարդիկ եւ կիներ իրենց կեանքերը վտանգած են, որպէսզի անսան այս սկզբունքին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29)։
19. Համան ի՞նչ ուզեց ընել, եւ ան ինչպէ՞ս կրցաւ համոզել թագաւորը։
19 Համան շատ զայրացած էր։ Բայց իրեն համար բաւարար չէր միայն Մուրթքէն սպաննել։ Ինք կ’ուզէր Մուրթքէի ամբողջ ժողովուրդը բնաջնջել։ Համան համոզեց թագաւորը, անոր աչքին հրեաները գէշ երեւցնելով։ Առանց զիրենք անունով նշելու, ան ակնարկեց թէ հրեաները անկարեւոր են եւ «ժողովուրդներուն մէջ ցրուած ու տարածուած ազգ» մըն են։ Աւելին, Համան ըսաւ որ անոնք չեն հնազանդիր թագաւորին օրէնքներուն. ուրեմն անոնք վտանգաւոր ըմբոստներ են։ Ան խոստացաւ մեծ գումար մը նուիրել թագաւորին գանձարանին՝ կայսրութեան բոլոր հրեաները բնաջնջելուն հետ կապուած ծախսերը հոգալու համարd։ Ասուերոս Համանին տուաւ իր արքայական մատանին, որպէսզի անոր միջոցով իր ի մտի ունեցած հրամանը կնքէր (Եսթ. 3։5-10)։
20, 21. ա) Համանի յայտարարութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց Պարսկաստանի կայսրութեան ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող հրեաներուն, ներառեալ Մուրթքէին։ բ) Մուրթքէն աղաչեց որ Եսթեր ի՞նչ ընէր։
20 Շատ չանցած, սուրհանդակներ իրենց ձիերը հեծած կը սուրային լայնատարած կայսրութեան չորս կողմը՝ հրեայ ժողովուրդին մահուան դատավճիռը հաղորդելով։ Երեւակայէ այս յայտարարութեան բանեցուցած ազդեցութիւնը հեռաւոր Երուսաղէմի վրայ, ուր Բաբելոնի գերութենէն վերադարձած հրեաները պայքար կը մղէին, որպէսզի վերակառուցանէին Երուսաղէմը,– քաղաք մը որ նոյնիսկ պարիսպ չունէր պաշտպանուելու համար։ Իմանալով այս սարսափելի լուրը, Մուրթքէ թերեւս այդտեղի հրեաներուն, ինչպէս նաեւ Շուշանի մէջ ապրող իր բարեկամներուն եւ ազգականներուն մասին մտածեց։ Վիշտէն խելագարուած՝ ան պատռեց իր հանդերձները, քուրձ հագաւ, գլխուն վրայ մոխիր ցանեց եւ քաղաքին հրապարակը ելլելով՝ բարձր ձայնով աղաղակեց։ Իսկ Համան, թագաւորին հետ խմելու նստաւ եւ հոգ ալ չըրաւ թէ ինչ մե՛ծ վիշտ բերած էր Շուշանի հրեաներուն եւ անոնց բարեկամներուն վրայ (կարդա՛ Եսթեր 3։12–4։1)։
21 Մուրթքէն գիտէր թէ պէտք էր գործի լծուէր։ Բայց ան ի՞նչ կրնար ընել։ Եսթեր իմացաւ անոր վիշտը եւ հանդերձներ ղրկեց իրեն, բայց Մուրթքէն մերժեց մխիթարուիլ։ Թերեւս ան երկար ատեն հարց տուած էր թէ ինչո՛ւ իր Եհովա Աստուածը թոյլ տուած էր, որ իր սիրելի Եսթերը իրմէ առնուէր եւ հեթանոս արքայի մը թագուհին դառնար։ Բայց հիմա կարծես թէ ամէն ինչ կը յստականար։ Մուրթքէն լուր ղրկեց Եսթեր թագուհիին, աղաչելով որ բարեխօսէր թագաւորին եւ այսպիսով՝ պաշտպանէր «իր ազգը» (Եսթ. 4։4-8)։
22. Եսթեր ինչո՞ւ կը վախնար իր ամուսինին՝ թագաւորին առջեւ ներկայանալէ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
22 Եսթերի սիրտը նուաղած ըլլալու էր, երբ լսեց այդ լուրը։ Հիմա էր իր հաւատքի մեծագոյն փորձութիւնը։ Ան վախցած էր, ինչպէս որ ազատօրէն արտայայտուեցաւ Մուրթքէին իր ղրկած պատասխանին մէջ։ Եսթեր անոր յիշեցուց թագաւորին օրէնքը. առանց կանչուելու Ասուերոսի առջեւ յայտնուիլը՝ մահ կը նշանակէր։ Ան կրնար ողջ մնալ միայն, եթէ թագաւորը իր ոսկիէ գաւազանը իրեն երկնցնէր։ Արդեօք Եսթեր որեւէ պատճառ ունէ՞ր ակնկալելու, որ թագաւորը իր կեանքը պիտի խնայէր, մանաւանդ որ կը յիշէր թէ ի՛նչ պատահեցաւ Վաշթիին, երբ մերժեց թագաւորին հրամանը անոր առջեւ ներկայանալու։ Ան Մուրթքէին ըսաւ, որ թագաւորը 30 օրէ ի վեր զինք չէր կանչած։ Ասիկա Եսթերին շատ մը պատճառներ կու տար հարց տալու, թէ արդեօք այս քմահաճ արքային աչքէն ելա՞ծ էրe (Եսթ. 4։9-11)։
23. ա) Մուրթքէն ի՞նչ ըսաւ՝ Եսթերի հաւատքը զօրացնելու համար։ բ) Մուրթքէն ինչո՞ւ ընդօրինակուելու արժանի է։
23 Մուրթքէն վճռական պատասխան մը ղրկեց՝ Եսթերի հաւատքը զօրացնելու համար։ Ան վստահեցուց զինք ըսելով, որ եթէ Եսթեր գործի չլծուէր, հրեաներու ազատումը ուրիշ տեղէ մը պիտի գար։ Բայց թագուհին ինչպէ՞ս կրնար ակնկալել խնայուիլ, երբ հալածանքը սկսէր սաստկանալ։ Հոս, Մուրթքէ ցոյց տուաւ իր խորին հաւատքը Եհովայի հանդէպ, որ բնաւ թոյլ պիտի չտար որ Իր ժողովուրդը բնաջնջուի եւ Իր խոստումները չկատարուին (Յես. 23։14)։ Մուրթքէն Եսթերին ըսաւ. «Ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար թագուհի եղար» (Եսթ. 4։12-14)։ Արդեօք Մուրթքէն ընդօրինակուելու արժանի չէ՞։ Ան լիովին վստահեցաւ իր Եհովա Աստուծոյն. իսկ մե՞նք. . . (Առ. 3։5, 6)։
Եսթերի հաւատքը մահուան վախէն աւելի զօրաւոր էր
24. Եսթեր ինչպէ՞ս հաւատք եւ քաջութիւն ցուցաբերեց։
24 Եսթերի համար որոշում առնելու ժամանակը հասած էր։ Ան Մուրթքէին ըսաւ որ իր հայրենակիցները հաւաքէր, եւ ինչպէս Եսթեր՝ նոյնպէս անոնք, երեք օր ծոմ պահէին։ Ան իր պատգամը եզրափակեց՝ երկար դարեր հաւատք եւ քաջութիւն արտացոլացնող այս պարզ նախադասութեամբ. «Եթէ մեռնիմ՝ թող մեռնիմ» (Եսթ. 4։15-17)։ Թագուհին այդ երեք օրերուն աւելի ջերմեռանդօրէն աղօթած ըլլալու էր, քան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Բայց ի վերջոյ, ժամանակը հասած էր։ Ան հագաւ իր լաւագոյն արքայական հագուստը, ամէն ինչ ընելով որ թագաւորին հաճոյ երեւնար, ապա գնաց։
Եսթեր իր կեանքը վտանգեց՝ Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելու համար
25. Նկարագրէ թէ դէպքերը ինչպէ՛ս ընթացան, մինչ Եսթեր իր ամուսինին կը մօտենար։
25 Ինչպէս այս գլուխին սկիզբը նկարագրուած է, Եսթեր ուղղուեցաւ դէպի թագաւորին գաւիթը։ Կրնանք երեւակայել թէ ան ինչպէ՛ս իր սրտին մէջ ջերմեռանդօրէն աղօթելով եւ մտահոգուած՝ իր քայլերը կը նետէր։ Թագուհին մտաւ գաւիթ, ուրկէ կրնար տեսնել գահը բազմած արքան, որ ունէր համաչափ հիւսքերով մազեր եւ քառակուսաձեւ մօրուք մը։ Եսթեր թերեւս փորձեց կարդալ թագաւորին դէմքին արտայայտութիւնը։ Եթէ թագուհին պիտի սպասէր, թերեւս վայրկեանները ժամեր թուէին, բայց հարկ չունեցաւ, քանի որ թագաւորը զինք տեսաւ։ Ասուերոս վստահաբար զարմացաւ, բայց անոր դէմքը կակուղցաւ։ Ան երկնցուց իր ոսկիէ գաւազանը (Եսթ. 5։1, 2)։
26. ա) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ Եսթերին պէս պէտք է քաջ ըլլան։ բ) Եսթերի գործը ինչո՞ւ դեռ նոր պիտի սկսէր։
26 Թագաւորը պատրաստ էր Եսթերին ականջ տալու։ Եսթեր իր Աստուծոյն եւ ժողովուրդին կողմը դիրք բռնած էր, գեղեցիկ օրինակ հանդիսանալով բոլոր Աստուծոյ ծառաներուն առ այսօր։ Ներկայիս, ճշմարիտ քրիստոնեաները կ’արժեւորեն այսպիսի օրինակներ։ Յիսուս ըսաւ որ իր իսկական հետեւորդները պիտի զատորոշուէին անձնազոհ սիրով (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35)։ Համանման սէր դրսեւորելը, յաճախ կը պահանջէ որ Եսթերին պէս քաջ ըլլանք։ Բայց, թէեւ Եսթեր այդ օրը Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանած էր, սակայն իր գործը դեռ նոր պիտի սկսէր։ Ան ինչպէ՞ս պիտի համոզէր թագաւորը, որ անոր նախասիրած խրատատուն՝ Համանը, նենգ դաւադիր մըն էր։ Եսթեր ինչպէ՞ս կրնար իր ժողովուրդը փրկելու մէջ օգնական ըլլալ։ Այս հարցումները պիտի քննարկենք յաջորդ գլուխին մէջ։
a Շատեր կը խորհին թէ Ասուերոս նոյնինքն Քսերքսես Ա.–ն է, որ թագաւորեց Պարսկաստանի կայսրութեան վրայ, Ք.Ա. 5–րդ դարու սկիզբները։
b Տե՛ս «Հարցումներ Եսթերի մասին» շրջանակը, գլուխ 16։
c Կրնայ ըլլալ որ Համան վերջին ամաղեկացիներէն էր, որովհետեւ անոնց «մնացորդները» բնաջնջուած էին Եզեկիա թագաւորի օրերուն (Ա. Մն. 4։43)։
d Համան 10,000 տաղանդ արծաթ տուաւ, որ այսօրուան քանի մը հարիւր միլիոն տոլարն է։ Եթէ Ասուերոս Քսերքսես Ա.–ն էր, ուրեմն գումարը՝ Համանին առաջարկը աւելի գրաւիչ դարձուցած ըլլալու էր թագաւորին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Քսերքսես շատ գումարի պէտք ունէր Յունաստանի դէմ երկար ատենէ իր մտադրած աղէտալի պատերազմը մղելու համար։
e Քսերքսես Ա.–ը յայտնի էր իր քմահաճ, կատաղի բնաւորութեամբ։ Յոյն պատմաբան Հերոդոտոս Յունաստանի դէմ Քսերքսեսի մղած պատերազմէն որոշ դէպքեր արձանագրեց։ Օրինակ՝ թագաւորը պատուիրեց որ նաւերով կամուրջ մը շինուէր Հելլեսպոնտի նեղուցին համար։ Երբ փոթորիկը քանդեց այդ կամուրջը, Քսերքսես հրամայեց գլխատել ճարտարագէտները, եւ նոյնիսկ իր մարդոց ըսաւ որ «պատժեն» Հելլեսպոնտը՝ ջուրը բառացիօրէն մտրակելով եւ բարձրաձայն անիծելով։ Նոյն արշաւին մէջ, երբ հարուստ մարդ մը աղաչեց որ իր որդին բանակին չմիանար, Քսերքսես այդ տղան կէսի բաժնեց եւ մարմինը ցուցադրեց իբրեւ նախազգուշացում։
-
-
Ան իմաստուն, քաջ եւ անձնուրաց գտնուեցաւԱնոնց հաւատքը ընդօրինակենք
-
-
ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆՎԵՑ
Ան իմաստուն, քաջ եւ անձնուրաց գտնուեցաւ
1-3. ա) Եսթեր ի՞նչ զգացումով մօտեցաւ իր ամուսինին գահին։ բ) Թագաւորը Եսթերի այցելութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։
ԵՍԹԵՐԻ սիրտը ուժգնօրէն կը բաբախէ, մինչ դանդաղ քայլերով կը մօտենայ գահին։ Այդ պարսից պալատին հսկայական գաւիթին մէջ այնպիսի լռութիւն կը տիրէ, որ ան կրնայ լսել իր նուրբ քալուածքին ձայնը եւ շքեղ հանդերձներուն խշխշոցը։ Ան պէտք չէ թոյլ տայ որ զինք մտացիր ընեն՝ պալատին շքեղութիւնը, հոյակերտ սիւները եւ ճոխ փորագրութիւններով լի առաստաղը, որ շինուած էր հեռաւոր Լիբանանի մայրի ծառերէն։ Ան իր ամբողջ ուշադրութիւնը սեւեռած է այն մարդուն վրայ, որ բազմած էր գահը, եւ որմէ կախեալ էր իր կեանքը։
2 Մինչ Եսթեր գահին կը մօտենար, թագաւորը ուշադրութեամբ անոր նայելով, իր ոսկիէ գաւազանը երկարեց անոր ուղղութեամբ։ Ճիշդ է որ ասիկա պարզ շարժուձեւ մըն էր, բայց Եսթերի կեանքը ազատեց. այս կերպով թագաւորը ցոյց տուաւ թէ ներած էր Եսթերին՝ իր այս յանցանքը,– թագաւորին երեւնալ առանց արքայական հրաւէրի։ Մօտենալով գահին, Եսթեր ձեռքը երկարեց եւ երախտապարտօրէն գաւազանին ծայրին դպաւ (Եսթ. 5։1, 2)։
Եսթեր խոնարհաբար ցոյց տուաւ թէ երախտապարտ էր թագաւորին ողորմութեան համար
3 Այն ատենուան պարսից արքաներու հանդերձներուն գինը, ըստ շատերու կարծիքին, համարժէք էր հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու եւ Ասուերոս թագաւորին դրսերեւոյթը կը յայտնէր իր հսկայական հարստութիւնն ու զօրութիւնը։ Հակառակ ասոր, Եսթեր որոշ ջերմութիւն տեսաւ իր ամուսինին աչքերուն մէջ. Ասուերոս կը սիրէր զինք։ Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, քեզի ի՞նչ եղաւ եւ ուզածդ ի՞նչ է, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը քեզի պիտի տրուի» (Եսթ. 5։3)։
4. Եսթեր ի՞նչ մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուէր։
4 Եսթեր արդէն իսկ արտակարգ հաւատք եւ քաջութիւն ցոյց տուած էր։ Ան թագաւորին քով եկած էր իր ժողովուրդը ազատելու, իրենց կեանքին սպառնացող դաւադրութենէն։ Մինչեւ հոս, ամէն բան լաւ կ’ընթանար, բայց Եսթեր աւելի մեծ մարտահրաւէրի մը դիմաց կը գտնուէր։ Ինք պիտի համոզէր այդ հպարտ արքան, թէ անոր ամենաշատ վստահած խրատատուն չար էր եւ խաբած էր թագաւորը, որպէսզի Եսթերին ժողովուրդը մահուան դատապարտէր։ Եսթեր ինչպէ՞ս պիտի համոզէր զինք եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ իր հաւատքէն։
Եսթեր իմաստութեամբ ընտրեց «խօսելու ժամանակ»ը
5, 6. ա) Եսթեր ինչպէ՞ս կիրարկեց Ժողովող 3։1, 7–ի սկզբունքը։ բ) Եսթեր ինչպէ՞ս իմաստութիւն ցոյց տուաւ, մինչ իր ամուսինին կը խօսէր։
5 Արդեօք Եսթեր ամբողջ խնդիրը թագաւորին պիտի յայտնէ՞ր, գաւիթին մէջ գտնուող մարդոց ներկայութեամբ։ Եթէ այդպէս ընէր, թագաւորը նուաստացուցած պիտի ըլլար, իսկ անոր խրատատու Համանին ալ ժամանակ տուած՝ որ թագուհիին խօսքերը սուտ հանէր։ Ուստի Եսթեր ի՞նչ ըրաւ։ Դարեր առաջ, Սողոմոն իմաստուն ներշնչման ներքեւ գրեց. «Ամէն բանի ատենը կայ. . . լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» (Ժող. 3։1, 7)։ Կրնանք պատկերացնել թէ երիտասարդուհին որդեգրած հայրը, հաւատարիմ Մուրթքէն, այսպիսի սկզբունքներ սորվեցուցած էր Եսթերին՝ մինչ կը մեծնար իր հոգատարութեան ներքեւ։ Եսթեր վստահաբար հասկցաւ «խօսելու ժամանակ»ը ուշադրութեամբ ընտրելուն կարեւորութիւնը։
6 Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը հաճի, այսօր թագաւորը Համանին հետ իրեն ըրած կոչունքիս թող գայ» (Եսթ. 5։4)։ Ասուերոս համաձայնեցաւ եւ Համանին կանչել տուաւ։ Կը տեսնե՞ս թէ Եսթեր որքան իմաստութեամբ խօսեցաւ։ Ան իր ամուսինին արժանապատուութիւնը պահպանեց եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեց՝ իր մտահոգութիւնները թագաւորին յայտնելու համար (կարդա՛ Առակաց 10։19)։
7, 8. ա) Ինչպիսի՞ն էր Եսթերի առաջին կոչունքը։ բ) Եսթեր ինչո՞ւ յետաձգեց իր ըսելիքը թագաւորին։
7 Անկասկած, Եսթեր այդ կոչունքը բծախնդրութեամբ կազմակերպեց, ամէն բան իր ամուսինին նախասիրութեան համաձայն պատրաստելով։ Կոչունքին կար ընտիր գինի, ուրախ մթնոլորտ ստեղծելու համար (Սաղ. 104։15)։ Ասուերոսի տրամադրութիւնը բարձր էր եւ ան մղուեցաւ դարձեալ Եսթերին հարցնելու, թէ ի՛նչ էր իր խնդրանքը։ Արդեօք հիմա՞ էր խօսելու ժամանակը։
8 Եսթերի կարծիքով ո՛չ։ Փոխարէն, ինք երկրորդ անգամ թագաւորն ու Համանը կոչունքի հրաւիրեց յաջորդ օրուան համար (Եսթ. 5։7, 8)։ Թագուհին ինչո՞ւ կը յետաձգէր։ Յիշէ որ իր բոլոր ազգակիցները թագաւորին հրամանով մահուան դատավճիռին առջեւ կը կանգնէին։ Եսթեր պէտք էր վստահ ըլլար, որ լաւագոյն ժամանակն էր խօսելու, քանի որ կեանքե՜ր վտանգի տակ էին։ Ուստի ինք սպասեց՝ տակաւին ուրիշ առիթ մըն ալ ստեղծելով, որ իր ամուսինին ցոյց տար իր խորին յարգանքը։
9. Համբերութիւնը որքա՞ն արժէքաւոր է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք այս ուղղութեամբ Եսթերի օրինակին հետեւիլ։
9 Համբերութիւնը հազուագիւտ եւ թանկարժէք յատկութիւն մըն է։ Եսթեր թէեւ վշտացած էր եւ կը տենչար իր մտքինը յայտնել, սակայն համբերութեամբ սպասեց յարմար պահուն։ Մենք կրնանք շատ բան սորվիլ իրմէ, քանի որ բոլորս ալ հաւանաբար տեսած ենք սխալներ, որոնք պէտք է սրբագրուին։ Եթէ կ’ուզենք իշխանութիւն ունեցողի մը համոզել որ որոշ խնդրով մը զբաղի, թերեւս հարկ ըլլայ ընդօրինակել Եսթերը՝ համբերատար ըլլալով։ Առակաց 25։15–ը կ’ըսէ. «Համբերութեամբ իշխանին սիրտը կը շինուի եւ անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ»։ Եթէ Եսթերին պէս յարմար պահուն սպասենք եւ հեզութեամբ խօսինք, նոյնիսկ ոսկորի պէս ամուր հակառակութիւնը կրնայ կոտրուիլ։ Արդեօք Եսթերի Աստուածը՝ Եհովան, օրհնե՞ց զինք՝ համբերատար եւ իմաստուն ըլլալուն համար։
Համբերութիւնը ճամբան հարթեց արդարութեան
10, 11. Առաջին կոչունքէն մեկնելէ ետք, Համանին տրամադրութիւնը ինչո՞ւ փոխուեցաւ, եւ ի՞նչ յորդոր ստացաւ իր կնոջմէն ու բարեկամներէն։
10 Եսթերի համբերութիւնը ճամբան հարթեց դէպքերու ապշեցուցիչ զարգացումի մը։ Համան առաջին կոչունքէն մեկնեցաւ բարձր տրամադրութեամբ, «զուարթ եւ ուրախ սրտով», որովհետեւ կարծեց թէ թագաւորն ու թագուհին զինք բոլորէն աւելի պատուած էին։ Բայց երբ պալատի պարիսպին քովէն կ’անցնէր, դէմ յանդիման եկաւ Մուրթքէին, որ տակաւին կը մերժէր իրեն ծնրադրել։ Ինչպէս որ նախորդ գլուխին մէջ տեսանք, Մուրթքէն այդպէս կը վարուէր ոչ թէ յարգանք չունենալուն համար, հապա քանի որ հարցը կապ ունէր իր խղճմտանքին հետ եւ Եհովա Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան։ Սակայն Համան «ցասումով լեցուեցաւ» անոր դէմ (Եսթ. 5։9, ԱԾ)։
11 Երբ Համան իր կնոջ ու բարեկամներուն պատմեց այս անարգանքին մասին, անոնք զինք յորդորեցին որ աւելի քան 22 մ բարձրութեամբ ցից մը շինէր, ապա թագաւորէն արտօնութիւն առնէր Մուրթքէն անոր վրայ կախելու համար։ Համան հաւնեցաւ անոնց գաղափարը եւ անմիջապէս գործի անցաւ (Եսթ. 5։12-14)։
12. Թագաւորը ինչո՞ւ կարդալ տուաւ պետութեան պաշտօնական արձանագրութիւնները, եւ առ ի արդիւնք ի՞նչ բան տեղեկացաւ։
12 Մինչ այդ, թագաւորը արտասովոր գիշեր մը անցուց։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ «թագաւորին քունը փախաւ». ուստի ան բարձրաձայն կարդալ տուաւ պետութեան պաշտօնական արձանագրութիւնները։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Ասուերոսի դէմ ծրագրուած մահափորձի արձանագրութիւնը։ Թագաւորը յիշեց այդ դէպքը. դաւադիրները բռնուած եւ մահապատիժի ենթարկուած էին։ Բայց ի՞նչ եղած էր այդ դաւադրութիւնը քօղազերծող մարդուն՝ Մուրթքէին։ Թագաւորը յանկարծ աչալուրջ ըլլալով, հարցուց թէ Մուրթքէն ինչպէ՛ս վարձատրուած էր։ Պատասխանը ի՞նչ էր։ Մարդուն համար բան մը չէր եղած (կարդա՛ Եսթեր 6։1-3)։
13, 14. ա) Հարցերը ինչպէ՞ս սկսան վատթարանալ Համանի համար։ բ) Համանի կինն ու բարեկամները ի՞նչ ըսին իրեն։
13 Թագաւորը բարկանալով հարցուց, թէ պալատականներէն ո՛վ կար գաւիթը, որ իրեն օգնէր այդ թերացումը սրբագրելու։ Բոլո՜ր պալատականներէն միայն Համա՛նը ներկայ էր գաւիթին մէջ։ Ըստ երեւոյթին, Համան բաւական կանուխ եկած էր հոն, քանի որ կը տենչար Մուրթքէն սպաննելու արտօնութիւն առնել։ Բայց առաջ որ կարենար իր խնդրանքը յայտնել, թագաւորը իրեն հարցուց թէ ի՛նչն է լաւագոյն կերպը պատուելու այն մարդը, որ շահած է թագաւորին հաճութիւնը։ Համան կարծեց թէ Ասուերոս զինք ի մտի ունէր, ուստի ըսաւ որ այդ մարդը պէտք է մեծ պատիւ ստանայ,– բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը նշանակել որ անոր հագցնէ թագաւորական զգեստ, թագաւորին ձիուն վրայ նստեցնէ եւ հանդիսաւոր կերպով պտըտցնէ Շուշանի շուրջը՝ զինք բարձրաձայն գովաբանելով։ Երեւակայէ Համանին դէմքը, երբ իմացաւ թէ այդ մարդը Մուրթքէն էր։ Իսկ թագաւորը զո՞վ նշանակեց Մուրթքէն գովաբանելու։ Համա՛նը (Եսթեր 6։4-10)։
14 Համան դժկամութեամբ կատարեց իրեն համար զզուելի եղող յանձնարարութիւնը, ապա դառնութեամբ շտապեց դէպի տուն։ Իր կինն ու բարեկամները ըսին, թէ այդ դէպքերուն վախճանը գէշ պիտի ըլլար. հրեայ Մուրթքէի դէմ իր մղած պայքարը՝ ա՛լ պիտի չյաջողէր (Եսթ. 6։12, 13)։
15. ա) Եսթերի համբերութիւնը ի՞նչ լաւ արդիւնք տուաւ։ բ) ‘Սպասելը’ ինչո՞ւ իմաստութիւն է։
15 Որովհետեւ Եսթեր համբերատարութեամբ մէկ օր եւս սպասեց խնդրանքը թագաւորին յայտնելու, այդ ժամանակը բաւարար էր որ Համան ինքն իր ձեռքով պարտութիւն կրէր։ Կրնայ ըլլալ որ Եհովա՛ն պատճառած էր որ թագաւորին քունը փախչէր (Առ. 21։1)։ Զարմանալի չէ որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ որ ‘սպասենք’ (կարդա՛ Միքիա 7։7)։ Երբ Աստուծոյ սպասենք որ ինք գործէ, կրնանք տեսնել թէ Ան մեզմէ շա՜տ աւելի լաւ ձեւով կարող է լուծել մեր խնդիրները։
Ան քաջաբար խօսեցաւ
16, 17. ա) Ե՞րբ էր Եսթերի «խօսելու ժամանակ»ը։ բ) Եսթեր ինչպէ՞ս կը տարբերէր Վաշթիէն՝ թագաւորին նախկին կինէն։
16 Եսթեր չհամարձակեցաւ չարաշահել թագաւորին համբերութիւնը. երկրորդ կոչունքի ատեն ամէն բան պէտք էր ըսէր։ Բայց ինչպէ՞ս։ Այդ կոչունքին, թագաւորը Եսթերին առիթ տուաւ անգամ մը եւս հարցնելով թէ ի՛նչ էր իր խնդրանքը (Եսթ. 7։2)։ Եսթերի «խօսելու ժամանակ»ը հասած էր։
17 Թագուհին հաւանաբար նախ անձայն աղօթեց իր Աստուծոյն, ապա թագաւորին ըսաւ. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ո՛վ թագաւոր ու եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, խնդիրքովս իմ հոգիս ու աղաչանքովս իմ ազգս ինծի տրուի» (Եսթ. 7։3)։ Նշմարէ թէ Եսթեր վստահեցուց թագաւորը, որ ինք կը յարգէր անոր դատողութիւնը։ Եսթեր որքա՜ն կը տարբերէր Վաշթիէն, թագաւորին նախկին կնոջմէն, որ գիտակցաբար նուաստացուցած էր իր ամուսինը (Եսթ. 1։10-12)։ Ասկէ զատ, Եսթեր չքննադատեց թագաւորը անխոհեմութեան համար, որ ան Համանին վստահած էր։ Փոխարէն, ինք Ասուերոսին աղաչեց որ զինք մահուընէ պաշտպանէր։
18. Եսթեր ինչպէ՞ս ներկայացուց իր խնդիրը թագաւորին։
18 Անկասկած, թագաւորը այդ խնդրանքին նկատմամբ անտարբեր չմնաց, հապա զարմացաւ։ Ո՞վ պիտի համարձակէր վտանգի ենթարկել իր թագուհին։ Եսթեր շարունակեց. «Թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ ազգս կոտորուելու, մեռնելու ու բնաջինջ ըլլալու ծախուեցանք ու եթէ ծառայ ու աղախին ըլլալու ծախուէինք, բան մը չէի խօսեր. թէպէտեւ թշնամին թագաւորին քաշած վնասը չէր կրնար հատուցանել» (Եսթ. 7։4)։ Նկատի առ, որ Եսթեր անկեղծօրէն ներկայացուց իր խնդիրը։ Ան աւելցուց, որ լուռ պիտի մնար, եթէ սպառնալիքը միայն ստրկութիւն ըլլար։ Սակայն այդ ցեղասպանութիւնը անձամբ թագաւորին վրայ շատ սուղի պիտի նստէր, եթէ Եսթեր չխօսէր։
19. Եսթերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ համոզելու հմտութեան մասին։
19 Եսթերի օրինակը մեզի շատ բան կը սորվեցնէ համոզելու հմտութեան մասին։ Եթէ երբեւէ պէտք ունենաս լուրջ խնդիր մը բացայայտելու սիրելիի մը կամ նոյնիսկ հեղինակաւոր անձի մը, համբերատարութիւնը, յարգանքն ու անկեղծութիւնը կրնան օգտակար ըլլալ (Առ. 16։21, 23, ՆԱ)։
20, 21. ա) Եսթեր ինչպէ՞ս Համանը քօղազերծեց, ի՞նչ հակազդեցութիւն յառաջացնելով թագաւորին մէջ։ բ) Համան ի՞նչ ըրաւ, երբ իր վախկոտ դաւադիր ըլլալը քօղազերծուեցաւ։
20 Ասուերոս հարցուց. «Ո՞վ է անիկա եւ ո՞ւր է անիկա, որ այս բանը ընելու համարձակեցաւ»։ Երեւակայէ թէ Եսթեր ինչպէ՛ս Համանը մատնանշեց, երբ ըսաւ. «Հակառակորդն ու թշնամին այս չար Համանն է»։ Մեղադրանքը լարուած իրավիճակ մը ստեղծեց։ Համանին սիրտը փրթաւ։ Պատկերացուր թէ արքային դէմքը ինչպէ՛ս գունափոխուեցաւ, երբ իմացաւ որ իր վստահելի խրատատուն խաբեր էր զինք՝ ստորագրել տալով հրաման մը, որ իր սիրելի կինը պիտի սպաննէր։ Թագաւորը հապճեպով պարտէզ գնաց ինքզինք գտնելու համար (Եսթ. 7։5-7)։
Եսթեր Համանի չարամտութիւնը քաջաբար քօղազերծեց
21 Համան, որուն վախկոտ դաւադիր ըլլալը քօղազերծուեցաւ, թագուհիին ոտքերուն ինկաւ։ Երբ թագաւորը կոչունքին սենեակը վերադարձաւ ու տեսաւ թէ Համան Եսթերի բազմոցին վրայ ինկած կ’աղաչէր անոր, զայն մեղադրեց իր տան մէջ թագուհին բռնաբարել փորձելուն համար։ Այդ ամբաստանութիւնը վստահաբար Համանին համար մահ նշանակեց։ Անոր երեսը ծածկեցին եւ դուրս հանեցին կոչունքի վայրէն։ Յետոյ, պալատականներէն մէկը թագաւորին ըսաւ, որ Համան բարձր ցից մը պատրաստած էր Մուրթքէի համար։ Ասուերոս անմիջապէս հրամայեց որ նոյնինքն Համանը կախուէր այդ ցիցին վրայ (Եսթ. 7։8-10)։
22. Եսթերի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ բնաւ չկորսնցնենք մեր յոյսն ու հաւատքը։
22 Այսօրուան անարդար աշխարհին մէջ, դիւրին է մտածել թէ բնաւ արդարութիւն պիտի չտեսնենք։ Երբեւէ այդպէս մտածե՞ր ես։ Եսթեր բնաւ իր յոյսն ու հաւատքը չկորսնցուց։ Երբ ժամանակը հասաւ, ան խիզախօրէն խօսեցաւ ինչ որ ճիշդ էր եւ անկէ անդին՝ Եհովային վստահեցաւ։ Թող որ մենք ալ նոյնը ընենք։ Եհովան Եսթերի օրերէն մինչեւ հիմա չէ փոխուած։ Ան տակաւին կարող է ամբարիշտ ու նենգամիտ մարդիկը իրենց փորած փոսին մէջ ձգել, ճիշդ ինչպէս որ Համանին ըրաւ (կարդա՛ Սաղմոս 7։11-16)։
Եսթեր անձնուրացօրէն գործեց՝ ի նպաստ Եհովայի եւ Իր ժողովուրդին
23. ա) Թագաւորը ինչպէ՞ս վարձատրեց Եսթերն ու Մուրթքէն։ բ) Բենիամինի առնչութեամբ, մահուան անկողնին մէջ Յակոբի նախագուշակած մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ (տե՛ս «Մարգարէութիւն մը կատարուեցաւ» շրջանակը)։
23 Վերջապէս թագաւորը գիտցաւ, թէ Մուրթքէն ոչ միայն այն մարդն էր, որ հաւատարմօրէն մահափորձէ մը պաշտպանած էր զինք, այլեւ՝ Եսթերը որդեգրողը։ Ասուերոս Համանի փոխարէն՝ Մուրթքէն նշանակեց որպէս երկրին վարչապետը։ Թագաւորը Համանին տունը, ներառեալ անոր ամբողջ հարստութիւնը, Եսթերին պարգեւեց. թագուհին ալ Մուրթքէն այդ տանը վրայ դրաւ (Եսթ. 8։1, 2)։
24, 25. ա) Եսթեր ինչո՞ւ չկրցաւ հանգստանալ, Համանի դաւադրութիւնը քօղազերծուելէ ետք։ բ) Եսթեր ինչպէ՞ս իր կեանքը անգամ մը եւս վտանգեց։
24 Հիմա որ Եսթեր եւ Մուրթքէ ապահով էին, թագուհին կրնա՞ր հանգստանալ. միայն եթէ անձնասէր ըլլար։ Այդ ատեն, բոլոր հրեաները սպաննելու Համանի հրամանը արդէն կը հասնէր կայսրութեան չորս կողմը։ Համան վիճակ կամ Փուր ձգած էր,– ակներեւաբար ոգեհարցութեան ձեւ մը,– որոշելու յարմար ժամանակը՝ իր սարսափելի յարձակումը ի գործ դնելու (Եսթ. 9։24-26)։ Ճիշդ է որ տակաւին ամիսներ կային որ այդ օրը հասնէր, սակայն անիկա արագօրէն կը մօտենար։ Կարելի՞ էր աղէտը կանխել։
25 Եսթեր անձնուրացօրէն անգամ մը եւս իր կեանքը վտանգեց՝ առանց պաշտօնական հրաւէրի երեւնալով թագաւորին։ Այս անգամ, ան իր ժողովուրդին համար լացաւ, աղաչելով իր ամուսինին որ չեղեալ սեպէր այդ սարսափելի հրամանագիրը։ Բայց պարսից թագաւորներուն հաստատած օրէնքները չէին կրնար բեկանուիլ (Դան. 6։12, 15)։ Ուստի թագաւորը Եսթերն ու Մուրթքէն լիազօրեց, որ նոր օրէնք մը սահմանեն։ Այսպէս ղրկուեցաւ երկրորդ յայտարարութիւն մը, որ հրեաներուն ինքնապաշտպանութեան իրաւունք կու տար։ Սուրհանդակները սուրացին կայսրութեան բոլոր կողմերը՝ այս բարի լուրը հասցնելով հրեաներուն։ Այժմ անոնք յոյս ունէին (Եսթ. 8։3-16)։ Կրնանք երեւակայել թէ այդ լայնատարած կայսրութեան մէջ, հրեաները ինչպէ՛ս սկսան զինուիլ եւ պատերազմի պատրաստուիլ,– բան մը որ բնաւ պիտի չկարենային ընել առանց այդ նոր հրամանագրին։ Բայց աւելի կարեւորը այն էր, թէ արդեօք ‘զօրքերուն Աստուածը’ իր ժողովուրդին հետ պիտի ըլլա՞ր (Ա. Թագ. 17։45)։
Եսթեր եւ Մուրթքէ Պարսկաստանի կայսրութեան բոլոր հրեաներուն յայտարարութիւններ ղրկեցին
26, 27. ա) Եհովան իր ժողովուրդին որքա՞ն մեծ եւ լիակատար յաղթանակ շնորհեց իրենց թշնամիներուն դէմ։ բ) Ի՞նչ մարգարէութիւն կատարուեցաւ Համանի որդիներուն կործանումով։
26 Երբ վերջապէս որոշուած օրը հասաւ, Աստուծոյ ժողովուրդը պատրաստ էր։ Այժմ, նոյնիսկ բազմաթիւ պարսիկ պաշտօնեաներ պաշտպանեցին հրեաները, երբ լսեցին թէ երկրին նոր վարչապետը հրեայ Մուրթքէն էր։ Եհովան մեծ յաղթանակ տուաւ իր ժողովուրդին։ Անկասկած, ան պաշտպանեց իր ժողովուրդը՝ թշնամիները մեծ պարտութեան մատնելով, որպէսզի ա՛լ չկարենան իրենց վնասելa (Եսթ. 9։1-6)։
27 Ասկէ զատ, Մուրթքէ բնաւ պիտի չկարենար ապահովութեամբ վերահսկել Համանի տան վրայ, եթէ այդ չար մարդուն տասը որդիները ողջ մնային։ Անոնք նոյնպէս սպաննուեցան (Եսթ. 9։7-10)։ Այդպիսով, Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը կատարուեցաւ, քանի որ Աստուած նախագուշակած էր թէ ամաղեկացիները, որոնք ինքզինքնին Աստուծոյ ժողովուրդին ոխերիմ թշնամիներն ըրած էին, ամբողջովին բնաջինջ պիտի ըլլային (Բ. Օր. 25։17-19)։ Ըստ երեւոյթին, Համանի որդիները այդ դատապարտուած ազգին մնացորդն էին։
28, 29. ա) Ինչո՞ւ Եհովայի կամքն էր, որ Եսթերն ու իր ժողովուրդը պատերազմի միջամուխ ըլլային։ բ) Եսթերի օրինակը ինչո՞ւ մեզի համար օրհնութիւն է։
28 Երիտասարդուհի Եսթեր ստիպուած էր շատ մը ծանր պատասխանատուութիւններ շալկելու մէջ բաժին բերել, ինչպէս՝ արքայական հրամանագրեր պատրաստել պատերազմի եւ մահապատիժի առնչութեամբ։ Ասիկա դիւրին բան չէր, բայց Եհովայի կամքն էր որ իր ժողովուրդը կործանումէն պաշտպանուէր, որովհետեւ իսրայէլ ազգէն էր որ յառաջ պիտի գար խոստացեալ Մեսիան՝ ամբողջ մարդկութեան յոյսի միակ աղբիւրը (Ծն. 22։18)։ Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաները կ’ուրախանան, գիտնալով թէ երբ Մեսիան՝ Յիսուս, երկիր եկաւ, այնուհետեւ իր հետեւորդները արգիլեց ֆիզիքական պատերազմներու մասնակցելէ (Մատ. 26։52)։
29 Սակայն քրիստոնեաները ունին հոգեւոր պատերազմ մը,– Սատանան որեւէ ժամանակէ աւելի կը տենչայ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը քայքայել (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 10։3, 4)։ Ի՜նչ օրհնութիւն է որ Եսթերի օրինակը ունինք։ Թող որ իրեն պէս հաւատք ցոյց տանք, համոզելու հմտութեան մէջ իմաստութիւն եւ համբերութիւն ցոյց տալով, քաջութիւն դրսեւորելով եւ անձնուրացօրէն պատրաստ ըլլալով Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելու։
a Թագաւորը հրեաներուն երկրորդ օր մը տուաւ, որ իրենց թշնամիներուն դէմ եղած յաղթանակը ամբողջացնեն (Եսթ. 9։12-14)։ Նոյնիսկ այսօր, հրեաները կը տօնեն այդ յաղթանակը ամէն տարի, Ադար ամսուն, որ կը համապատասխանէ փետրուարի վերջաւորութեան ու մարտի սկիզբին։ Տօնակատարութիւնը կը կոչուի Փուրիմ, որովհետեւ Համան վիճակ կամ Փուր ձգած էր իսրայէլը բնաջնջելու համար։
-