Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 7/1 էջ 4
  • Կրօնքը եւ դրամը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրօնքը եւ դրամը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ
  • ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ ԱՅԴ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՀԱՑՈՒՄ ԿՈՒ ՏԱՆ
  • Թագաւորութեան գործունէութիւններուն ֆինանսաւորումը
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Բոլոր չարութիւններուն արմատը դրա՞մն է
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Դրամը ինչպէ՛ս գործածել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • «Եհովան յօժարակամ տուողը կը սիրէ»
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 7/1 էջ 4
[Նկար՝ էջ 4]

Կրօնքը եւ դրամը

Էսթելa իր զաւակներուն հետ կանոնաւորաբար եկեղեցի կը յաճախէր։ «Մեր քահանային ըսի, թէ կը փափաքիմ Աստուածաշունչին մասին աւելի՛ն սորվիլ», կ’ըսէ ան։ Բայց քահանան բնա՛ւ չառաջարկեց իրեն սորվեցնել։ Ի վերջոյ, ան դադրեցաւ եկեղեցի երթալէ։ Էսթել կ’ըսէ. «Եկեղեցիի պաշտօնեաները ինծի նամակ մը ուղարկեցին, ըսելով որ եթէ չեմ կրնար եկեղեցի երթալ, առնուազն դրամը ղրկեմ։ Մտածեցի, թէ ‘անոնք չե՛ն հետաքրքրուած թէ եկեղեցի կը յաճախեմ կամ ոչ։ Անոնք միա՛յն դրամս կ’ուզեն’»։

Անժելինան, որ միշտ կրօնասէր եղած է, ըսաւ. «Եկեղեցիիս մէջ, իւրաքանչիւր արարողութեան ընթացքին հանգանակութեան ափսէն երեք անգամ կը ներկայացուէր, եւ մեզմէ կ’ակնկալուէր իւրաքանչիւր անգամ դրամ զետեղել։ Անոնք միշտ դրամ կը խնդրէին։ Ես ինծի կ’ըսէի. ‘Ասոնք Աստուծոյ հոգին չունին’»։

Շրջանիդ մէջ կրօնքները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ճնշում կը բանեցնե՞ն դրամ ձեռք ձգելու համար։ Արդեօք այս բանը ընելը Աստուածաշունչին ուսուցումներուն հետ ներդաշնա՞կ է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Յիսուս՝ քրիստոնէութեան հիմնադիրը, ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։8)։ Աստուածաշունչի պատգամը անգին է եւ բոլոր ուզողներուն պէտք է մատչելի ըլլայ։

Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ժողովքի ծախսերը հոգացին։

Ամէն մէկը կու տար ‘ինչպէս իր սրտովը կը յօժարէր, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ’ (Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ձեզմէ մէկուն նեղութիւն չտալու համար գիշեր ու ցորեկ գործեցինք, ձեզի Աստուծոյ աւետարանը քարոզեցինք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9)։ Պօղոս վրանագործութեամբ զբաղեցաւ, որպէսզի իր անձնական ծախսերը գոցելով՝ շարունակէր ծառայել (Գործք 18։2, 3)։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ ԱՅԴ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՀԱՑՈՒՄ ԿՈՒ ՏԱՆ

Եհովայի վկաները Թագաւորութեան սրահ կոչուող համեստ ժողովատեղիներու մէջ կը ժողվուին։ Ծախսերը ինչպէ՞ս կը ծածկուին։ Հանգանակութեան ամաններ բնա՛ւ չեն ներկայացուիր։ Ոչ ալ անհատներու նամակներ կ’ուղարկուին նուիրատուութիւն խնդրելու համար։ Փոխարէն, հոգեւոր յայտագիրը գնահատողները կրնան սրահին նուիրատուութեան տուփին մէջ գումար մը զետեղել։

Կրօնքը ինչպէ՞ս պէտք է ֆինանսաւորուի

Այս պարբերաթերթը տպելն ու առաքելը վստահաբար ծախսի կը նայի։ Բայց անոր մէջ բնա՛ւ չես տեսներ առեւտրական ծանուցում կամ նուիրատուութիւն ընելու հրաւէր, քանի որ պարբերաթերթին գլխաւոր նպատակակէտն է՝ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մատակարարել։

Ի՞նչ կը խորհիս. արդեօք այս կարգադրութեան հոգին ներդաշնա՞կ է Յիսուսի խրատին եւ նախկին քրիստոնեաներու օրինակին հետ։

a Այս յօդուածաշարքին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել