Վստահելի կրօնք կա՞յ
Եթէ որոշ կրօնք մը քեզ յուսախաբած է, թերեւս դժուարանաս ա՛յլ կրօնքի վստահիլ։ Բայց անկասկած վստահելի կրօնք մը գոյութիւն ունի։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս հաւատարիմ հետեւորդներ հաւաքեց եւ անոնց սորվեցուց Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Տակաւին գոյութիւն ունին Քրիստոսի հարազատ հետեւորդներ,– խղճամիտ անհատներ, որոնք կը ջանան իրենց կեանքը ներդաշնակել քրիստոնէական չափանիշներուն հետ։ Ո՞ւր կրնաս զանոնք գտնել։
Էսթել, որ նախորդ յօդուածի մը մէջ նշուեցաւ, կ’ըսէ. «Վերջապէս սկսայ Աստուածաշունչին մասին սորվիլ, երբ Եհովայի վկաները սկսան ինծի հետ ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Շուտով հասկցայ Յովհաննէս 8։32–ի խօսքը, որ կ’ըսէ. ‘Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ’»։
Ռէյ, որ դարձեալ նախապէս նշուեցաւ, կ’ըսէ. «Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, սորվեցայ թէ մարդկութեան տառապանքին պատճառը Աստուած չէ։ Երախտապարտ եմ գիտնալով որ այժմ Աստուած վաւերական պատճառ ունի՛ չարութիւնը թոյլատրելու, բայց ան նաեւ խոստացած է զայն շուտով չքացնել»։
Բացայայտ է որ դժուար է այս աշխարհին բարոյական ցած չափանիշներուն հոսանքին հակառակ լողալ։ Բայց ատիկա կարելի է։ Շատեր կը փափաքին Աստուածաշունչը հասկնալ եւ կիրարկել։ Անոր համար, աշխարհի տարածքին Եհովայի վկաները միլիոնաւորներու հետ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։ Ամէն շաբաթ, շատեր Աստուածաշունչի ճշգրիտ ուսուցումները կը սորվին։ Առ ի արդիւնք, անոնք Ստեղծիչին աւելի կը մօտենան եւ ուրախ կեանք կը կերտենa։
Եհովայի վկաներուն հարցուր թէ ինչո՛ւ իրենց կրօնքին կը վստահին
Յաջորդ անգամ երբ Եհովայի վկաներու հանդիպիս, հարց տուր թէ անոնք ինչո՛ւ իրենց կրօնքին կը վստահին։ Քննէ անոնց ուսուցումները եւ տես թէ անոնք որքանո՛վ քրիստոնէական չափանիշներուն մօտէն կը հետեւին։ Ապա դո՛ւն որոշէ թէ վստահելի կրօնք կայ կամ ոչ։
a Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։