Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 2/1 էջ 8-9
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան. Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան. Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան. Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
  • Դառնասիրտ ու վայրագ էի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 2/1 էջ 8-9
Իվարս Վիկուլիս եւ իր կինը իրենց աղջկան կը սորվեցնեն դրախտին մասին

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Դրախտային երկրի մը խոստումը կեանքս փոխեց

Կը պատմէ Իվարս Վիկուլիս

  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1974

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ԼԱԹՎԻԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ՇԱՐԺԱՆԻՒԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ

Իվարս Վիկուլիսը երբ շարժանիւի մրցումներուն կը մասնակցէր

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնած եմ Լաթվիայի մայրաքաղաք՝ Ռիկայի մէջ։ Ես եւ քոյրս մեծցանք մեր մօր հոգատարութեան ներքեւ։ Հակառակ որ մայրս կաթողիկէ էր, մենք միայն կրօնական տօներուն էր որ եկեղեցի կ’երթայինք։ Ես միշտ հաւատացեր էի որ մեզմէ աւելի զօրաւոր ոյժ մը կայ, բայց պատանի տարիքիս ուրիշ շատ մը բաներով զբաղած էի։

Մինչ կը մեծնայի, մայրս նկատեց թէ մէջս քակել–կազմելու ցանկութիւն մը կար։ Ան չէր ուզեր զիս առանձին տունը ձգել քանի որ տան մէջ կային շատ ապրանքներ, որոնք կրնայի քակել։ Ուստի ան ինծի համար գնեց մետաղեայ լեկօ մը, որուն հետ հաճոյքով սկսայ խաղալ։ Քակել–կազմելու կողքին, մէջս ուրիշ փափաք մըն ալ արթնցաւ,– շարժանիւ քշել։ Մայրս անունս արձանագրեց հեծանիւի մրցումի մը մէջ, որ կը կոչուէր Զելթա Մոփաթս, այսինքն՝ Ոսկիէ մոփեթ (մոփեթը շարժակաւոր հեծանիւ մըն է)։ Սկսայ մոփեթներով եւ յետոյ անցայ շարժանիւներուն։

Շատ արագ կը սորվէի եւ կարճ ժամանակուան մէջ բաւական հմտացայ այս սրընթաց եւ վտանգաւոր մարզախաղին մէջ։ Երեք անգամ արժանացայ շարժանիւի զանազան մրցարշաւներու Լաթվիական ախոյեանութեան, երկու անգամ ալ՝ Պալթեան երկիրներու ախոյեանութեան։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Ասպարէզիս կարկառուն օրերուն, ընկերուհիս՝ Էվիան, որ յետագային կինս դարձաւ, կապի մէջ մտաւ Եհովայի վկաներու հետ։ Ան անոնց կարգ մը հրատարակութիւններէն գտած էր, որոնց վրայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկող կտրօն կար։ Ան կտրօնը լեցուց եւ նամակով ուղարկեց։ Շատ չանցած, երկու Վկաներ այցելեցին իրեն եւ ան սկսաւ անոնց հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ինծի համար ատիկա խնդիր մը չէր, բայց այն ատեն, ես հոգեւոր բաներով շատ չէի հետաքրքրուած։

Մինչ օրերը կ’անցնէին, Վկաները զիս հրաւիրեցին որ ես ալ Էվիայի դասին ներկայ ըլլամ ու մտիկ ընեմ։ Առաջարկնին չմերժեցի եւ լսածներէս ախորժեցայ։ Մասնաւորաբար սրտիս դպաւ Աստուածաշունչի այն խոստումը, թէ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ Օրինակի համար, անոնք ինծի ցոյց տուին Սաղմոս 37։10, 11–ի խօսքերը, որ կ’ըսէ. «Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Այս խոստումը ի՛րապէս ազդեց ինծի։

Իմ հոգեւոր հետաքրքրութիւնս կ’աւելնար. . . ։ Անդրադարձայ, թէ որքա՜ն կրօնական սուտեր գոյութիւն ունէին։ Եւ առ ի հակապատկեր այդ սուտերուն՝ Աստուածաշունչին սորվեցուցած կէտերը զիս տպաւորեցին, քանի որ շատ յստակ եւ տրամաբանական էին։

Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեանս ընթացքին սորվեցայ, թէ Եհովան կեանքը որքա՜ն թանկարժէք կը նկատէ (Սաղմոս 36։9)։ Այս իրողութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իմ մրցարշաւիս վրայ։ Այլեւս չէի ուզեր կեանքս վտանգի տակ դնել, հապա կը փափաքէի կեանքովս Եհովա՛ն փառաբանել։ Հետեւաբար, շարժանիւի մրցումներուն բերած համբաւը, պատիւն ու ոգեւորութիւնը ա՛լ աչքիս արժէք չունէին։

Հասկցայ թէ պատասխանատուութիւն ունիմ կեանք տուող Աստուծոյն առջեւ

1996–ին, Եհովայի վկաներու միջազգային համաժողովի մը ներկայ գտնուեցայ Էսթոնիոյ Թալին քաղաքին մէջ, որ շատ հեռու չէր շարժանիւներու այն խաղադաշտէն, ուր յաճախ կը մրցէի։ Համաժողովին մէջ տեսայ բազմազան երկիրներէ եկած մարդիկ, որոնք համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ՝ մէկտեղ հաւաքուած էին։ Օրինակ՝ երբ Վկաներէն կին մը իր պայուսակը կորսնցուց, խորհեցայ թէ անկարելի էր որ ան իր պայուսակը գտնէր։ Բայց շատ չանցած, ուրիշ Վկայ մը գտաւ կնոջ պայուսակը եւ զայն եղածին պէս իրեն վերադարձուց։ Բերանս բաց մնաց։ Նո՛ր հասկցայ թէ Վկաները իսկապէս Աստուածաշունչի բարձր չափանիշներու համաձայն կ’ապրին։ Ես ու Էվիան շարունակեցինք մեր ուսումնասիրութիւնը եւ 1997–ին մկրտուեցանք որպէս Եհովայի վկաներ։

Իվարս Վիկուլիս մասնաճիւղի մէջ ինքնաշարժներ կը նորոգէ

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Ընկերներէս ոմանք՝ իրենց կեանքը կորսնցուցին, վայրենի եւ սրընթաց կերպով շարժանիւ քշելնուն պատճառով։ Իսկ ես՝ Աստուածաշունչը սերտելով հասկցայ, թէ պատասխանատուութիւն ունիմ կեանք տուող Աստուծոյն՝ Եհովային առջեւ։ Այս կէտը հասկնալը՝ հաւանաբար կեանքս ազատեց։

Էվիան ու ես չորս տարի առանձնաշնորհումը ունեցանք Ռիկայի մէջ, Եհովայի վկաներու մասնաճիւղին մէջ ծառայելու որպէս՝ լիաժամ ծառաներ։ Իսկ այժմ, կ’ուրախանանք մեր աղջկան՝ Ալիսին հոգ տանելով եւ անոր օգնելով որ Եհովան սիրէ։ Նաեւ առանձնաշնորհում ունիմ ամէն շաբաթ, օր մը տրամադրելու, թարգմանութեան բաժանմունքին համար ինքնաշարժներ եւ ա՛յլ կոտրուած իրեր նորոգելով։ Կ’ուրախանամ որ երեխայ եղած ժամանակէս սորված հմտութիւններս այժմ ի գործ կը դնեմ օգտակար բաներու համար։ Այո, ես տակաւին քակել–կազմելու մէջ եմ։

Ես մեծապէս կ’արժեւորեմ՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյն մասին ընտանեօք վկայելու առանձնաշնորհումը, շնորհիւ այն սկզբունքներուն, որոնք սորվեցայ Աստուածաշունչէն։ Ա՛րդարեւ, դրախտային երկրի մը խոստումը կեա՛նքս փոխեց։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել