Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 8/1 էջ 4
  • Աստուած վրադ կը հսկէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած վրադ կը հսկէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մտիկ ըրէ, գիտցիր ու կարեկցէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ամէն բանի մէջ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Մխիթարութիւն՝ կոտրած սիրտ ունեցողներուն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Կարեւոր իմաստ ունեցող այլաբանական թատերախաղ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 8/1 էջ 4

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է

Աստուած վրադ կը հսկէ

«[Աստուծոյ] աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն» (ՅՈԲ 34։21)։

Հայր մը իր տղեկին հետ կը խաղայ

Երեխան որքա՛ն պզտիկ ըլլայ, այնքան աւելի կարիքը կ’ունենայ ծնողքին ուշադրութեան

ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՆ։ Ըստ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մը, մեր աստղախումբը առնուազն 100 միլիառ մոլորակ ունի։ Տիեզերքին հսկայ տարածութեան տեղեակ ըլլալով, շատեր հարց կու տան. «Ամենակալ Ստեղծիչը ինչո՞ւ պիտի նայի թէ փոքր մոլորակի մը վրայ պարզ մարդիկ ի՛նչ կ’ընեն»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾԸ։ Աստուած ոչ թէ պարզապէս Աստուածաշունչը մեզի տուաւ եւ ապա մեզի հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը կորսնցուց։ Ան մեզ կը հաւաստիացնէ. «Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սաղմոս 32։8)։

Նկատի առ Հագարը, եգիպտացի կին մը Ք.Ա. 20–րդ դարէն։ Ան իր տիկնոջ՝ Սարայի հանդէպ անարգալից էր, ուստի Սարա զինք նեղեց եւ ան դէպի անապատ փախաւ։ Հիմա որ Հագար սխալ գործած էր, Աստուած իրեն հանդէպ հետաքրքրութիւնը կորսնցո՞ւց։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Տէրոջը հրեշտակը գտաւ զանիկա»։ Հրեշտակը զինք հաւաստիացուց. «Տէրը քու տառապանքդ տեսաւ»։ Ապա Հագար Եհովային ըսաւ. «Դուն զիս տեսնող Աստուածն ես» (ԱԾ, ստորանիշ) (Ծննդոց 16։4-13)։

«Տեսնող Աստուած»ը քեզ ալ կը դիտէ։ Լուսաբանենք. սիրալիր մայր մը մասնաւորապէս իր երեխաներուն վրայ կը հսկէ, քանի որ երեխան որքա՛ն պզտիկ ըլլայ, այնքան աւելի կարիքը կ’ունենայ ծնողքին ուշադրութեան։ Նմանապէս, Աստուած մասնաւորապէս մեր վրայ կը հսկէ, երբ աննշան ու անպաշտպան ըլլանք։ «Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ», կ’ըսէ Եհովան, «բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ, որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ եւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ» (Եսայի 57։15)։

Այսուհանդերձ, թերեւս հարց տաս. «Աստուած ինչպէ՞ս վրաս կը հսկէ։ Արդեօք իմ երեւոյթիս համեմա՞տ զիս կը դատէ, թէ ոչ երեւցածէն անդին կը նայի եւ իսկապէս զիս կը հասկնայ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել