Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 5 էջ 3
  • Հրեշտակները կրնա՞ն կեանքիդ ազդել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հրեշտակները կրնա՞ն կեանքիդ ազդել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պահապան հրեշտակ մը ունի՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս կրնան օգնել ձեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հաւատարիմ հրեշտակները ընդօրինակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 5 էջ 3
Զոյգ մը Սուրբ Գիրքը գործածելով կը մխիթարէ կին մը

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵԶԻ Կ’ԱԶԴԵ՞Ն

Հրեշտակները կրնա՞ն կեանքիդ ազդել

Կիրակի օր մը, Գուրասոյի մէջ ապրող Գեննեթը եւ Ֆիլոմենան գացին որ այցելեն ամուսնացած զոյգի մը, որոնց հետ Սուրբ Գիրքը կը սերտէին։

«Երբ հասանք, տունը ամէն կողմէ գոց էր եւ ինքնաշարժը հոն չէր։ Բայց կարծես մէկը մղեց որ կնոջ հեռաձայնեմ», կ’ըսէ Գեննեթ։

Կինը պատասխանեց եւ ըսաւ որ իր ամուսինը գործի է։ Բայց հազիւ որ անդրադարձաւ որ Գեննեթը եւ Ֆիլոմենան դրան առջեւն են, եկաւ եւ ներս հրաւիրեց զանոնք։

Շուտով անոնց աչքին զարկաւ որ կինը լացած էր։ Երբ Գեննեթ աղօթեց որպէսզի ուսումնասիրութիւնը սկսին, կինը նորէն սկսաւ լալ։ Գեննեթ եւ Ֆիլոմենան ազնուօրէն հարցուցին թէ ան ի՛նչ ունի։

Կինը բացատրեց որ իր միտքը դրած էր որ անձնասպան ըլլայ այդ կէսօրէ ետքը, եւ ատոր համար նամակ կը գրէր իր ամուսինին, երբ Գեննեթ իրեն հեռաձայնեց։ Ան ըսաւ որ ընկճուածութիւն ունի, եւ անոնք ալ Սուրբ Գիրքէն մխիթարական բաներ ըսին իրեն։ Այդ քաջալերութիւնը կնոջ կեանքը ազատեց։

Գեննեթ կ’ըսէ. «Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեցինք, քանի որ մեզի առիթ տուաւ որ այս կորսուած կնոջ օգնենք, եւ մանաւանդ քանի որ մեզ մղեց,– թերեւս հրեշտակի մը կամ սուրբ հոգիին միջոցաւ,– որ կնոջ հեռաձայնենք»a։

Գեննեթը եւ Ֆիլոմենան կը հաւատան որ Աստուած միջամտեց հրեշտակի մը միջոցաւ, կամ Իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Ասիկա ճի՞շդ է, թէ ոչ պարզապէս զուգադիպութիւն մըն էր որ Գեննեթ հեռաձայնեց։

Ասոր վստահ պատասխանը չունինք, բայց մէկ բան գիտենք՝ որ Աստուած իր հրեշտակները կը գործածէ, որ հոգեւորապէս օգնէ մարդոց։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուած հրեշտակ մը գործածեց, որ Փիլիպպոս անունով քրիստոնեայ քարոզիչը ղրկէ եթովպիացի ներքինիի մը օգնելու, որ հոգեւոր առաջնորդութիւն կը փնտռէր (Գործք 8։26-31)։

Շատ մը կրօնքներ կը քաջալերեն այն հաւատալիքը, թէ գերբնական հոգեղէն արարածներ կան, եւ թէ անոնցմէ ոմանք բարիք կ’ընեն, Աստուծոյ կամքը կատարելով կամ որպէս անձնական պահապաններ ըլլալով։ Շատեր ոչ միայն կը հաւատան որ հրեշտակներ կան, այլ նաեւ՝ թէ անոնք լաւ ազդեցութիւն ունին իրենց կեանքին վրայ։ Բայց ուրիշ շատ մը մարդիկ բնա՛ւ չեն հաւատար որ հրեշտակները գոյութիւն ունին։

Հրեշտակները իրակա՞ն են։ Եթէ ա՛յո, անոնք ուրկէ՞ եկան։ Հրեշտակներուն մասին ճիշդ տեղեկութիւնները ի՞նչ են։ Անոնք կրնա՞ն կեանքիդ ազդել։ Նկատի առնենք այս հարցումները։

a Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը «Եհովա» է (Սաղմոս 83։18)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել