Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 5 էջ 6
  • Չար հրեշտակներ կա՞ն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Չար հրեշտակներ կա՞ն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հրեշտակներուն եւ դեւերուն մասին ճշմարտութիւնը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 5 էջ 6
Չար հրեշտակներ, կամ դեւեր

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵԶԻ Կ’ԱԶԴԵ՞Ն

Չար հրեշտակներ կա՞ն

Այո՛, չար հրեշտակներ կան։ Անոնք ուրկէ՞ եկան։ Յիշէ թէ երբ Աստուած հրեշտակները ստեղծեց, ազատ կամք տուաւ անոնց։ Առաջին տղամարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան, երկրին վրայ ստեղծուելէն քիչ ետք, կատարեալ հոգեղէն արարած մը իր ազատ կամքը սխալ կերպով գործածեց, եւ պատճառ դարձաւ որ Ադամն ու Եւան ըմբոստանան Աստուծոյ դէմ (Ծննդոց 3։1-7. Յայտնութիւն 12։9)։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ այս հոգեղէն արարածին անունը ի՛նչ էր կամ ի՛նչ դիրք ունէր երկինքին մէջ առաջ որ ըմբոստանար։ Բայց Սուրբ Գիրքը անոր ըմբոստութենէն ետք զինք կը կոչէ Սատանայ, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ», եւ Բանսարկու, որ կը նշանակէ «Զրպարտիչ» (Մատթէոս 4։8-11)։

Ցաւօք սրտի, այդ ըմբոստութիւնը շարունակուեցաւ։ Նոյի օրերուն, անորոշ թիւով հրեշտակներ Աստուծոյ երկնային ընտանիքին մէջ «իրենց բնակութիւնը ձգեցին»։ Անոնք երկիր իջան եւ մարդկային մարմիններ հագան, որպէսզի անբարոյ կերպով ապրին։ Այսպիսով, անոնք շեղեցան իրենց գոյութեան նպատակէն (Յուդա 6. Ծննդոց 6։1-4. Ա. Պետրոս 3։19, 20)։

Այդ չար հրեշտակներուն ի՞նչ պատահեցաւ։ Երբ Աստուած համաշխարհային ջրհեղեղ մը բերաւ որպէսզի երկիրը մաքրէ, անոնք իրենց մարմինները լուծեցին եւ հոգեղէն վայրը վերադարձան։ Բայց Աստուած չձգեց որ անոնք իրենց առաջուան դիրքին վերադառնան։ Փոխարէն, Ան զանոնք նուաստացած վիճակի՝ հոգեւոր «խաւար»ի մէջ դրաւ, որ Տարտարոս կը կոչուի (Յուդա 6. Բ. Պետրոս 2։4)։ Այս դեւերը իրենք զիրենք դրին ‘դեւերուն իշխանին’՝ Բանսարկու Սատանային իշխանութեան տակ, որ «լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ» (Մատթէոս 12։24. Բ. Կորնթացիս 11։14)։

Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ թէ Աստուծոյ մեսիական Թագաւորութիւնը, որ երկնային կառավարութիւն մըն է, հաստատուեցաւ 1914–ինa։ Այդ դէպքէն ետք, Սատանան եւ իր դեւերը երկինքէն վար ձգուեցան երկրին վրայ։ Աշխարհին մէջ տարածուած գէշութիւնն ու անբարոյութիւնը կը փաստեն, որ անոնք որքա՛ն քանդիչ ազդեցութիւն եւ ոխ ունին (Յայտնութիւն 12։9-12)։

Բայց չարութեան եւ բռնութեան զարմանալի կերպով աւելնալը կը փաստէ, թէ մօտ ատենէն անոնց վախնալիք իշխանութիւնը պիտի վերջանայ։ Անոնք այլեւս պիտի չկրնան գէշութիւն ընել։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը դրախտային երկրին վրայ 1000 տարի իշխելէ ետք, այս չար հոգեղէն արարածները վերջին առիթը պիտի ունենան որ մարդկութիւնը փորձէ անցընեն։ Ետքը, անոնք յաւիտեան պիտի կործանին (Մատթէոս 25։41. Յայտնութիւն 20։1-3, 7-10)։

a Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 8–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։ Գիրքը նաեւ մատչելի է www.jw.org/hy-latn կայքին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել