ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Թանկարժէք քրիստոնէական ժառանգութեան շնորհիւ ‘ծաղկեցայ’
ԿԷՍԳԻՇԵՐԻՆ կեցած էինք՝ շուրջ 1,6 քմ. լայնութեամբ արագընթաց Նիկէր գետին առջեւ։ Զայն կտրելը կրնար մեր կեանքը արժել, քանի որ Նիկերիոյ քաղաքացիական պատերազմը դեռ ընթացքի մէջ էր։ Սակայն պէտք էր այդ վտանգաւոր քայլը առնէինք, եւ մէկ անգամէ աւելի։ Ինչպէ՞ս այդպիսի պարագայի մը մէջ գտնուեցայ։ Նախ պատմեմ, թէ ծնելէս առաջ ինչ բաներ պատահեցան։
1913–ին Նիւ Եորք Սիթիի մէջ, հայրս՝ Ճոն Միլզ, 25 տարեկանին մկրտուեցաւ։ Եղբայր Ռասըլ մկրտութեան դասախօսութիւնը ներկայացուց։ Կարճ ժամանակ մը ետք, հայրս Թրինիտատ գնաց, ուր ամուսնացաւ Քոնսդընս Ֆարմըրին հետ, որ նախանձախնդիր Աստուածաշունչի Աշակերտ մըն էր։ Հայրս օգնեց իր բարեկամին՝ Ուիլիամ Ռ. Պրաունին, որ ներկայացնէ «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը»։ Միասին ասիկա կ’ընէին մինչեւ որ 1923–ին Պրաունները նշանակուեցան ծառայելու Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։ Հայրս եւ մայրս, որոնք երկնային յոյս ունէին, իրենց ծառայութիւնը շարունակեցին Թրինիտատի մէջ։
ՄԵԶ ՍԻՐՈՂ ԾՆՈՂՔԸ
Ծնողքս ինը զաւակ ունեցան. անդրանիկին անունը դրին Ռատըրֆորտ՝ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան նախագահին անունով։ Ես ծնայ 30 դեկտեմբեր 1922–ին, եւ ստացայ եղբայր Ուուտուըրթին անունը, որ Ոսկեդար (այժմ՝ Զարթի՛ր) պարբերաթերթին խմբագիրն էր։ Մեր ծնողքը բոլորիս ապահովեցին հիմնական ուսումը, բայց քաջալերեցին որ հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ կեդրոնանանք։ Մայրս յատուկ ձիրք ունէր. Սուրբ Գրութիւններու հիման վրայ համոզիչ կերպով տրամաբանել։ Հայրս կը սիրէր աստուածաշնչական պատմութիւններ պատմել մեզի. իր ամբողջ մարմինով եւ ձեռքերու շարժումներով կը ներկայացնէր Աստուածաշունչի անձնաւորութիւնները, օգնելով որ մեր երեւակայութեան մէջ պատմութիւնները կենդանի դառնային։
Անոնց ջանքերը լաւ արդիւնք տուին։ Հինգ տղաներէն երեքս, Գաղաադի դպրոց գացինք։ Իսկ մեր քոյրերէն երեքը երկար տարիներ ռահվիրայ էին Թրինիտատ եւ Թոպակոյի մէջ։ Մեր ծնողքը իրենց դաստիարակութեամբ եւ լաւ օրինակով մեզ տնկեցին «Տէրոջը տանը մէջ»։ Իրենց քաջալերութիւնը մեզի օգնեց, որ այնտեղ մնանք եւ ‘ծաղկինք Աստուծոյ սրահներուն մէջ’ (Սաղ. 92։13)։
Մեր տունը քարոզչութեան կեդրոն դարձաւ։ Ռահվիրաները հոն կը հաւաքուէին եւ յաճախ կը խօսէին եղբայր Ճորճ Եանկին մասին, որ Թրինիտատ այցելած քանատացի միսիոնար մըն էր։ Ծնողքս ոգեւորուած կը պատմէին իրենց նախկին ծառայակիցներուն՝ Պրաուններուն մասին, որոնք Արեւմտեան Ափրիկէ փոխադրուած էին։ Այս ամէնը զիս մղեց որ սկսիմ դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ տասը տարեկանիս։
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆՍ ՍԿԻԶԲԸ
Այդ օրերուն, մեր պարբերաթերթերը ուժգին կերպով կը քօղազերծէին սուտ կրօնքը, ագահ առեւտրականութիւնը եւ աղտոտ քաղաքականութիւնը։ Առ ի հակազդեցութիւն, 1936–ին, կղերները դրդեցին Թրինիտատի կառավարիչը, որ Դիտարանի ընկերութեան բոլոր հրատարակութիւնները արգիլէ։ Հրատարակութիւնները պահեցինք, բայց շարունակեցինք զանոնք գործածել մինչեւ որ բոլոր պաշարները վերջացան։ Տեղեկատուական արշաւներ եւ հեծիկներով քարոզարշաւներ կ’ընէինք, գործածելով յայտաթերթիկներ եւ ծանուցագիրներ։ Թունափունա գիւղաքաղաքէն եղող՝ բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժի խումբին հետ կը քարոզէինք նոյնիսկ Թրինիտատի ամէնէն հեռաւոր վայրերը։ Շա՜տ հետաքրքրական էր։ Այդ հոգեւոր միջավայրը նպաստեց որ 16 տարեկանիս մկրտուիմ։
Թունափունայի՝ բարձրախօսով օժտուած ինքնաշարժի խումբը
Մեր ընտանեկան ժառանգութիւնը եւ վերոնշեալ սկիզբի փորձառութիւնները, մէջս միսիոնար ըլլալու փափաքը արթնցուցին։ Այդ փափաքը դեռ ունէի, երբ 1944–ին Արուպա գացի եւ եղբայր Էտմոնտ Ու. Գըմինկզին միացայ։ Ուրախ էինք որ կրցանք 1945–ի Յիշատակատօնին 10 անհատ բերել։ Յաջորդ տարին, կղզիին վրայ առաջին ժողովքը հաստատուեցաւ։
Օրիսին հետ կեանքս աւելի ծաղկեցաւ
Ատկէ շատ չանցած, անպաշտօն կերպով վկայեցի Օրիս Ուիլիամզ անունով օրիորդի մը, որ գործակիցս էր։ Ան զօրաւոր առարկութիւններով պաշտպանեց իր սորված վարդապետութիւնները։ Սակայն Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրելով, ան սորվեցաւ թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ, եւ 5 յունուար 1947–ին մկրտուեցաւ։ Ժամանակ մը ետք, սիրահարուեցանք եւ ամուսնացանք։ Նոյեմբեր 1950–ին, Օրիսը ռահվիրայութեան սկսաւ։ Անոր հետ կեանքս աւելի ծաղկեցաւ։
ՈՒՐԱԽԱԼԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՆԻԿԵՐԻՈՅ ՄԷՋ
1955–ին, Գաղաադի դպրոցը հրաւիրուեցանք։ Այդ առանձնաշնորհումին առ ի պատրաստութիւն, ես եւ Օրիսը ձգեցինք մեր գործերը, ծախեցինք մեր տունը եւ ուրիշ ստացուածքներ, ու հրաժեշտ տուինք Արուպային։ 29 յուլիս 1956–ին, Գաղաադի դպրոցին 27–րդ դասարանը աւարտեցինք ու Նիկերիա նշանակուեցանք։
1957–ին, Բեթէլի ընտանիքին հետ Լակոսի մէջ, Նիկերիա
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, Օրիս նշեց. «Եհովայի հոգին կրնայ օգնել, որ անհատ մը յարմարի միսիոնարական կեանքի վերիվայրումներուն։ Ամուսինիս հակառակը, բնա՛ւ չէի ուզեր միսիոնար ըլլալ։ Կը նախընտրէի տուն ունենալ եւ պզտիկներ մեծցնել։ Մտածելակերպս փոխեցի երբ ըմբռնեցի, թէ որքա՛ն հրատապ է բարի լուրը քարոզել։ Գաղաադի դպրոցը աւարտելէ ետք, ես արդէն ամբողջովին պատրաստ էի որպէս միսիոնար աւետարանելու։ Մինչ Քուին Մէրի նաւը կ’ելլէինք, որպէսզի երթայինք մեր նոր նշանակումին, եղբայր Նորին հետ աշխատող եղբայր մը եկաւ մեզի հրաժեշտ տալու եւ ապահով ճամբորդութիւն մաղթելու։ Ան մեզի ըսաւ որ Բեթէլին մէջ պիտի ծառայենք։ Այս լուրը լսելով, քիչ մը յուսախաբ եղայ։ Բայց շուտով համակերպեցայ եւ սկսայ սիրել Բեթէլը, ուր զանազան նշանակումներ ունեցայ։ Ամէնէն շատ կը սիրէի որպէս ընդունարար ծառայելը. կը սիրեմ մարդիկը եւ այս գործը ձգեց որ ուղղակի հաղորդակցութիւն ունենամ նիկերիացի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Շատեր կը հասնէին փոշոտած, յոգնած, ծարաւ եւ անօթի։ Շատ հաճելի էր անոնց հոգ տանիլ, որ թարմացած եւ հանգիստ զգան։ Ատիկա սուրբ ծառայութիւն էր Եհովային, ատոր համար գոհունակ եւ ուրախ կը զգայի»։ Իրապէս, մեր իւրաքանչիւր նշանակումը օգնեց որ ծաղկինք։
1961–ին, Թրինիտատի մէջ ընտանեկան հաւաքոյթի մը ընթացքին, եղբայր Պրաուն պատմեց Ափրիկէի մէջ իր վայելած հետաքրքրական փորձառութիւններէն ոմանք։ Ետքը, ես պատմեցի Նիկերիոյ մէջ տեղի ունեցած աճումին մասին։ Եղբայր Պրաուն ջերմութեամբ փաթթուեցաւ ինծի եւ հօրս ըսաւ. «Տեսա՞ր. դուն բնաւ չկրցար Ափրիկէ երթալ, բայց Ուուտուըրթը կրցաւ»։ Հայրս առ ի պատասխան ինծի ըսաւ. «Օ՛ն յառաջ, Ուըրթ, շարունակէ՛»։ Այս հոգեւոր հսկաներուն կողմէ այսպիսի քաջալերութիւն ստանալը ձգեց որ ա՛լ աւելի փափաքիմ ծառայութիւնս լիովին կատարել։
Ուիլիամ Պրաունը (յաճախ կոչուած՝ «Աստուածաշունչ» Պրաուն) եւ իր կինը՝ Անթոնիա, մեծապէս քաջալերեցին մեզ
1962–ին, առանձնաշնորհում ունեցայ յաւելեալ մարզում ստանալու Գաղաադի 37–րդ դասարանին մէջ, որ 10 ամիս տեւեց։ Եղբայր Ուիլֆրէտ Կուչը՝ Նիկերիոյ մասնաճիւղի տեսուչը, 38–րդ դասարանին մասնակցեցաւ եւ Անգլիա նշանակուեցաւ։ Այդ ժամանակ ես ստանձնեցի Նիկերիոյ մասնաճիւղին պատասխանատուութիւնը։ Եղբայր Պրաունին պէս շատ ճամբորդեցի, ինչ որ ձգեց որ աւելի ճանչնամ եւ սիրեմ նիկերիացի եղբայրները։ Թէեւ անոնք չունէին այնպիսի նիւթական բաներ, որոնք աւելի զարգացած երկիրներու մէջ մարդիկ սովորաբար ունին, բայց անոնց ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յստակօրէն փաստեցին, որ իմաստալից կեանքը կախեալ չէ դրամ կամ ստացուածքներ ունենալէ։ Հակառակ անոնց կեանքի պայմաններուն, հրաշալի էր տեսնել թէ ժողովներուն կու գային մաքուր, կոկիկ եւ վայելուչ տեսքով։ Շատեր համաժողովի կ’երթային բեռնակառքով եւ պոլըքէյճայով (բաց կողմերով տեղական պաս)a։ Այս պասերուն վրայ հետաքրքրաշարժ նշանաբաններ գրուած էին, ինչպէս՝ «Ջուրի պզտիկ կաթիլներով ովկիանոս կը գոյանայ»։
Որքա՜ն ճիշդ է այդ նշանաբանը։ Իւրաքանչիւր անհատին ջանքը կարեւոր է. մենք ալ մեր ջանքը ըրինք։ Միացեալ Նահանգներէն զատ, Նիկերիան 1974–ին դարձաւ առաջին երկիրը, որուն հրատարակիչներուն թիւը կտրեց 100,000–ը։ Գործը ծաղկա՛ծ էր։
Մինչ այդ աճումը կը տեսնէինք, Նիկերիոյ քաղաքացիական պատերազմը տեղի ունեցաւ 1967–էն 1970։ Նիկէր գետի կողքին եղող Պիաֆրա շրջանին մէջ, մեր եղբայրներուն կապը մասնաճիւղին հետ ամիսներով կտրուեցաւ։ Պէտք էր անոնց հոգեւոր սնունդ հասցնէինք։ Ինչպէս որ սկիզբը նշեցի, աղօթքով եւ Եհովային վստահելով, քանի մը անգամ գետը կտրեցինք։
Լաւ կը յիշեմ գետը կտրելով մեր ըրած վտանգաւոր ճամբորդութիւնները, որոնց ընթացքին կրնայինք մեր կեանքը կորսնցնել՝ կրակել սիրող զինուորներուն, հիւանդութիւններուն եւ ուրիշ վտանգներու պատճառով։ Արդէն շատ դժուար էր դաշնակցային կասկածամիտ զօրքին մէջէն անցնիլը, բայց ա՛լ աւելի սարսափելի էր հասնիլ գետին միւս ափը, որ ըմբոստներու կողմէ պաշարուած էր։ Առիթով մը, գիշերով Ասապա քաղաքէն Օնիչա քաղաքը անցայ՝ արագընթաց Նիկէր գետը կտրելով, եւ ուղղուեցայ դէպի Ենուկու, որպէսզի հոն եղող տեսուչները քաջալերեմ։ Ուրիշ ճամբորդութիւն մը զօրացուց երէցները Ապայի մէջ, ուր իրիկունը արգիլուած էր լոյս վառել։ Փորթ Հարքըրթի մէջ, հապճեպ աղօթքով փակեցինք ժողովը, երբ դաշնակցային զօրքը ըմբոստներուն վրայ յաղթանակ տանելով սկսաւ քաղաքը մտնել։
Այս հանդիպումները կարեւոր էին, որպէսզի մեր եղբայրները վստահեցնէինք, որ Եհովան զիրենք սիրալիրօրէն կը հոգար, եւ անոնց տայինք չէզոքութեան ու միութեան վերաբերեալ խրատներ, որոնց շատ պէտք ունէին։ Նիկերիացի եղբայրները այս սարսափելի պատերազմին ընթացքին տոկացին։ Անոնք դրսեւորեցին այն սէրը, որ կը գերազանցէ ցեղային ատելութիւնը, եւ պահպանեցին քրիստոնէական միութիւնը։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում էր այդ փորձութեան ատեն անոնց կողքին ըլլալը։
1969–ին, Եանգի Սթատիումին մէջ, Նիւ Եորք, «Խաղաղութիւն երկրի վրայ» բնաբանով միջազգային համաժողովը տեղի ունեցաւ, որուն մէջ եղբայր Միլթըն Ճ. Հէնչըլ ատենապետն էր, եւ ես անոր օգնականը ըլլալով շատ բան սորվեցայ։ Ասիկա ժամանակայարմար էր, քանի որ 1970–ին կազմակերպեցինք «Բարեացակամ մարդիկ» բնաբանով միջազգային համաժողովը Լակոսի մէջ, Նիկերիա։ Այս համաժողովը, որ տեղի ունեցաւ քաղաքացիական պատերազմէն շատ կարճ ժամանակ ետք, յաջողեցաւ միայն Եհովայի օրհնութեամբ։ Ասիկա մասնայատուկ դէպք մըն էր. ներկաները 121,128 հոգի էին եւ յայտագիրը ներկայացուեցաւ 17 լեզուներով։ Համաժողովին ներկայ էին եղբայր Նոր եւ եղբայր Հէնչըլ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներէն եւ Անգլիայէն պատուիրակներ։ Համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ ամենամեծ քրիստոնէական մկրտութիւններէն մէկը Պէնտէկոստէէն ի վեր. 3775 նոր աշակերտներ։ Կը խորհիմ թէ այդ առիթը կազմակերպելը կեանքիս ամէնէն զբաղած ժամանակն էր։ Հրատարակիչներուն թիւը արտասովոր վերելք արձանագրեց։
«Բարեացակամ մարդիկ» բնաբանով միջազգային համաժողովին ներկայ էին 121,128 հոգի, որոնք 17 լեզու կը խօսէին, մէջը ըլլալով իպօ լեզուն
Նիկերիոյ մէջ անցուցի աւելի քան 30 տարի։ Ուրախութեամբ ատեն–ատեն ծառայեցի որպէս շրջագայող տեսուչ եւ գօտիի տեսուչ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։ Միսիոնարները շա՜տ երախտապարտ էին, որ իրենց անձնական ուշադրութիւն եւ քաջալերութիւն կը տրուէր։ Ի՜նչ հաճելի էր զանոնք վստահեցնել որ անտեսուած չեն։ Այս գործը ինծի սորվեցուց, որ եղբայրները եւ քոյրերը անձնական հետաքրքրութեան պէտք ունին, որպէսզի կարենան Եհովային ծառայել եւ կազմակերպութիւնը զօրաւոր ու միացած պահել։
Միայն Եհովայի օգնութեամբ կրցանք գլուխ ելլել քաղաքացիական պատերազմին եւ հիւանդութեան պատճառած խնդիրներուն հետ։ Միշտ կը շօշափէինք Եհովայի օրհնութիւնը։ Օրիս ըսաւ.
«Երկուքս ալ քանի մը անգամ մալարիա ունեցանք։ Անգամ մը, Ուուտուըրթը մարած վիճակի մէջ հասցուցին Լակոսի մէկ հիւանդանոցը։ Ինծի ըսին որ թերեւս ողջ չմնայ, բայց ի՜նչ ուրախալի է որ այդպէս չեղաւ։ Երբ արթնցաւ, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսեցաւ իրեն հոգ տանող հիւանդապահին, որուն անունը Նուամպիուի է։ Ժամանակ մը ետք, Ուուտուըրթին հետ գացի անոր այցելելու եւ փորձեցինք Սուրբ Գիրքին հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը աւելցնել։ Ան ճշմարտութիւնը ընդունեց եւ յետագային Ապայի մէջ երէց եղաւ։ Ես ալ կրցայ շատերու օգնել, նոյնիսկ թունդ իսլամներու, որ իրենց կեանքը Եհովային նուիրեն։ Շա՜տ ուրախացանք ճանչնալով Նիկերիայի ժողովուրդը, անոնց մշակոյթը, սովորութիւնները եւ լեզուն»։
Ատիկա ուրիշ դաս մըն էր. մեր օտարերկրեայ նշանակումին մէջ ծաղկելու համար, պէտք էր եղբայրներն ու քոյրերը սիրէինք՝ որքա՛ն ալ անոնց մշակոյթը մեր մշակոյթէն տարբեր ըլլար։
ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ
Նիկերիոյ Բեթէլի մէջ ծառայելէ ետք, 1987–ին նոր նշանակում ստացանք. Քարայիպեան ծովու գեղեցիկ Սենթ Լուչիա կղզիին վրայ ծառայել որպէս դաշտին մէջ միսիոնարներ։ Շա՜տ հաճելի նշանակում մըն էր, բայց նոր դժուարութիւններ բերաւ։ Ափրիկէին հակառակը, ուր տղամարդը քանի մը կիներու հետ կ’ամուսնանայ, Սենթ Լուչիայի մէջ զոյգ մը միասին կ’ապրին առանց օրինապէս ամուսնանալու։ Աստուծոյ զօրաւոր Խօսքը Աստուածաշունչի մեր աշակերտներէն շատերը մղեց, որ իրենց կեանքին մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընեն։
Մեր ամուսնութեան 68 տարիներուն ընթացքին, միշտ խոր սէր ունեցած եմ Օրիսին հանդէպ
Տեսնելով որ մեր կորովը կը պակսէր տարիքի բերմամբ, 2005–ին Կառավարիչ մարմինը մեզ սիրալիրօրէն փոխադրեց կեդրոնատեղին, Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք, ԱՄՆ։ Ամէն օր տակաւին Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Օրիսին համար։ 2015–ին, թշնամի մահը խլեց անոր կեանքը։ Անկարելի է խօսքերով նկարագրել կորուստի ցաւը։ Ան հոյակապ ընկերակից էր եւ սիրալիր կին՝ բազմաթիւ գեղեցիկ յատկութիւններով։ Միասին ապրած 68 տարիներուն ընթացքին միշտ խոր սէր զգացած եմ անոր հանդէպ։ Ըմբռնեցինք որ թէ՛ ամուսնութեան մէջ եւ թէ ժողովքին մէջ երջանկութեան բանալին է՝ գլխաւորութիւնը յարգել, առատապէս ներել, խոնարհ մնալ եւ հոգիին պտուղը դրսեւորել։
Երբ յուսախաբ ըլլայինք կամ երբ վհատէինք, Եհովային կ’ապաւինէինք, որ օգնէ մեր ծառայութեան մէջ յարատեւելու։ Շարունակ մեր անձին վրայ աշխատելով եւ ճշդումներ ընելով, տեսանք որ ամէն բան երթալով աւելի լաւ կ’ըլլար, իսկ լաւագոյն բաները դեռ պիտի գան (Եսա. 60։17. Բ. Կոր. 13։11)։
Թրինիտատ եւ Թոպակոյի մէջ, Եհովան ծնողքիս եւ ուրիշներու ջանքերը օրհնած է, այնպէս որ ըստ վերջին տեղեկագրութեան՝ 9892 հոգի ճշմարիտ պաշտամունքը որդեգրած են։ Արուպայի մէջ, շատեր ծանր աշխատեցան, որ կերտեն այն առաջին ժողովքը, որուն մաս կազմեցի։ Այժմ հոն 14 ծաղկող ժողովքներ կան։ Նիկերիոյ մէջ, հրատարակիչներուն թիւը եղած է 381,398,– իսկապէս մեծ ամբոխ մը։ Իսկ Սենթ Լուչիա կղզիին վրայ, 783 հոգի Եհովայի Թագաւորութեան թիկունք կը կանգնին։
Հիմա 90–ական տարիքի մէջ եմ։ Սաղմոս 92։14–ը Եհովայի տան մէջ տնկուածներուն մասին կ’ըսէ. «Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, պարարտ ու կանանչ պիտի մնան»։ Շա՜տ շնորհակալ եմ Եհովայէն, որ իր ծառայութեան մէջ ինծի հարուստ կեանք մը տուած է։ Թանկարժէք քրիստոնէական ժառանգութիւնս զիս քաջալերած է Եհովային լիովին ծառայելու։ Ան իր հաւատարիմ սէրը յայտնելով, թոյլ տուած է որ ‘իր սրահներուն մէջ ծաղկիմ’ (Սաղ. 92։13)։
a Տե՛ս Զարթի՛ր–ի 8 մարտ 1972 թիւը, էջ 24-26 (անգլերէն)։