ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Պատուական մարգարիտ»ը գտանք
ՈՒԻՆՍԹԸՆ եւ Փամելա (Փէմ) Փէյն կը ծառայեն Աւստրալասիայի մասնաճիւղին մէջ։ Անոնք միասնաբար ուրախ կեանք վայելած են, թէեւ դժուարութիւններ ունեցած են, ինչպէս՝ տարբեր մշակոյթներու յարմարիլը եւ չծնած մանուկ մը կորսնցնելու ողբերգութիւնը։ Հակառակ ատոնց՝ պահպանած են իրենց սէրը Եհովային եւ իր ժողովուրդին հանդէպ եւ ուրախ մնացած են իրենց ծառայութեան մէջ։ Այս հարցազրոյցին մէջ, անոնցմէ խնդրեցինք իրենց փորձառութիւններէն ոմանք պատմել։
Ուինսթըն, հաճիս, պատմէ Աստուած փնտռելուդ մասին։
Ես մեկուսի ագարակի մը մէջ մեծցայ Քուինզլէնտի մէջ, Աւստրալիա։ Ընտանիքս կրօնասէր չէր։ Որովհետեւ մեկուսի տեղ կ’ապրէինք, ընտանիքէս զատ ուրիշ մարդոց հետ շատ կապ չունէի։ 12 տարեկանիս սկսայ Աստուած փնտռել։ Իրեն աղօթեցի, որ ինծի օգնէ որ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնամ։ Յետագային, ագարակը ձգեցի եւ գործ գտայ Ատըլէյտի մէջ, Հարաւային Աւստրալիա։ Երբ 21 տարեկան էի, արձակուրդի ընթացքին Սիտնիի մէջ, Փէմին ծանօթացայ։ Ան ինծի պատմեց Անգլիա–Իսրայէլ կրօնական շարժումին մասին, որ կը դաւանի թէ բրիտանացիները ծագումով իսրայէլի կորսուած ցեղերէն են։ Շարժումը կը հաւատայ թէ կորսուած ցեղերը հիւսիսային թագաւորութեան տասը ցեղերն են, որոնք Ք.Ա. 8–րդ դարուն աքսորուեցան։ Երբ Ատըլէյտ վերադարձայ, այդ նիւթը բացի գործակիցի մը հետ, որ Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտելու սկսած էր։ Անոր հետ միայն քանի մը ժամ գլխաւորաբար Վկաներուն հաւատալիքներուն մասին խօսելէ ետք, անդրադարձայ թէ պզտիկութեանս աղօթքին պատասխանը կ’առնէի. Ստեղծիչիս եւ իր Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը կը սորվէի։ «Պատուական մարգարիտ»ը գտած էի (Մատ. 13։45, 46)։
Փէմ, դուն ալ պզտիկութենէդ սկսար այդ մարգարիտը փնտռել։ Ինչպէ՞ս զայն գտար։
Ես կրօնասէր ընտանիքի մը մէջ մեծցայ Գոֆս Հարպըրի մէջ, Նիու Սաութ Ուէլզ։ Ծնողքս եւ մեծ հայրս ու մեծ մայրս ընդունեցին Անգլիա–Իսրայէլ կրօնական շարժումին ուսուցումները։ Անոնք զիս, պզտիկ եղբայրս, մեծ քոյրս, եւ մօրաքրոջս զաւակները մեծցուցին սորվեցնելով, թէ Աստուած բրիտանական ծագում ունեցողները կը նախընտրէ։ Սակայն ես ատոր համոզուած չէի եւ Աստուծոյ մօտ չէի զգար։ 14 տարեկանիս, տարբեր եկեղեցիներ յաճախեցի, մէջը ըլլալով՝ անկլիքան, մկրտչական եւ գալստական։ Բայց անոնք ինծի չօգնեցին, որ Աստուած ճանչնամ։
Ետքը, ընտանիքս Սիտնի փոխադրուեցաւ, ուր Ուինսթընին ծանօթացայ, որ արձակուրդի եկած էր։ Ինչպէս Ուինսթըն նշեց, առ ի արդիւնք մեր կրօնական քննարկութիւններուն, ան սկսաւ Վկաներուն հետ սերտել։ Անկէ ետք, ինծի ղրկած նամակներուն մէջ, շատ համարներ կը մէջբերէր։ Խօսքին բացը, սկիզբը մտահոգ էի եւ նոյնիսկ կը բարկանայի։ Բայց աստիճանաբար ըմբռնեցի, որ իր գրածը Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնն է։
1962–ին, Ատըլէյտ փոխադրուեցայ, որ Ուինսթընին աւելի մօտիկ ըլլամ։ Ան կարգադրեց որ ապրիմ Վկայ զոյգի մը՝ Թոմաս եւ Ճենիս Սլոմընին քով, որոնք Բաբուա Նոր Կուինիայի մէջ միսիոնարներ եղած էին։ Անոնք ինծի հանդէպ բացառիկ ազնուութիւն ցուցաբերեցին. ես միայն 18 տարեկան էի եւ մեծապէս օգնեցին, որ Եհովան աւելի ճանչնամ։ Այսպէս, ես ալ սկսայ Սուրբ Գիրքը սերտել եւ շուտով համոզուեցայ որ ճշմարտութիւնը գտած էի։ Ամուսնանալէ ետք, ես եւ Ուինսթընը անմիջապէս ծառայութեան մէջ մխրճուեցանք՝ առատապէս օրհնուելով, ինչ որ՝ հակառակ դժուարութիւններուն, մեր գտած թանկագին մարգարիտին հանդէպ մեր գնահատանքը աւելցուց։
Ուինսթըն, հաճիս, պատմէ Եհովային ծառայութեան մէջ անցուցած առաջին տարիներուդ մասին։
Ա. Շրջանային գործին մէջ մեր ճամբորդութիւններուն քարտէսը
Բ. Կարգ մը կղզիներու դրոշմաթուղթերը։ Քիրիպաթին եւ Թուվալուն նախապէս ճանչցուած էին որպէս՝ Կիլպըրթ եւ Էլիս Կղզիներ
Գ. Գեղեցիկ կղզին՝ Ֆունաֆութին, Թուվալուի մէջ։ Բազմաթիւ կղզիներէն մէկը որ այցելեցինք, առաջ որ հոն միսիոնարներ նշանակուին
Մեր ամուսնանալէն շատ չանցած, Եհովան սկսաւ իր ծառայութեան մէջ յատուկ նշանակումներ տալ մեզի (Ա. Կոր. 16։9)։ Եղբայր Ճէք Փորթըր եւ իր կինը՝ Ռըսլին, մեզ քաջալերեցին որ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլանք։ Եղբայրը մեր պզտիկ ժողովքին շրջանային տեսուչն էր այդ ատեն, իսկ այժմ Աւստրալասիայի Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներ ենք։ Ես եւ Փէմը հինգ տարի ռահվիրայութիւնը վայելեցինք։ 29 տարեկանիս, ես եւ Փէմ նշանակուեցանք շրջանային ծառայութեան Հարաւային Խաղաղական ովկիանոսի կղզիներուն մէջ, որոնց այն ատեն Ֆիճիի մասնաճիւղը հոգ կը տանէր։ Այդ կղզիներն էին՝ Ամերիկեան Սամոա, Սամոա, Քիրիպաթի, Նաուրու, Նիուէ, Թոքելաու, Թոնկա, Թուվալու եւ Վանուաթու։
Այդ օրերուն, աւելի մեկուսի կղզիներուն բնակիչները Եհովայի վկաներէն կը զգուշանային, ուստի պէտք էր ուշադիր եւ խորագէտ ըլլայինք (Մատ. 10։16)։ Ժողովքները պզտիկ էին, եւ ատոնցմէ ոմանք չէին կրնար մեզի մնալու տեղ տրամադրել։ Ատոր համար, գիւղերուն մէջ մարդոցմէ կը խնդրէինք որ իրենց քով կենանք, եւ անոնք միշտ ազնուօրէն կ’ընդունէին մեզ։
Ուինսթըն, դուն խորապէս հետաքրքրուած ես թարգմանչական գործով։ Ի՞նչը այդ հետաքրքրութիւնը շարժեց։
Սամոայի մէջ, երէցներու դպրոցը կը վարեմ
Այն ատեն, Թոնկայի մէջ եղբայրները միայն քանի մը թերթիկ եւ գրքոյկներ ունէին թոնկերէն լեզուով։ Ծառայութեան մէջ, անոնք Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքին անգլերէն հրատարակութիւնը կը գործածէին։ Ուստի, չորս շաբաթ տեւող՝ երէցներու դպրոցի մը ընթացքին, երեք տեղացի երէցներ, որոնք սահմանափակ չափով գիտէին անգլերէն լեզուն, համաձայնեցան գիրքը թարգմանել թոնկերէնի։ Փէմը թարգմանուած նիւթը մեքենագրեց, եւ տպագրութեան համար զայն ուղարկեցինք Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը։ Այս գործը ծայրէ ծայր ութ շաբաթ առաւ։ Թէեւ թարգմանութեան որակը բարձր չէր, բայց գիրքը օգնեց, որ թոնկերէն խօսող բազմաթիւ մարդիկ ճշմարտութիւնը սորվին։ Ես եւ Փէմը թարգմանիչներ չենք, բայց այդ փորձառութիւնը ձգեց որ թարգմանչական գործով հետաքրքրուինք։
Փէմ, կղզիներուն մէջ կեանքը ինչպէ՞ս տարբեր էր Աւստրալիայի կեանքէն։
Շրջանային գործին ատեն մեր մնալու տեղերէն մէկը
Շա՜տ տարբեր էր։ Կարգ մը պարագաներ կը դիմագրաւէինք, ինչպէս՝ անհամար մժղուկներ, սաստիկ տաքութիւն եւ խոնաւութիւն, առնէտներ, հիւանդութիւն եւ ատեններ կերակուրի պակաս։ Միւս կողմէ, իւրաքանչիւր օրուան վերջաւորութեան մեզի հանդարտութիւն կու տար ովկիանոսը դիտելը մեր ֆէյլ–էն,– յարդածածկ տանիքով եւ առանց պատերու փոլինեզիական տան սամոայերէն անուանումը։ Կային գիշերներ, երբ լուսինը վառ լոյս կը սփռէր հնդկընկոյզի ծառերուն վրայ եւ կը շողար ովկիանոսի մակերեսին վրայ։ Թանկարժէք պահեր էին, որոնք մեզ կը մղէին խոկալու եւ աղօթելու, մեր միտքը դրական բաներով լեցնելով։
Սիրեցինք պզտիկները, որոնք ուրախ եւ շատ հետաքրքիր էին, երբ կը տեսնէին մեզ՝ ճերմակամորթ օտարերկրացիներս։ Մինչ Նիուէ կ’այցելէինք, տղեկ մը Ուինսթընին մազոտ թեւը շփեց եւ ըսաւ. «Փետուրներդ աղուոր են»։ Յայտնի էր որ այսքան մազոտ ձեռք բնա՛ւ չէր տեսած եւ չգիտցաւ ինչպէ՛ս նկարագրել։
Ցաւալի էր տեսնել թէ մարդոցմէ շատեր ի՛նչ դժուար պայմաններու մէջ կ’ապրէին։ Անոնք գեղեցիկ բնութեամբ շրջապատուած էին, բայց չունէին բաւարար բժշկական ծառայութիւններ եւ խմելիք ջուր։ Բայց մեր եղբայրները շատ չէին մտահոգուեր. վարժուած էին այդ կեանքին։ Ուրախ էին որ իրենց ընտանիքին հետ էին, պաշտամունքի վայր ունէին եւ Եհովան փառաբանելու առանձնաշնորհումը կը վայելէին։ Անոնց օրինակը օգնեց որ ամենակարեւոր բաներուն վրայ կեդրոնանանք եւ մեր կեանքը պարզ պահենք։
Փէմ, երբեմն ստիպուած էիր անձամբ ջուր բերել եւ լման նոր պարագաներու տակ ճաշ պատրաստել։ Ինչպէ՞ս կրցար այս մէկը ընել։
Թոնկայի մէջ, Փէմը մեր հագուստները կը լուայ
Հօրս պարտական եմ, որ ինծի շատ օգտակար բաներ սորվեցուց, օրինակ՝ ինչպէ՛ս խարոյկ վառել ու ատոր վրայ ուտելիք եփել, նաեւ կարենալ ապրիլ միայն սահմանափակ նիւթական բաներ ունենալով։ Քիրիպաթիին մէջ այցելութեան մը ընթացքին, յարդածածկ տանիքով պզտիկ տունի մը մէջ մնացինք, որ ունէր բստային գետին եւ հնդկեղէգէ շինուած պատեր։ Պարզ ճաշ մը պատրաստելու համար, փոս փորեցի խարոյկ վառելու համար, եւ փոսին մէջ հնդկընկոյզի կեղեւներ դրի որպէս վառելանիւթ։ Իսկ ջուր հայթայթելու համար, ջրհորին առջեւ շարքի կեցայ տեղացի կիներուն հետ։ Որպէսզի ջուր հանէին, 2 մ. երկարութեամբ գաւազան մը կը գործածէին, որուն ծայրը բարակ պարան մը կապուած էր։ Գաւազանը ձկնորսի ձողակը կը յիշեցնէր, բայց կարթին տեղ թիթեղատուփ մը կապուած էր։ Ամէն մէկը իր կարգին պարանը նետեց եւ թիթեղատուփով ջուր քաշեց։ Կարծեցի դիւրին բան մըն է։ Բայց երբ իմ կարգս հասաւ, քանի մը անգամ նետեցի պարանը, եւ ո՛չ մէկ անգամ թիթեղատուփին մէջ ջուր կար։ Ամէնքը շարունակ խնդացին. ետքը կիներէն մէկը ազնուօրէն օգնեց ինծի։ Տեղացիները միշտ պատրաստ էին օգնելու եւ շատ ազնիւ էին։
Երկուքդ ալ սիրեցիք կղզիներուն վրայ ծառայելը։ Կը պատմէ՞ք ձեր յատուկ յիշատակներէն ոմանք։
Ուինսթըն. Քիչ մը ժամանակ առաւ մինչեւ որ վարժուէինք կարգ մը սովորութիւններու։ Օրինակ՝ երբ եղբայրները մեզի ճաշ կը հրամցնէին, սովորաբար մեր առջեւ կը դնէին այդ օրուան ամբողջ ուտելիքը։ Սկիզբը, չէինք գիտեր որ պէտք էր բան մը իրենց համար ձգէինք։ Ուստի անոնց ամբողջ տուածը կ’ուտէինք։ Անշուշտ, երբ գիտցանք թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք, սկսանք ուտելիք ձգել։ Հակառակ մեր սխալներուն, եղբայրները հասկացող էին։ Անոնք շա՜տ ուրախ էին, երբ վեց ամիսը անգամ մը իրենց կ’այցելէինք։ Տեղացի եղբայրներէն զատ, այն ատեն ես եւ Փէմը միակ Վկաներն էինք, որ անոնք տեսած էին։
Նիուէ կղզիին վրայ, խումբ մը ծառայութեան կ’առաջնորդեմ
Նաեւ, մեր այցելութիւնները լաւ վկայութիւն եղան բնակիչներուն։ Գիւղացիներէն շատեր կը կարծէին թէ եղբայրները իրենց կրօնքը իրենք յօրինած էին։ Ուստի, երբ օտար քարոզիչ մը եւ իր կինը եղբայրներուն այցելեցին, տեղացիները գիտցան որ ասիկա իրական կազմակերպութիւն մըն է, եւ տպաւորուեցան։
Փէմ. Իմ ամէնէն սիրած յիշատակս Քիրիպաթիին հետ կապուած է։ Հոն ժողովք մը կար, որուն անդամները շատ քիչ էին։ Միակ երէցը՝ Սինըքայ Մըթերան, իր ամէն կարելին ըրաւ մեզի հոգ տանելու համար։ Օր մը մեզի եկաւ, կողով մը բռնած՝ որուն մէջ միայն մէկ հաւկիթ կար։ «Ասիկա ձեզի համար է», ըսաւ ան։ Հաւկիթը այն ատեն ճոխ հիւրասիրութիւն մըն էր։ Այդ պզտիկ, բայց առատաձեռն արարքը մեր սրտին դպաւ։
Փէմ, տարիներ ետք, չծնած մանուկ մը կորսնցուցիր։ Ի՞նչը քեզի օգնեց որ դիմանաս այդ դժուարութեան։
1973–ին՝ երբ ես եւ Ուինսթըն Հարաւային Խաղաղական ովկիանոսի շրջանն էինք, յղի մնացի։ Աւստրալիա վերադարձանք եւ չորս ամիս ետք մեր մանուկը կորսնցուցինք։ Թէ՛ ես, թէ՛ Ուինսթըն խորապէս ընկճուեցանք։ Ժամանակի ընթացքին, սրտիս կսկիծը երթալէն թեթեւցաւ, բայց ամբողջովին չանցաւ, մինչեւ որ ստացանք Դիտարան–ի 15 ապրիլ 2009 թիւը։ «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը պատասխանեց այս հարցումին. «Արդեօք իր մօր արգանդին մէջ մեռած մանուկի մը համար յարութեան յոյս կա՞յ»։ Յօդուածը մեզ վստահեցուց որ Եհովան պիտի որոշէ այդ պարագային ի՛նչ ընել, եւ ան միշտ շիտակ բանը կ’ընէ։ Եհովան պիտի բուժէ ամէն վէրք, որ այս չար աշխարհին մէջ ապրիլը պատճառած է մեզի, մինչ սիրալիրօրէն իր Որդիին ուղղութիւն կու տայ, որ ‘Սատանային գործերը քանդէ’ (Ա. Յովհ. 3։8)։ Յօդուածը նաեւ մեզի օգնեց որ ա՛լ աւելի գնահատենք, թէ ի՛նչ թանկագին «մարգարիտ» ունինք որպէս Եհովայի ժողովուրդը։ Մեր վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլար առանց Թագաւորութեան յոյսին։
Մեր մանուկը կորսնցնելէ ետք, ետ լիաժամ ծառայութեան սկսանք։ Աւստրալիայի մասնաճիւղին մէջ քանի մը ամիս ծառայելէ ետք, դարձեալ նշանակուեցանք շրջանային գործին։ 1981–ին, Նիու Սաութ Ուէլզի եւ Սիտնիի գիւղական շրջաններուն մէջ չորս տարի ծառայելէ ետք, հրաւիրուեցանք Աւստրալիայի մասնաճիւղը, ինչպէս այն ատեն կը կոչուէր, եւ մինչեւ հիմա այդտեղ կը ծառայենք։
Ուինսթըն, արդեօք Հարաւային Խաղաղական ովկիանոսի կղզիներուն մէջ ունեցած փորձառութիւնդ քեզի օգնա՞ծ է որպէս Աւստրալասիայի Մասնաճիւղի յանձնախումբի մէկ անդամ ծառայելու մէջ։
Այո՛, շատ մը կերպերով։ Նախ, Աւստրալիայի մասնաճիւղէն խնդրուեցաւ Ամերիկեան Սամոայի եւ Սամոայի հոգ տանիլ։ Ետքը, Նոր Զելանտայի մասնաճիւղը միացաւ Աւստրալիայի մասնաճիւղին։ Իսկ այժմ, Աւստրալասիայի մասնաճիւղի թաղամասը կը պարփակէ՝ Ամերիկեան Սամոա եւ Սամոա, Աւստրալիա, Թիմոր–Լեսթէ, Թոնկա, Թոքելաու, Նիուէ, Նոր Զելանտա եւ Քուքի կղզիներ։ Առանձնաշնորհում ունեցած եմ ատոնցմէ շատեր այցելելու որպէս մասնաճիւղի ներկայացուցիչ։ Այդ կղզեբնակ հաւատարիմ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ աշխատիլը շատ օգտակար եղած է, քանի որ այսօր մասնաճիւղէն կը ծառայեմ անոնց։
Ուինսթընը եւ Փէմը Աւստրալասիայի մասնաճիւղին մէջ
Ես եւ Փէմ փորձառաբար գիտենք, որ միայն չափահասները չեն որ Աստուած կը փնտռեն։ Պատանիները նոյնպէս կը փափաքին այդ «պատուական մարգարիտ»ը ունենալ. նոյնիսկ եթէ ընտանիքին միւս անդամները հետաքրքրութիւն չեն ցուցներ (Դ. Թագ. 5։2, 3. Բ. Մն. 34։1-3)։ Եհովան սիրալիր Աստուած է, որ կ’ուզէ որ բոլո՛րը ապրին,– ըլլան պատանի թէ տարեց։
Երբ ես եւ Փէմ սկսանք Աստուած փնտռել աւելի քան 50 տարի առաջ, չէինք գիտեր թէ ինչե՜ր մեզի կը սպասէին։ Անկասկած, Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը անգին մարգարիտ մըն է։ Վճռած ենք այդ թանկագին մարգարիտը մեր ամբողջ ուժով ամուր բռնել։