Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, դեկտեմբեր 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը պիտի վարէ 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը, որ կ’ընդգրկէ նոյեմբեր 1–ով սկսող շաբաթէն մինչեւ դեկտեմբեր 27–ով սկսող շաբաթը ներկայացուած նիւթերը։
1. Ա. Մնացորդաց 16։34–ի մէջ արձանագրուած ղեւտացի երգիչներու փառաբանութեան խօսքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ [դ02 2/1 էջ 9 պարբ. 6-7]
2. Ա. Մնացորդաց 22։8–ը ցոյց կու տա՞յ, թէ Դաւիթի մղած պատերազմները սխալ էին, քանի որ Եհովա չուզեց որ ան Իրեն տուն մը շինէ. բացատրէ։ [it-2 էջ 987 պարբ. 1]
3. Դաւիթ թագաւոր ուզեց որ իր որդին Սողոմոն Աստուծոյ հանդէպ ինչպէ՞ս զգայ (Ա. Մն. 28։9)։ [դ08 10/1 էջ 15 պարբ. 18]
4. Ձուլածոյ ծովուն տակ եզներու նմանութիւններ գործածելը ինչո՞ւ տեղին էր (Բ. Մն. 4։2-4)։ [դ05 12/1 էջ 7 պարբ. 1. դ98 7/1 էջ 10 պարբ. 17]
5. Ուխտին տապանակը միա՞յն երկու տախտակները կը պարունակէր, թէ ոչ՝ այլ իրեր ալ (Բ. Մն. 5։10)։ [w06 1/15 էջ 31]
6. Սողոմոն ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ Եհովայէ խնդրեց որ ‘այս տանը մէջ աղօթք ընող’ ոեւէ անհատի աղաչանքները լսէ (Բ. Մն. 6։21, 32, 33)։ [it-1 էջ 137 պարբ. 1]
7. Բ. Մնացորդաց 13։5–ի մէջ նշուած «աղի ուխտ» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ [դ05 12/1 էջ 7 պարբ. 10. it-2 էջ 842 պարբ. 7]
8. Բ. Մնացորդաց 17։9, 10–ը, սկզբունքով ինչպէ՞ս կրնայ մեր ծառայութեան կիրարկուիլ։ [դ09 6/1 էջ 20 պարբ. 7]
9. Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս Բ. Մնացորդաց 20։17–ի համաձայն պիտի վարուի։ [դ03 6/1 էջ 30-31 պարբ. 14-17]
10. Ոզիա թագաւորին ամբարտաւան արարքէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ (Բ. Մն. 26։15-21)։ [դ99 12/1 էջ 26 պարբ. 1-2]