Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2011–ի ապրիլ 25–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը պիտի վարէ 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը, որ հիմնուած է 2011–ի մարտ 7–ով սկսող շաբաթէն մինչեւ ապրիլ 25–ով սկսող շաբաթը ներկայացուած նիւթերուն վրայ։
1. Ի՞նչ առումով էր որ «երկրին ժողովուրդներէն շատերը Հրեայ եղան» (Եսթ. 8։17)։ [դ06 3/1 էջ 31, պարբ. 3]
2. Ինչո՞ւ Սատանային թոյլատրուեցաւ Եհովայի առջեւ ներկայանալ։ [դ06 4/1 էջ 13, պարբ. 6. it-2 էջ 16, պարբ. 4]
3. Ի՞նչ կը հասկցուի Սատանայի սա հարցումէն. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ» (Յոբ 1։9)։ [դ95 3/1 էջ 18 պարբ. 6]
4. Մեր մէջ ինչո՞ւ վստահութիւն կը կերտուի, երբ կը գիտնանք թէ Եհովան «սրտով իմաստուն եւ ուժով կարող է» (Յոբ 9։4)։ [դ07 6/1 էջ 16 պարբ. 16. it-2 էջ 1190 պարբ. 3]
5. Եղիփազի խօսքը, թէ մարդը «անօրէնութիւնը ջուրի պէս» կը խմէ, ի՞նչ կերպով Սատանայի մտածումը արտացոլացուց (Յոբ 15։16)։ [w10 2/15 էջ 20 պարբ. 1-2]
6. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յոբի ուժգին աղաղակէն, որ արձանագրուած է Յոբ 19։2–ի մէջ։ [w94 10/1 էջ 32 պարբ. 1-5]
7. Ի՞նչ բան Յոբի օգնեց իր ուղղամտութիւնը պահելու (Յոբ 27։5)։ [դ09 4/1 էջ 14 պարբ. 17]
8. Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յոբը, երբ ուրիշներ կարիքի մէջ են (Յոբ 29։12, 13)։ [դ02 6/1 էջ 18 պարբ. 19. դ94 12/1 էջ 31 պարբ. 1]
9. Եղիուսի խրատը ի՞նչ կերպով կը տարբերէր Յոբի միւս երեք բարեկամներուն խրատներէն (Յոբ 33։1, 6)։ [w95 2/15 էջ 29 պարբ. 3]
10. Եհովայի սքանչելի գործերուն վրայ խոկալը մեզի ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ (Յոբ 37։14)։ [դ06 4/1 էջ 16 պարբ. 4]