Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2011–ի յունիս 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը պիտի վարէ 20 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը, որ հիմնուած է 2011–ի մայիս 2–ով սկսող շաբաթէն մինչեւ յունիս 27–ով սկսող շաբաթը ներկայացուած նիւթերուն վրայ։
1. Ի՞նչ դաս կը քաղենք Եհովայի պահանջէն, որ Յոբ իրեն դէմ մեղանչողներուն համար աղօթէր (Յոբ 42։8)։ [w98 8/15 էջ 30 պարբ. 5]
2. Ներկայիս քրիստոնեաներուն մատուցանած «արդարութեան զոհերը» ի՞նչ են (Սաղ. 4։5)։ [դ06 6/1 էջ 10 պարբ. 9]
3. Դաւիթին երիկամունքները ինչպէ՞ս զինք սրբագրեցին (Սաղ. 16։7)։ [դ04 12/1 էջ 22 պարբ. 9]
4. Ինչպէ՞ս է որ «երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ» (Սաղ. 19։1)։ [դ04 10/1 էջ 22 պարբ. 8]
5. Սաղմոս 27։14–ը յոյսի եւ քաջութեան միջեւ ի՞նչ կապ կը թելադրէ [դ06 10/1 էջ 23-24 պարբ. 3, 6]
6. Սաղմոս 37։21–ը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեր եղբայրներուն հետ մեր գործառնութեանց։ [w88 8/15 էջ 17 պարբ. 8]
7. Գնահատութեան վերաբերեալ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ աքսորուած ղեւտացիէ մը (Սաղ. 42։1-3)։ [դ06 6/1 էջ 19 պարբ. 3]
8. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ արդարութեան հանդէպ սէր մշակենք եւ չարութեան հանդէպ՝ ատելութիւն (Սաղ. 45։7)։ [cf էջ 58-59 պարբ. 8-10]
9. Դաւիթ որո՞ւն «կամաւոր հոգի»ն խնդրեց, որ իրեն նեցուկ ըլլայ (Սաղ. 51։12)։ [դ06 6/1 էջ 19 պարբ. 10]
10. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ տան մէջ ձիթենիի պէս ըլլալ (Սաղ. 52։8)։ [դ00 5/15 էջ 29 պարբ. 6]