«Ի՞նչ ժամանակ պէտք է տեղեկագրեմ»
Երբեք դուն քեզի այդ հարցումը ուղղա՞ծ ես։ Ընդհանուր ուղեգիծներ կը գտնենք Կազմակերպուած ենք գիրքին էջ 86-87–ի վրայ։ Յաւելեալ ուղղութիւններ երբեմն կը տրուին, ինչպէս՝ սեպտեմբեր 2008–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին հարցումի տուփին մէջ։ Քանի որ պարագաները կը տարբերին, կանոններու երկար ցանկ մը չէ տրուած մեզի։ Հետեւաբար, յարմար պիտի չըլլայ երէցներուն կամ ուրիշներուն, որ յաւելեալ ուղեգիծներ դնեն։
Եթէ հարցում մը ծագի եւ անոր շուրջ հրատարակուած ուղղութիւն չկայ, իւրաքանչիւր հրատարակիչ կրնայ մտածել. ժամանակը ծառայութեա՞ն մէջ անցուցի, թէ ոչ ուրիշ բան մը ընելու, որ քարոզչութեան մաս չի կազմեր։ Իւրաքանչիւր ամիս ինչ որ կը գրենք մեր դաշտի ծառայութեան տեղեկագրին մէջ, մեզ պէտք է ուրախացնէ եւ խղճի խայթ չպատճառէ (Գործք 23։1)։ Անշուշտ, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք չէ ըլլայ ինչպէ՛ս ժամեր հաշուել, այլ՝ ինչպէ՛ս մեր ժամանակը ազդու կերպով գործածել, ծառայութեան մէջ ջանասէր ըլլալով (Եբ. 6։11)։