Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին 2012–ի օգոստոս 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Նաեւ նշուած է թէ իւրաքանչիւր կէտ ե՛րբ պիտի քննարկուի։
1. Հաւատուրաց Յուդայի առնչութեամբ Եզեկիէլի տեսիլքը ի՞նչ նախապատկերացուց, մեզի ի՞նչ կարեւոր դաս մը ներկայացնելով (Եզեկ. 8։15-17)։ [Յլս. 2, դ07 7/1 էջ 19 պարբ. 6. դ93 4/1 էջ 28-29 պարբ. 7, 12]
2. Ի՞նչ կերպով կրօնական առաջնորդներուն մեծամասնութիւնը կ’ընդօրինակէ Եզեկիէլի օրերու սուտ մարգարէները (Եզեկ. 13։3, 7)։ [Յլս. 9, դ99 10/1 էջ 13 պարբ. 14-15]
3. Եզեկիէլ 17։22-24–ի մարգարէութեան մէջ, ո՞վ է «մատղաշը», ի՞նչ է «բարձր եւ վերացած լեռ»ը, որուն վրայ կը տնկուի, եւ ի՞նչ կերպով «ազնիւ եղեւին» մը պիտի ըլլայ։ [Յլս. 16, դ07 7/1 էջ 18 պարբ. 6]
4. Ըստ Եզեկիէլ 18։2–ի մէջ ակնարկուած առածին, Եզեկիէլի հետ գերի եղողները զորո՞նք կը մեղադրէին իրենց տառապանքին համար, եւ այս արձանագրութենէն ի՞նչ արժէքաւոր դաս կրնանք սորվիլ։ [Յլս. 23, դ88 9/1 էջ 18 պարբ. 10]
5. Եզեկիէլ 21։18-22–ի մէջ արձանագրուած դէպքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ թէ՛ մարդիկը եւ թէ դեւերը չեն կրնար Եհովայի նպատակը փոխել։ [Յլս. 30, դ07 7/1 էջ 20 պարբ. 4]
6. Ինչպէս որ Եզեկիէլ 24։6, 11, 12–ի մէջ արձանագրուած է, կաթսային ժանգը ի՞նչ կը պատկերացնէ, իսկ 14–րդ համարին մէջ ի՞նչ սկզբունք կը գտնենք։ [Օգոս. 6, դ07 7/1 էջ 20 պարբ. 2]
7. Տիւրոս քաղաքի դէմ եղած մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։ [Օգոս. 6, it-1 էջ 70, շրջանակ. si էջ 133 պարբ. 4]
8. Եզեկիէլ 28։2, 12-17–ի մէջ արձանագրուած ո՞ր արտայայտութիւնները կը կիրարկուին թէ՛ «Տիւրոսի թագաւորին» եւ թէ բուն դաւաճանին՝ Սատանային։ [Օգոս. 13, դ05 11/1 էջ 10-11 պարբ. 10-14. it-2 էջ 604 պարբ. 4-5]
9. Եգիպտոս ե՞րբ 40 տարի ամայի եղաւ, եւ հաւատալու ի՞նչ հիմ ունինք թէ այսպիսի ամայութիւն տեղի ունեցաւ (Եզեկ. 29։8-12)։ [Օգոս. 13, դ07 8/1 էջ 6 պարբ. 5]
10. Եզեկիէլ անտարբերութեան, ծաղրանքի եւ ընդառաջումի պակասին հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ, եւ Եհովան ի՞նչ երաշխիք տուաւ իրեն (Եզեկ. 33։31-33)։ [Օգոս. 20, w91 3/15 էջ 17 պարբ. 16-17]