Ներկայացումի նմոյշներ
Դիտարան 1 յունիս
«Մարդոց կ’այցելենք, որպէսզի Սուրբ Գիրքին հանդէպ անոնց հետաքրքրութիւնը արթնցնենք։ Շատեր կը կարծեն որ արդի գիտութիւնը փաստած է թէ Սուրբ Գիրքը ճշգրիտ չէ։ Սուրբ Գիրքին մասին ձեր կարծիքը ի՞նչ է։ Կը կարծէ՞ք թէ անոր կրնանք վստահիլ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Տեսէք այս հետաքրքրական օրինակը, որ ցոյց կու տայ թէ Սուրբ Գիրքը գիտականօրէն ճշգրիտ է։ [Կարդա՛ Յոբ 26։7։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ թէ ինչպէ՛ս գիտութիւնն ու Սուրբ Գիրքը իրարու հետ ներդաշնակ են եւ զիրար կ’ամբողջացնեն»։
Զարթի՛ր յունիս
«Քանի որ շատեր հիւանդութեան դէմ կը պայքարին, մարդոց կ’այցելենք Սուրբ Գիրքէն այս քաջալերական համարը կարդալու։ [Կարդա՛ Եսայի 33։24ա։] Եթէ բնա՛ւ չհիւանդանայինք, ձեր կարծիքով մեր կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մինչեւ որ այս մարգարէութիւնը կատարուի, կան հինգ գլխաւոր կերպեր, որոնցմով կրնանք մեր առողջութիւնը բարելաւել։ Այս պարբերաթերթը այս մէկը կը բացատրէ»։