Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ22 Սեպտեմբեր էջ 13
  • «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքին օգտակար մասերը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքին օգտակար մասերը
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վիտէօներ գործածէ որ Աստուածաշունչի աշակերտներուդ սորվեցնես
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
  • Ինչպէ՞ս դաս վարել «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքով
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Հետաքրքրաշարժ փոփոխութիւններ՝ Դիտարան–ին համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • «Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքը գործածէ ծառայութեան մէջ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2022)
ժտ22 Սեպտեմբեր էջ 13

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին օգտակար մասերը

Կը սիրե՞ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին վիտէօները եւ միտք գրգռող հարցումները գործածել։ Իսկ «Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն», «Աւելի՛ն գիտցիր» եւ «Նպատակակէտ» բաժիններուն մասին ի՞նչ է կարծիքդ։ Ուրիշ ի՞նչ բաներ գործնական կը գտնես, մինչ մէկու մը դասը կը վարես (Մատ. 28։19, 20)։

«Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքը «JW Library» էփին մէջ։ Նշան մը կը ցուցնէ «Մաս 1–ի հրատարակութիւնները»։

Հրատարակութիւնները. Եթէ տպուած գիրքը կը գործածես, ինչպէ՞ս կրնաս բոլոր վիտէօներն ու աղբիւրները նոյն տեղը գտնել։ Գիրքին ելեկտրոնային ձեւին մէջ, զատէ գլխաւոր չորս մասերէն մէկը։ Դասերուն վերնագիրներու ցանկին ամէնէն վարը կը գտնես այդ մասին բոլոր աղբիւրները (տե՛ս նկար 1)։

«Printed Edition» ընտրութիւնը. Եթէ գիրքին ելեկտրոնային ձեւը կը գործածես, թերեւս օգտակար գտնես ատեն–ատեն «Printed Edition» ընտրութիւնը զատել մինչ դաս կը վարես։ Ասիկա ընելու համար, էջին վերը գտնուող երեք կէտերուն վրայ սեղմէ եւ «Printed Edition»ը զատէ։ Ասիկա կրնայ քեզի օգնել որ միտքդ պահես, թէ քննարկուած նիւթը ինչպէ՛ս կապուած է դասին ընդհանուր նիւթին հետ։ Ելեկտրոնային ձեւին դառնալու համար, նորէն սեղմէ երեք կէտերուն վրայ եւ ընտրէ «Digital Edition»ը։

«Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն» գիրքը «JW Library» էփին մէջ։ Երկու նշաններ կը ցուցնեն «Պատրա՞ստ եմ» շրջանակին եւ «Բացատրութիւններ» մասին կոճակները։

«Պատրա՞ստ եմ». Գիրքին վերջաւորութեան գտնուող այս շրջանակները կը ցուցնեն, որ ի՛նչ պահանջուած է որ մէկը քարոզէ եւ մկրտուի (տե՛ս նկար 2)։

Բացատրութիւններ. Ասոնք աւելի մանրամասնօրէն կը բացատրեն կարգ մը կարեւոր նիւթեր։ Գիրքին ելեկտրոնային ձեւին մէջ, ամէն մէկ բացատրութեան վերջաւորութեան կայ կապ մը (link), որ քեզ ետ կը տանի ուր որ դասին մէջ հասած էիր (Տե՛ս նկար 2)։

Յառաջդիմող աշակերտներուդ հետ ամբողջ գիրքը սերտէ, նոյնիսկ եթէ անոնք մկրտուին առաջ որ լման գիրքը սերտեն։ Այս պարագային, դեռ կրնաս հաշուել ժամը, վերայցելութիւնները եւ դասը։ Եթէ հետդ հրատարակիչ մը կայ դասի ժամանակ, ինքն ալ կրնայ ժամը հաշուել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել