Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ21 Հոկտեմբեր էջ 14-17
  • Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վերաշինէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վերաշինէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԵՆ
  • ԴԻՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ, ՈՐՈՆՑ ԿՐՆԱՍ ՀԱՍՆԻԼ
  • ՄԻ՛ ՅԱՆՁՆՈՒԻՐ
  • ‘Երէցները կանչէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Աստուծոյ ողորմութիւնը ընդօրինակենք ներկայիս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Դուն շատ արժէքաւոր ես Եհովային աչքին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Երէցնե՛ր, շարունակեցէք Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
դ21 Հոկտեմբեր էջ 14-17
Եղբայր մը ջախջախուած է, մինչ կը մտածէ պահանջուած ժամանակին եւ ջանքին մասին, որպէսզի իր քանդուած տունը վերաշինէ։

Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վերաշինէ

ԱՄԷՆ տարի, շատ մը թանկագին ոչխարներ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կը վերընդունուին։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ մեծ ‘ուրախութիւն կ’ըլլայ երկինքին մէջ’, երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը վերադառնայ (Ղուկ. 15։7, 10)։ Եթէ դուն ալ վերընդունուած ես, կրնաս վստահ ըլլալ որ Յիսուս, հրեշտակները եւ Եհովան շատ ուրախ են տեսնելով, որ դարձեալ ճշմարտութեան կողմը դիրք բռնեցիր։ Սակայն, մինչ Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ կը վերաշինես, թերեւս դժուարութիւններ ունենաս։ Անոնցմէ ոմանք ի՞նչ են, եւ ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել։

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԵՆ

Շատեր ժողովքին վերադառնալէ ետք ժխտական զգացումներու դէմ կը պայքարին։ Հաւանաբար, Դաւիթ թագաւորին զգացումները կը հասկնաս։ Նոյնիսկ իր մեղքերը ներուելէն ետք, ան ըսաւ. «Անօրէնութիւններ[ս] իմ վրաս ճնշեցին» (Սաղ. 40։12. 65։3)։ Եհովային վերադառնալէ ետք, անհատ մը կրնայ տարիներով յանցաւոր կամ ամօթ զգալ։ Իզապէլ աւելի քան 20 տարի վտարուած էրa։ Ան ըսաւ. «Ինծի համար շատ դժուար էր հաւատալ, որ Եհովան կրնար ինծի ներել»։ Եթէ վհատիս, կրնաս նորէն հոգեւորապէս տկարանալ (Առ. 24։10)։ Ջանք ըրէ, որ այդ մէկը քեզի չպատահի։

Ուրիշներ կը մտահոգուին, որ թերեւս չկարենան պէտք եղած ամէն բան ընել Եհովայի հետ նորէն մտերիմ բարեկամութիւն ունենալու համար։ Վերընդունուելէ ետք, Անթուան ըսաւ. «Զգացի որ մոռցած էի շատ մը բաներ, որ սորված էի կամ կ’ընէի, երբ Վկայ էի»։ Այսպիսի զգացումներու պատճառով, ոմանք թերեւս ետ կենան Եհովայի համար իրենց լաւագոյնը ընելէ։

Օրինակով մը բացատրենք. երբ մէկու մը տունը, որուն շատ կապուած է, կը քանդուի փոթորիկի մը պատճառով, ան կրնայ տակնուվրայ զգալ, երբ մտածէ պահանջուած ժամանակին ու ջանքին մասին, որպէսզի տունը վերաշինէ։ Նոյնպէս, եթէ լուրջ մեղք գործելու պատճառով Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վնասուած է, թերեւս զգաս որ հոգեւորութիւնդ վերականգնելու համար շա՜տ ջանք պէտք է թափես։ Բայց ատիկա մինակդ պիտի չընես։

Եհովան մեզ կը հրաւիրէ. «Եկէք հարցերը շտկենք մեր միջեւ» (Եսա. 1։18, ՆԱ)։ Դուն արդէն շատ ջանք թափած ես, որ ‘հարցերը շտկես’։ Եհովան քեզ կը սիրէ ըրած ջանքերուդ համար։ Մտածէ. որովհետեւ Եհովային վերադարձար, ան կրնայ օրինակովդ փաստել որ Սատանան ստախօս է (Առ. 27։11)։

Այսպէս ընելով, արդէն Եհովային մօտեցած ես եւ ան կը խոստանայ, որ ինքն ալ քեզի պիտի մօտենայ (Յակ. 4։8)։ Բայց չի բաւեր որ ուրիշներ տեսնեն, որ ետ ժողովքին դարձար։ Պէտք է շարունակես սէրդ աւելցնել քու Հօրդ եւ Բարեկամիդ հանդէպ։ Ինչպէ՞ս։

ԴԻՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ, ՈՐՈՆՑ ԿՐՆԱՍ ՀԱՍՆԻԼ

Փորձէ տրամաբանական նպատակակէտեր դնել։ Հաւանաբար, տակաւին կը յիշես Եհովայի եւ իր խոստումներուն մասին հիմնական ուսուցումները։ Բայց պէտք է նորէն հոգեւոր լաւ ռութին ունենաս՝ կանոնաւորաբար քարոզել, ժողովներու երթալ եւ եղբայրներու ու քոյրերու հետ ժամանակ անցընել։ Նկատի առ այս նպատակակէտերը։

Եհովային հետ յաճախ խօսէ։ Հայրդ գիտէ որ միշտ յանցաւոր զգալը կրնայ դժուարացնել, որ իրեն աղօթես (Հռով. 8։26)։ Սակայն ‘ստէպ աղօթքի կեցիր’, Եհովային ըսելով որ շատ կը փափաքիս իր բարեկամութիւնը ունենալ (Հռով. 12։12)։ Անտրէյ կը յիշէ. «Շա՜տ յանցաւոր եւ ամօթ կը զգայի։ Բայց ամէն աղօթքէ ետք, այդ զգացումները կը պակսէին։ Աւելի մտքի խաղաղութիւն ունեցայ»։ Եթէ չես գիտեր ինչի՛ համար աղօթել, նկատի առ զղջացող Դաւիթ թագաւորին աղօթքները, որ գրուած են Սաղմոս 51 եւ 65–ին մէջ։

Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտէ։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ զօրաւոր հաւատք ունենաս եւ Եհովայի հանդէպ սէրդ աճի (Սաղ. 19։7-11)։ Ֆելիբէյ ըսաւ. «Արդէն հոգեւորապէս տկարանալուս եւ Եհովան յուսախաբ ընելուս պատճառը այն էր, որ հոգեւոր ռութին չունէի։ Չէի ուզեր նոյն սխալը երկրորդ անգամ ընել։ Անոր համար, որոշեցի կանոնաւո՛րաբար Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն ընել»։ Դո՛ւն ալ կրնաս նոյնը ընել։ Եթէ դժուարութիւն ունիս սերտողութեան համար նիւթեր զատելու, կրնաս հասուն բարեկամէ մը օգնութիւն խնդրել։

Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ ետ բարեկամութիւն հաստատէ։ Ժողովքին վերադարձողներէն ոմանք մտահոգ կ’ըլլան, թէ ուրիշներ իրենց գէշ աչքով պիտի նային։ Լարիսան ըսաւ. «Շա՜տ ամօթ կը զգայի։ Կը զգայի թէ ժողովքին դաւաճանած էի։ Եւ այս զգացումները երկար ժամանակ հետս մնացին»։ Վստահ եղիր, որ երէցները եւ ուրիշ հասուն քրիստոնեաներ քեզի պիտի օգնեն, որ հոգեւորութիւնդ վերականգնես (տե՛ս «Երէցները ի՞նչ կրնան ընել» շրջանակը)։ Անոնք ուրախ են, որ վերադարձար, եւ կ’ուզեն որ յաջողիս (Առ. 17։17)։

Ինչպէ՞ս կրնաս ժողովքին աւելի մօտիկ ըլլալ։ Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ բոլոր ժողովներուն ներկայ եղիր եւ անոնց հետ կանոնաւորաբար քարոզչութեան մասնակցէ։ Ասիկա ինչպէ՞ս պիտի օգնէ։ Ֆելիքս ըսաւ. «Ժողովքը վերադարձիս կը սպասէր։ Արժեւորուած զգացի։ Բոլորն ալ ինծի օգնեցին, որ զգամ թէ ընտանիքին մէկ մասն եմ ու ներուած եմ, եւ շարունակեմ Եհովային ծառայել» (տե՛ս «Ի՞նչ կրնաս ընել» շրջանակը)։

Ի՞նչ կրնաս ընել

Ետ սկսէ աղօթել, Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն ընել եւ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ ընկերակցիլ

Երէց մը կ’աղօթէ եղբօր մը հետ, որ Եհովային վերադարձած է։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ՅԱՃԱԽ ԽՕՍԷ

Եհովային ըսէ, թէ որչա՜փ կը փափաքիս իր բարեկամը ըլլալ։ Երէցները քեզի համար եւ քեզի հետ պիտի աղօթեն

Երէցը «Եհովայի մօտեցիր» գիրքը գործածելով եղբօր հետ կը սերտէ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐԱԲԱՐ ՍԵՐՏԷ

Շարունակէ հոգեւոր սնունդ առնել, ինչ որ քեզի պիտի օգնէ, որ Եհովայի հանդէպ սէրդ աւելնայ

Եղբայրը կը խօսակցի ժողովքէն եղողներու հետ, հաւաքոյթի մը ընթացքին։

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒԴ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒԴ ՀԵՏ ԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԷ

Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ բոլոր ժողովներուն ներկայ եղիր եւ անոնց հետ կանոնաւորաբար քարոզչութեան մասնակցէ

ՄԻ՛ ՅԱՆՁՆՈՒԻՐ

Սատանան պիտի շարունակէ քու վրադ «փոթորիկներ» ղրկել, փորձելով քեզ տկարացնել, մինչ Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ կը վերաշինես (Ղուկ. 4։13)։ Ատոր պատրաստ եղիր՝ հիմա՛ զօրացնելով հոգեւոր տանդ հիմերը։

Իր ոչխարներուն նկատմամբ Եհովան կը խոստանայ. «Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ եւ կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ» (Եզեկ. 34։16)։ Եհովան անթիւ–անհամար անհատներու օգնած է, որ իրեն հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը վերականգնեն։ Վստահ եղիր որ ան կ’ուզէ քեզի օգնել, որ շարունակես իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրացնել։

Երէցները ի՞նչ կրնան ընել

Երէցը եղբօր կ’օգնէ որ իր քանդուած տունը վերաշինէ։

Երէցները կարեւոր դեր ունին. օգնել վերընդունուած հրատարակիչներուն, որ Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը վերաշինեն։ Տեսնենք թէ անոնք ի՛նչ կրնան ընել վերընդունուածներուն համար։

Վստահեցուցէք զինք։ Պօղոս առաքեալ գիտէր, որ զղջացող մեղաւոր մը կրնար «չափազանց տրտմութենէն ընկղմիլ» կամ յուսահատիլ (Բ. Կոր. 2։7)։ Ան կրնար յաճախ ամօթ զգալ եւ ընկճուիլ։ Պօղոս ժողովքին խրատ տուաւ. ‘Ներեցէ՛ք անոր ու մխիթարեցէ՛ք զինք’։ Վերընդունուած անհատը պէտք ունի վստահ ըլլալու, որ Եհովան եւ իր հաւատակիցները զինք շատ կը սիրեն։ Երբ զինք կանոնաւորաբար գովէք եւ գործնական կերպով օգնէք, ան կրնայ չվհատիլ։

Աղօթեցէք անոր հետ։ «Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի» (Յակ. 5։16)։ Նախապէս յիշուած Լարիսան կ’ըսէ. «Երէցներուն պատմեցի կասկածներուս ու վախերուս մասին։ Անոնք ինծի համար աղօթեցին։ Այն ատեն հասկցայ, որ երէցները ինձմէ բարկացած չէին։ Անոնք կ’ուզէին ինծի օգնել, որ նորէն Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենայի»։ Թիոն կ’ըսէ. «Երէցներուն աղօթքները զիս վստահեցուցին, որ Եհովան իսկապէս զիս կը սիրէ ու մէջս կը տեսնէ լաւ յատկութիւնները, եւ ոչ թէ միայն գէշ յատկութիւնները»։

Բարեկամ եղէք անոր։ Վերընդունուած անհատը ժողովքին մէջ բարեկամներու պէտք ունի։ Ճասթըն անունով երէց մը կ’ըսէ. «Ամէն առիթ գործածեցէք, որ իրեն հետ ծառայէք եւ ամէնէն կարեւորը՝ որ իրեն այցելէք։ Շա՛տ կարեւոր է որ իր բարեկամը ըլլաք»։ Հենրի անունով ուրիշ երէց մը կ’ըսէ. «Եթէ ժողովքին մէջ ուրիշներ տեսնեն, որ երէցները վերընդունուած անհատին հետ բարեկամութիւն կ’ընեն, անոնք ալ պիտի մղուին նոյնը ընելու»։

Օգնեցէ՛ք անոր, որ սերտէ։ Հասուն բարեկամ մը կրնայ վերընդունուած անհատին օգնել, որ սերտելու լաւ ռութին մը ունենայ։ Տարքօ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Կը սիրեմ բաժնել այն հոգեւոր գոհարները, որոնք գտած եմ անձնական ուսումնասիրութեանս ընթացքին, եւ յայտնի կ’ընեմ թէ որքա՜ն հաճոյք կ’առնեմ Սուրբ Գիրքը սերտելով։ Նաեւ կարգադրութիւն կ’ընեմ որ նիւթ մը միասին սերտենք»։ Գլէյթըն անունով ուրիշ երէց մը կ’ըսէ. «Զինք կը քաջալերեմ, որ Սուրբ Գիրքէն գտնէ դէպքեր, որոնք մօտ են իր ունեցած փորձառութեան»։

Լաւ հովիւ եղէք անոր։ Վերընդունուած անհատը երէցները տեսած է որպէս դատաւորներ։ Այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի, ան պէտք ունի զիրենք տեսնելու որպէս հովիւներ (Եր. 23։4)։ Արագ եղէք լսելու մէջ եւ պատրաստ՝ գովելու։ Յաճախ անոր հետ կապի մէջ մտէք։ Մարքըս անունով երէց մը հետեւեալը կ’ընէ հովուական այցելութիւններուն ընթացքին. «Սուրբգրային միտք մը կը բաժնենք, անհատը կը գովենք, եւ կ’ըսենք թէ իրմով հպարտ ենք որ շատ ջանք թափեց ետ գալու համար, եւ թէ Եհովան ալ իրմով հպարտ է։ Ամէն այցելութեան վերջաւորութեան, յաջորդ այցելութեան օրը կ’որոշենք»։

a Այս յօդուածին մէջ անունները փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել