ՍԱՂՄՈՍ
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
130 Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։
2 Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։
Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին։
3 Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս,
Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։
4 Բայց քու քովդ է թողութիւնը,
Որպէս զի քեզմէ վախնան։
5 Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ
Ու անոր խօսքին կը յուսամ։
6 Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի
Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ։
7 Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ,
Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ
Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ։
8 Անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը
Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։