ՍԱՂՄՈՍ
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
13 Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս,
Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինձմէ պիտի ծածկես։
2 Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ,
Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով.
Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։
3 Նայէ՛, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, ու պատասխան տուր ինծի.
Լուսաւորէ՛ իմ աչքերս,
Որպէս զի մահուան քունը չքնանամ։
4 Չըլլայ որ թշնամիս ըսէ թէ՝ «Յաղթեցի անոր»,
Կամ թէ ինծի դէմ կեցողները խնդան իմ սասանելու ատենս։
5 Ես քու ողորմութեանդ յուսացի,
Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։
6 Պիտի երգեմ Տէրոջը,
Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ։