ՍԱՂՄՈՍ
ԻՐԻԿՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Սաղմոս Դաւիթի
141 Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ, շուտով հասիր ինծի.
Ակա՛նջ դիր իմ ձայնիս, երբ քեզի կը կանչեմ։
2 Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ
Եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս։
3 Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս
Ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ։
4 Մի՛ թողուր որ սիրտս չար բանի ետեւէ խոտորի,
Որպէս զի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ գէշ գործեր չընեմ
Ու անոնց համադամ կերակուրներէն չուտեմ։
5 Արդարը թող զիս խրատէ եւ զարնէ ողորմութեամբ,
Բայց անօրէնին իւղը թող չօծէ գլուխս,
Վասն զի անդադար անոնց չարութիւններուն դէմ պիտի աղօթեմ։
6 Երբ անոնց դատաւորները ապառաժներու մէջ ձգուին,
Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, վասն զի քաղցր են։
7 Ինչպէս հերկողը* ու ճեղքողը կը ցրուէ երկրի վրայ,
Այնպէս անոնց ոսկորները գերեզմանին բերանը ցիրուցան եղան.
8 Սակայն, ո՛վ Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպի քեզ են.
Քեզի՛ յուսացի, իմ հոգիս անպաշտպան մի՛ ձգեր։
9 Ինծի համար լարուած որոգայթէն
Ու անօրէնութիւն գործողներուն վարմերէն զիս պահէ։
10 Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան,
Մինչ միայն ես անվնաս պիտի անցնիմ։