Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ա. Թագաւորաց 16
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ա. Թագաւորաց 16։1

Ստորանիշներ

  • *

    16։1 Եբր., տեսայ

Ա. Թագաւորաց 16։2

Ստորանիշներ

  • *

    16։2 Եբր., Ձեռքդ

Ա. Թագաւորաց 16։7

Ստորանիշներ

  • *

    16։7 Եբր., աչքերուն

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2004, էջ 13

    4/1/2003, էջ 8

    7/1/1999, էջ 15-16

Ա. Թագաւորաց 16։10

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/2005, էջ 9

Ա. Թագաւորաց 16։11

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/2005, էջ 9

Ա. Թագաւորաց 16։12

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (հանրամատչելի),

    թիւ 5 2016 էջ 9

Ա. Թագաւորաց 16։13

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (հանրամատչելի),

    թիւ 5 2016 էջ 9

Ա. Թագաւորաց 16։14

Ստորանիշներ

  • *

    16։14 Կամ, զանիկա կը զարհուրեցնէր

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 3/2022, էջ 3

    Դիտարան,

    4/1/2005, էջ 31

Ա. Թագաւորաց 16։16

Ստորանիշներ

  • *

    16։16 Եբր., քեզի աղէկ ըլլայ

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ա. Թագաւորաց 16։1-23

Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ

ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ՕԾՈՒԻ

16 Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ Սաւուղին համար սուգ պիտի ընես, որովհետեւ ես զանիկա մերժեցի, որպէս զի Իսրայէլի վրայ չթագաւորէ։ Եղջիւրդ իւղով լեցուր ու եկուր քեզ Բեթլեհեմացի Յեսսէին ղրկեմ. քանզի անոր որդիներէն մէկը ինծի թագաւոր ընտրեցի*»։ 2 Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչպէս երթամ. եթէ Սաւուղ լսէ, զիս կը մեռցնէ»։ Տէրը ըսաւ. «Քեզի հետ* երինջ մը առ ու ըսէ թէ Տէրոջը զոհ ընելու եկայ 3 Եւ Յեսսէն զոհին հրաւիրէ ու քու ընելու բանդ ես քեզի պիտի հասկցնեմ եւ թագաւոր պիտի օծես այն մարդը, որ քեզի պիտի ցուցնեմ»։

4 Սամուէլ Տէրոջը ըսածը ըրաւ ու Բեթլեհէմ գնաց։ Քաղաքին ծերերը դողալով զանիկա դիմաւորեցին ու ըսին. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։ 5 Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութեամբ. Տէրոջը զոհ ընելու եկայ։ Սրբուեցէ՛ք ու ինծի հետ զոհի եկէ՛ք»։ Եւ Յեսսէն ու անոր որդիները սրբել տուաւ եւ զանոնք զոհի հրաւիրեց։ 6 Երբ անոնք եկան, Եղիաբը տեսնելով ըսաւ. «Իրաւ որ Տէրոջը օծեալը իր առջեւն է»։ 7 Բայց Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոր երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի. որովհետեւ Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին* կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ 8 Յեսսէ Աբինադաբը կանչեց ու զանիկա Սամուէլին առջեւէն անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ. «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։ 9 Յեսսէ Սամաան անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։ 10 Երբ Յեսսէ Սամուէլին առջեւէն իր եօթը որդիները անցուց, Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տէրը ասոնցմէ ոչ մէկը ընտրեց»։ 11 Եւ Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տղաքներդ ա՞յդչափ են»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին ամենէն պզտիկը մնաց։ Ահա անիկա ոչխարները կ’արածէ»։ Ու Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Մարդ ղրկէ ու զանիկա բերել տուր. քանզի մինչեւ որ անիկա հոս չգայ, մենք սեղան պիտի չնստինք»։ 12 Ուստի մարդ ղրկեց ու զանիկա բերել տուաւ։ Անիկա կարմիր էր ու աղուոր աչքեր ունէր ու դէմքն ալ գեղեցիկ էր։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Ելի՛ր, ասիկա օծէ՛, քանզի ասիկա է»։ 13 Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զանիկա օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այն օրէն ետքը Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ։ Սամուէլ ելաւ Ռամա գնաց։

ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

14 Տէրոջը Հոգին Սաւուղէն հեռացաւ ու Տէրոջը կողմանէ չար ոգի մը անոր նեղութիւն կու տար* 15 Եւ Սաւուղին ծառաները անոր ըսին. «Ահա Աստուծոյ կողմանէ չար ոգի մը քեզի նեղութիւն կու տայ. 16 Մեր տէրը իր առջեւ եղող ծառաներուն թող ըսէ, որ աղէկ քնարահար մը փնտռեն, որպէս զի երբ Աստուծոյ կողմանէ այն չար ոգին քու վրադ գայ, անիկա իր ձեռքով քնարը զարնէ ու դուն հանգստանաս*»։ 17 Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Հիմա ինծի աղէկ քնարահար մը գտէ՛ք ու զանիկա ինծի բերէ՛ք»։ 18 Ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա Բեթլեհեմացի Յեսսէին մէկ տղան տեսայ, որ քնար զարնել գիտէ ու անիկա զօրաւոր, պատերազմող, ճարտասան ու գեղեցիկ տեսքով կտրիճ մըն է եւ Տէրը անոր հետ է»։ 19 Սաւուղ Յեսսէին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ոչխարներուն քով գտնուող տղադ՝ Դաւիթը՝ ինծի ղրկէ»։ 20 Եւ Յեսսէ քանի մը հաց, տիկ մը գինի ու այծերէն ուլ մը առնելով՝ իշու վրայ բեռցուց ու զանոնք իր տղուն Դաւիթին ձեռքով Սաւուղին ղրկեց։ 21 Դաւիթ Սաւուղին եկաւ ու անոր առջեւ կեցաւ։ Սաւուղ զանիկա շատ սիրեց ու Դաւիթ անոր կապարճակիրը եղաւ։ 22 Սաւուղ Յեսսէին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Դաւիթ թող իմ քովս կենայ, քանզի անիկա իմ առջեւս շնորհք գտաւ»։ 23 Երբ Աստուծմէ չար ոգին Սաւուղին վրայ գար, Դաւիթ քնարը կ’առնէր ու իր ձեռքով կը զարնէր եւ Սաւուղ կը հանգստանար ու կը զուարճանար եւ չար ոգին անոր վրայէն կ’երթար։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել