ՍԱՂՄՈՍ
ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
61 Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղաղակս
Ու մտիկ ըրէ՛ իմ աղօթքիս։
2 Երկրի ծայրէն քեզի պիտի կանչեմ՝ սրտիս մարելու ատենը,
Դէպի ինձմէ բարձր եղած վէմը առաջնորդէ՛ զիս։
3 Վասն զի դուն ինծի ապաւէն եղար,
Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։
4 Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան.
Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ։ (Սէլա։)
5 Վասն զի դուն՝ ո՛վ Աստուած՝ լսեցիր իմ ուխտերս.
Քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը ինծի տուիր։
6 Թագաւորին օրերուն վրայ օրեր պիտի աւելցնես.
Անոր տարիները ազգէ մինչեւ ազգ թող տեւեն։
7 Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ պիտի նստի։
Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պիտի պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։
8 Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան,
Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։