Հաղորդակցութիւնը կը նմանի այն կամուրջին, որ ձեզ կապուած կը պահէ ձեր զաւակներուն հետ
ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
5 Հաղորդակցիլ
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
Իսկական հաղորդակցութիւն կը նշանակէ՝ դուն եւ զաւակներդ իրարու կ’արտայայտէք ձեր մտածումներն ու զգացումները։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
Մասնաւորաբար պատանիներուն հետ հաղորդակցիլը կրնայ դժուար ըլլալ։ Ժամանակին, դիւրութեամբ կրնայիր զաւակիդ սրտին դուռը բանալով ներս մտնել։ Բայց հիմա ստիպուած ես դուրսը կայնիլ եւ դուռին նայելով սպասել։ Ատեններ, որքա՛ն ալ զարնես, դուռը բացող չ’ըլլար։ Ամէնէն շատ այս պարագային է որ զաւակդ խօսելու պէտք կ’ունենայ, հակառակ որ կը թուի թէ չ’ուզեր խօսիլ։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ
Յարմարէ զաւակիդ։ Անո՛ր ուզած ժամանակին խօսէ իրեն հետ, նոյնիսկ եթէ ուշ գիշեր ըլլայ։
«Ատեններ մէջէդ զաւակիդ կ’ըսես. ‘Հի՞մա եկեր ես խօսելու։ Լման օրը հետդ էի’։ Բայց ինչո՞ւ գանգատինք, եթէ մեր զաւակները կ’ուզեն իրենց սիրտը բանալ մեզի։ Ասիկա ամէն ծնողքի ուզածը չէ՞» (Լիսա)։
«Ես կը սիրեմ քնանալ, բայց կրնամ ըսել որ պատանի զաւակներուս հետ ամէնէն լաւ խօսակցութիւններէս ոմանք ունեցած եմ կէս գիշերէն ետք» (Հերպերթ)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10։24)։
Ուրիշ բաներով մի՛ տարուիր։ Հայր մը կը խոստովանի. «Երբեմն, մինչ զաւակներս հետս կը խօսին, խելքս ուրիշ տեղ կ’ըլլայ, բայց անոնք կը զգան. . . իրենց վրայ չի քալեր»։
Եթէ ասիկա քեզի ալ կը պատահի, մարէ հեռատեսիլը, հեռաձայնդ կամ որեւէ ուրիշ բան, որ ուշադրութիւնդ կը շեղէ։ Կեդրոնացիր զաւակիդ ըսածին վրայ եւ ուշի ուշով մտիկ ըրէ իր մտահոգութիւնը, որքա՛ն ալ աննշան երեւի։
«Պէտք է մեր զաւակները վստահեցնենք, որ իրենց զգացումները կարեւոր են մեզի համար։ Եթէ անոնք ասոր համոզուած չըլլան, իրենց մտահոգութիւնները իրենց մէջ պիտի պահեն կամ ալ ուրիշէ՛ն օգնութիւն պիտի խնդրեն» (Մըրանտա)։
«Զօրաւոր կերպով մի՛ հակազդեր, նոյնիսկ եթէ զաւակդ շատ սխալ կերպով կը մտածէ» (Էնթընի)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք» (Ղուկաս 8։18)։
Առօրեայ գործունէութիւններու ատեն ալ խօսէ։ Ատեններ, զաւակները իրենց մէջինը կը պարպեն, երբ երես–երեսի նստած չեն ըլլար իրենց ծնողքին հետ։
«Երբ ինքնաշարժով միասին տեղ կ’երթանք, առիթը կ’օգտագործենք որ խօսինք։ Ինքնաշարժին մէջ քով–քովի կ’ըլլանք եւ ոչ թէ դէմ–դիմաց, եւ ասիկա ձգած է որ լաւ խօսակցութիւններ ունենանք» (Նիքոլ)։
Ճաշի ատենն ալ կրնաս անպաշտօն կերպով խօսիլ զաւակներուդ հետ։
«Ընթրիքի ժամանակ, ամէն մէկս կը պատմէ թէ ի՛նչ է ամէնէն գէշ բանը եւ ի՛նչ է ամենալաւ բանը, որոնք իրեն պատահեցան օրուան ընթացքին։ Ասիկա մեզ իրարու կը միացնէ եւ այն զգացումը կու տայ, որ մենք ձեռք–ձեռքի կրնանք պայքարիլ մեր խնդիրներուն դէմ» (Ռապըն)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու [մէջ]» (Յակոբոս 1։19)։